ՀՕՄ-ի «Սօսէ» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը նշեցին «Կանանց Միջազգային Օր»ը
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, կ․ա․ ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ-«Կամք»ի «Հայկ Մարգարեան» մարզարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան տօնակատարութիւնը, նախագահութեամբ ընկհ․ Նոյեմի Եաղճեանի։
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ․ Արմինէ Կարապետեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ․ Լուսին Փալանճեան եւ վարչական անդամներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ․ Զաքար Քէշիշեան, Գանատայի խորհրդարանի անդամ տիկ․ Միշէլ Սեթլաքուէ, Լաւալի Րենաուդ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընկհ․ Սեդա Թոփուզեան Գուշեան, Մոնթրէալի Ցոտե-դե-Լիեսսե շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընկհ․ Վանա Նազարեան Եափուճեան, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի ընկեր-ընկերուհիներ եւ բարեկամներ։
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի հանդիսավար ընկհ․ Կարին Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա, անդրադարձաւ Մարտ 8-ին, որ արդէն 49-րդ տարին է, որ կը նշուի որպէս «Կանանց Միջազգային Օր», լոյս սփռելով պատմութեան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին կանանց արձանագրած նուաճումներուն եւ անոնց դրսեւորած աննկուն կամքի արտայայտութիւններուն վրայ։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը 2024 տարին հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի», եւ ՀՕՄ-ը գիտակցելով անոր կարեւորութեան, ճիգ չի խնայեր ներգրաւելու երիտասարդ տարրեր, անոնց վստահելով զանազան պաշտօններ եւ այս միջոցով արժեւորելով իրենց արդիական գործելակերպը եւ ներդրումը։
Ընկհ․ Կարին Գասապեան, իր բացման խօսքի աւարտին, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եկած են ապացուցելու իրենց յանձնառութիւնը՝ ՀՕՄ-ի գործունէութեան նկատմամբ, եւ շնորհաւորեց բոլոր ջանասէր հայուհիներուն տօնը։
Ապա, օրուան հանդիսավար ընկերուհին, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան տօնակատարութեան պատգամաբեր ընկհ․ Անի Թորիկեան Պապիկեանի կենսագրականը։
Բանախօս ընկերուհին, առաջին հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի զոյգ մասնա-ճիւղերու վարչութիւններուն, որոնք այս ձեռնարկին ընդմէջէն, իր մտածումները ներկաներուն հետ բաժնելու առիթը ստեղծեցին։ Ան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ը եւ բոլոր ներկաները «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առթիւ եւ այս օրը յարմար նկատեց ո՛չ միայն գնահատելու կիները՝ իրենց ձեռքբերած նուաճումներուն համար, այլ նաեւ անդրադառնալու այն կարեւոր եւ եզակի պարտականութիւններուն, որ մանաւանդ հայ կիները ստանձնած են եւ պիտի շարունակեն ստանձնել իրենք իրենց անձին հանդէպ, ինչպէս նաեւ իրենց ընտանիքներուն, կազմակերպութիւններուն, ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ, միաժամանակ դիմագրաւելով նորօրեայ այլազան մարտահրաւէրներ։
Մեկնակէտ ունենալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի 2024 տարուան համար Հայրապետական Կոնդակին բովանդակութիւնը, ընկհ․ Անի Թորիկեան Պապիկեան մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն նկատեց, ապահովելու համար մեր կազմակերպութիւններուն գոյատեւումը, ընդգծելով որ հարկաւոր է գրաւել մարդուժի նոր որակ եւ պատրաստել նոր մարդուժ։ Ապա, ընկերուհին անդրադարձաւ կեանքի պայմաններու բերումով, ազատ եւ տրամադրելի ժամերու նուազումի երեւոյթին, որուն իբրեւ արդիւնք միութենական գործունէութեան համար տրամադրելի մարդուժը պակսած է․ ընկերուհին թուեց նաեւ այդ նուազումի պատճառները։
Շարունակելով իր խօսքը, օրուան պատգամաբերը ընդգծեց այն երեք հանգրուանները, որոնք կարեւոր են մարդուժի պատրաստութեան համար․ ծրագրում, պահպանում եւ զարգացում, առանձնաբար մանրամասնելով իւրաքանչիւր հանգրուան։
Իր խօսքի վերջին բաժնով եւ մարդուժի պատրաստութեան յաջողութիւնը ապահովելու համար, ընկհ․ Անի ներկայացուց տասնաբանեայ ցանկ մը, նշելով հայկական այն առածը որ կ’ըսէ․ «Աշխատանքը կը գեղեցկացնէ մարդը», միաժամանակ աւելցնելով․ «Իսկ կամաւոր աշխատանքը՝ առաւել եւս», եւ ներկաներուն կոչ ուղղեց յայտարարելով․ «Եկէ՛ք, առանց վարանելու, միասնաբար գործի լծուինք»։
Սոյն ձեռնարկին ընթացքին, գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Քեպէգի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը, ներկայացնելով «Ուզուն տարա» եւ «Եարխուշտա» պարերը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պրն․ Լեւոն Արապեանի։
Ինչպէս վերը յիշեցինք, այս տօնակատարութիւնը կը վայելէր ընկհ․ Նոյեմի Եաղճեանի նախագահութիւնը։ Հանդիսավար ընկերուհին ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ընկհ․ Նոյեմիի կենսագրական գիծերը, ապա օրուան նախագահուհին բեմ բարձրանալով ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ընդգծելով որ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան լաւագոյն ներկայացուցիչը ՀՕՄ-ն է, որ իր կարգին առիթ տուաւ հայ կնոջ զարգանալու։ Ընկերուհին յաջողութիւն մաղթեց այս մեծ կազմակերպութեան աշխատանքներուն, որ կը շարունակէ ներշնչել հայ կինը։
«Կանանց Միջազգային Օր»ուան միացեալ ձեռնարկի ատենապետ ընկհ․ Լիւսի Շահինեան գեղեցիկ ծաղկեփունջեր նուիրելով, իր շնորհակալութիւնը արտայայտեց պատգամաբեր ընկերուհիին եւ օրուան նախագահուհիին։
Ամէն տարի, «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առթիւ, Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերը աւանդութիւն դարձուցած են պատուել արժանաւոր հայուհիներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ։ Այս տարի որոշած են պատուել երեք անձնաւորութիւններ, որոնց վաստակը կը դրոշմուի ո՛չ միայն մեր, այլ նոյնիսկ Գանատայի եւ Սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ իր անդրադաձը կ’ունենայ հայ եւ օտար շրջանակներու մէջ՝ աշխարհի չորս ծագերուն։
Ընկհ․ Անի Թաշճեան բեմ բարձրանալով, յաջորդաբար յայտարարեց երեք ՀՕՄ-ուհիներու անունները՝ Սիլվա Էհրամճեան Պաշըգճեան, Թամար Շահինեան Փօլատեան եւ Լալէ Մանճիկեան Եափուճեան եւ առանձնաբար ներկայացուց իւրաքանչիւր ընկերուհիի մանրամասն կենսագրութիւնը։ Ապա, զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետուհիները ընկերուհիներուն յանձնեցին գնահատանքի յուշանուէրներ։ Երեք ընկերուհիները, իրենց կարգին, յուզումնախառն զգացումներով, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ներկաներուն, իրենց շնորհակալական արտայայտութիւնները ներկայացնելով նաեւ զոյգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ մասնաւորաբար՝ Հայ Օգնութեան Միութեան։
Ձեռնարկի աւարտին, միացեալ յանձնախումբի ատենապետ ընկհ․ Լիւսի Շահինեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք քաջալերեցին այս ձեռնարկը եւ իրենց ներկայութեամբ օգտակար հանդիսացան անոր յաջողութեան։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահուհի ընկհ․ Նոյեմի Եաղճեանին եւ պատգամաբեր ընկհ․ Անի Թորիկեան Պապիկեանին, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, գեղարուեստական բաժնի մասնակիցներուն, թեքնիք բաժնի պատասխանատուներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անսակարկ նուիրումով սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան։
«Կանանց Միջազգային Օր»ուան սրահի գեղեցիկ զարդարանքը, հրամցուած ճոխ ճաշատեսակները ու անոնց ներկայացման ձեւը, եւ ընդհանուր առմամբ ձեռնարկի կազմակերպական բաժինը, անվերապահօրէն նպաստեցին սոյն տօնակատարութեան բարեյաջող ընթացքին։ Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութեամբ օգտակար հանդիսացան նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ահաւասիկ գնահատելի առիթ մը եւս, որ յաջողեցաւ մէկտեղել մեծ թիւով ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի աշխատանքները քաջալերող բարեկամներ, գոհունակութեան եւ ոգեւորութեան պահեր ստեղծել ներկաներուն մօտ եւ հաստատել, որ հայկական իրականութեան մէջ, ՀՕՄ-ը իր բազմակողմանի գործունէութեամբ, առիթը կու տայ հայ կնոջ իր ամբողջական ներդրումը ունենալու ազգային, միջազգային եւ պետական մակարդակներու վրայ։
Գոհար Թորիկեան Գարակէօզեան
Comments are closed.