ՀՕՄ-ի «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը նշեցին ՀՕՄ-ի օրը
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւն, հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Հայկօ Նահապետեանի, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Աննա Պուլկարեանի, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեանի եւ անդամներուն, ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ուհիներու, համակիրներու, բարերարներու եւ նուիրատուներու հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկը բացուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը անցնող տարուան ընթացքին երկու մասնաճիւղերէն մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ուհիներուն:
Օրուան հանդիսավար Արազ Եաղճեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ ըսելով. «Հաւաքուած ենք այսօր, միասնաբար նշելու ՀՕՄ-ի օրը, միաժամանակ յիշելու այս տարեշրջանին երկու մասնաճիւղերուն տարած ծաւալուն գործունէութիւնը, գնահատելու անդամներուն նուիրումը, ինչպէս նաեւ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ ամրապնդելու ՀՕՄ-ի ծառայութեան ոգին։ Այս տարի եւս ազգովին ապրեցանք շատ դժուար օրեր, ըլլայ այդ Արցախի կորուստը եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը, հայրենիքի ապահովութիւնն ու ջաւախահայութեան գոյատեւմնան խոչընդոտները: Այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի եւ Լաւալի մասնաճիւղերը կազմակերպեցին մարդասիրական օժանդակութեան զանազան ծրագիրներ եւ կը շարունակեն անյապաղ գործել՝ լաւագոյն ձեւով հասնելու հայ ժողովուրդի բազմատեսակ պէտքերու գոհացման»: Ապա ան ներկայացուց օրուան նախագահ Հայկօ Նահապետեանի հակիրճ կենսագրականը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց անոր՝ ՀՕՄ-ի օրուան նախագահութիւնը ստանձնելուն առթիւ:
Անկէ ետք ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ Հուրի Զաքարեան եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Հատիտեան ներկայացուցին զոյգ մասնաճիւղերուն 2023-2024 տարիներուն գործունէութեան զեկոյցը, զանոնք ցոլացնող նկարներու ցուցադրութեամբ: Անոնք անդրադարձան մասնաճիւղերուն ընկերային, դաստիարակչական, քարոզչական, մշակութային, մարդասիրական, կրթական եւ տնտեսական մարզերէն ներս ծաւալած ձեռնարկութեանց: Անոնք զեկոյցը աւարտեցին ըսելով. «Հայ Օգնութեան Միութեան անդամներ ըլլալ կը նշանակէ հասնիլ հայութեան, ուր որ անհարժեշտ է, ուր որ ալ ըլլայ՝ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։ Միութեանս միակ նպատակն է մեր ազգի զաւակներուն տալ հոգեկան, նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն»: Ապա զոյգ մասնաճիւղերուն եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետներուն ձեռամբ, Սուրբ Յակոբ Ազգ. վարժարանի տարեկան յատկացումները յանձնուեցան Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը՝ երկու պարով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւն: 15-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Արփի Պալուզեան, Էլօ Տէր Մելքոնեան, Վալերին Յարութիւնեան եւ Ժանէթ Թումայեան, իսկ Լաւալէն՝ Անելկա Աշճեան, ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետներուն: 25-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Վերօնիք Պաշբեհլիւան, Ծովինար Շահինեան, Մովսէս Քէօսէեան, Անահիտ Թադներեան, իսկ Լաւալէն՝ Սիլվա Էհրամճեան, Մարինա Տէր Խաչատուրեան, Հուրի Պետրոսեան եւ Մարօ Թորամանեան, ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետներուն: 35-ամեայ զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Ալին Հաճէթեան, Նաթալի Հաճէթեան, Նայիրի Մանուկ, Սեդա Դանիէլեան, Վարդի Դանիէլեան, Անի Եաղըճեան, Լենա Քէօսէեան, Լենա Փափազեան, իսկ Լաւալէն՝ Սիւզի Պոյամեան, Լենա Խաչերեան, Ալպերա Սիուֆի եւ Նուարդ Թորոսեան, ձեռամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ Աստղիկ Խաշընձեանի եւ Վալերին Յարութիւնեանի: 50-ամեայ ծառայութեան զարդասեղներ ստացան Մոնթրէալէն՝ Աննա Պուլկարեան, Նեքթար Տէր Ղազարեան, Անի Գույումճեան, Սոնա Լիպարեան, Սեդա Մալխասեան, Անի Սարգիսեան եւ Անի Պէնօհանեան, որոնց կենսագրականները կարդացուելէն ետք իրենց փոխանցուեցան նաեւ գնահատագիրներ, ձեռամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Գանատայի Շրջանի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի:
Օրուան հանդիսավարին կողմէ ներկայացուեցաւ օրուան պատգամաբեր Սոնիա Սանան Քիլէճեան՝ գլխաւոր խմբագիր Համազգայինի պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական պարբերականին: Քիլէճեան անդրադառնալով ՀՕՄ-ի ծառայասէր ու մարդասէր գործունէութեան ըսաւ. «Այս օրհնաբեր ձեռքերու ծառայասիրութիւնը կամ ծառայութիւնը, որ «Մարդուն մէջ աստուածային պատկերը կը վերականգնէ» Արամ Ա. վեհափառի բառերով, ոչ միայն մարդը կը մօտեցնէ Աստուծոյ, այսինքն` Աստուծոյ ընդմէջէն բարիի եւ ճշմարիտի կերպարին ու ետ կը մղէ զինք չարագործութենէ, բացասականութենէ, մեծամտութենէ, այլ առաջին հերթին կը վերանորոգէ եւ կը վերակենդանացնէ անհատին մէջ պահուըտած եսը, կը բանայ այդ եսը դէպի ուրիշը, միւսը, այլը, կը միացնէ մարդը` մարդուն, եւ ամենակարեւորը, ամենաէականը` կը շաղկապէ մարդը մարդկայինին, ու այդ շաղկապումին, միացումին մէջ է, որ կը ծլին եւ կը ծաղկին անհատին ձգտումը՝ դէպի համամարդակային արժէքներ ու զանոնք իւրացնելու, սկզբունքի վերածելու եւ տարածելու մղումը»:
Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց ազգային արժէքներու պահպանումը ըսելով. «Որպէս կամաւոր աշխատանքի ջահակիրներ, ըլլանք նաեւ հայերէնը տարածող եւ ապրեցնող կամաւորներ, առանց կասկածի ու երկմտանքի, առանց թերահաւատութեան, կամաւորաբար ինչպէս վերը նշեցի, մեր զաւակները առաջնորդելով դէպի մայրենիին անդաստանը, դէպի հայկական վարժարան, Հայ կեդրոն, որպէսզի Օգնութեան Միութեան “Հայ”ը արժանաւորապէս արժեւորենք, լեզուն եւ մեր ազգը որբ չձգելու ու անկէ որբ չմնալու կամաւոր որոշումով», ապա ան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Անշուշտ, մեր միութենական բոլոր յանձնառութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները գործի վերածելու եւ իմաստաւորելու համար հարկ է նաեւ որդեգրել մասնագիտական մօտեցում, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ քննական միտքը, միջոցը` տրամաբանական մտածողութիւնը, ուսումնասիրող, պրպտող, զննող, պատճառաբանող անհատականութիւնը, որ նաեւ կը մերժէ “մէկը չնեղացնեմ”ի սկզբունքով առաջնորդուող եւ նախապաշարումներով քարացած կարծրատիպերը, բարեկամին, ծանօթին հաճոյակատար դառնալու խեղճ անհատականութիւնները եւ ինքնասէր ու շահադիտական ծրագիրներ ու որոշումներ հետապնդողները»:
Անկէ ետք բեմ հրաւիրուեցան զոյգ մասնաճիւղերուն նորագիր անդամները Մոնթրէալէն՝ Թալին Մելիք, Քամի Ունանեան, Սանան Տարագճեան, Թամարա Տէր Պետրոսեան, Վանէ Տիմիթեան, Ալիք Մարգարեան, Քաթիա Մարգարեան, Սեդա Թիւֆէնքճեան եւ Էմմա Թիւթիւնճեան, իսկ Լաւալէն՝ Սիլվա Թութիկեան, Կարին Գասապեան, Ալիք Հատիտեան, Թալին Տամիրճեան, Թամար Կէօտէլէքեան, Լիզա Գարաճեան եւ Արեգ Գուշեան, կատարելու ՀՕՄ-ի երդման արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեանի:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հանդիսավարին շնորհակալական խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Սոնա թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի
Comments are closed.