ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը սննդեղէնի ծրարներ կը բաշխէ հայ տարեցներուն
Համաճարակի ներկայ կացութեան հետեւանքով, Քեպէգ նահանգի կառավարութիւնը նպաստներ կը տրամադրէ այն բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որունք ժողովուրդի կարիքներուն օգնութեան կը փութան: Այս ծիրէն ներս, ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը 2000 տոլար արժողութեամբ նպաստ ստացաւ Սէն Լորան ընտրատարածքի դաշնակցային երեսփոխան տիկ. Մարուա Րըզքի գրասենեակէն: Տիկ. Մարուա Րըզքի անձամբ յանձնեց նպաստի գումարը ՀՕՄի վարչութեան անդամ ընկհ. Թամար Եաղճեանին:
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղը անմիջապէս աշխատանքի լծուեցաւ եւ հարկ եղած գնումները կատարեց՝ պատրաստելու սննդեղէնի ծրարներ, որոնք բաշխուեցան Manoir Gouin-ի եւ Manoir Saint Moritz-ի տարեցներու համալիրներու հայ բնակիչներուն: Սննդեղէնի ծրարները պիտի բաժնուին նաեւ ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի «Տաք ճաշ» ծրագրի երէցներուն, որոնք կ’ապրին առանձին: