ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» Ծրագիրը
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը հիանալի գաղափարը յղացած է, հայրենի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրով տուներ նորոգելու եւ յստակ պայմաններով յանձնելու զանոնք Արցախհայ բռնագաղթուած գիւղացի ընտանիքներու։ Այս ծրագիրը նպատակ ունի արցախահայ գիւղացին հայրենի հողին կառչած պահելու, որպէսզի ան չարտագաղթէ օտար երկիրներ։
Բնակարանային այս ծրագիրը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ յատկապէս սփիւռքահայ գաղութներէն ներս, որոնք իրենց աջակցութիւնը չեն զլանար անոր յաջողութեան մէջ։ Գործանական ընթացք ստացած յուսադրող այս ծրագրի առաջին տունը արդէն իսկ պատրաստած է Գիւմրիի մօտակայ Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ շուտով պիտի յանձնուի արցախահայ բազմանդամ ընտանիքի մր։
Այս ծրագրի աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու նպատակով Երեքշաբթի, 16 Յուլիս 2024-ին, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ. Զոյա Քոչարեան, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ ընկհ. Մարօ Քէշիշեան եւ ընկհ. Հռիփսիմէ Նահապետեան այցելեցին ակնարկուած տունը եւ մեծ գոհունակութեամբ ականատես եաղան անոր վերջին աշխատանքներուն։ Ապա, ՀՕՄուհիները այցելեցին, դարձեալ Ախուրիկի մէջ երկու ընանիքներու համար պատրաստուող այլ բնակարանին, որ նաեւ շուտով յանձնումի պատրաստ պիտի ըլլայ։
Այնուհետեւ, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը այցելեց մի քանի արցախահայ ընտանիքներ եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կենցաղային պայմաններուն։
ՀՕՄուհիներու վերջին հանգրուանը եղաւ Շիրակի մարզի Ղարիբջանեան գիւղը, որուն վարչական ղեկավար պրն Մարզպետի ըներակցութեամբ ծանօթացան ծախու տան մը մանրամասնութիւններուն, որ շատ դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկուքի վերածել եւ երկու բռնագաղթուած արցախահայ ընտանիքի օգտակար հանդիսանալ։
Հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը վերադարձաւ տուն, այն հաստատ համոզումով, որ
ՀՕՄը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան մեծ ոգեւորութեամբ պիտի շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» իր կարգախօսով։
Comments are closed.