ՀՕՄ–ի Հայաստանի Միաւորը Հարստացաւ Հարթաւանի Նոր Մասնաճիւղով

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ իր սեմինար-հանդիպումները հայրենի մարզերուն մէջ գործող ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերուն հետ: Վերջերս իրականացուեցաւ այցելութիւն մը Արագածոտնի մարզ` գլխաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի, անդամներ` Զոյա Քոչարեանի, Կարինէ Տատայեանի, Սիլվա Եուզպաշեանի եւ Զեփիւռ Կիրակոսեանի:

Աշտարակի Հայ կեդրոնին մէջ եւս տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն մասնակցեցան ՀՕՄ-ի Աշտարակի, Ապարանի, Քուչակի, Թալինի եւ Հարթաւանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:

Առաջին հերթին Մարօ Քէշիշեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ստեղծման պատճառներուն եւ հետապնդած նպատակներուն, ներկայացուց կառոյցին մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները, անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի կառոյցին, կանոնագրի գլխաւոր կէտերուն եւ քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութեան:

Ապա, ներկաներուն հետ ծանօթանալէ ետք, Զոյա Քոչարեան խօսեցաւ վարչութեան քարտուղարի պարտականութիւններուն, ատենագրութիւններու ձեւին եւ կարեւորութեան մասին: Իսկ Կարինէ Տատայեան ներկայացուց գանձապահի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները, հաշիւներու պահպանման ձեւն ու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Սիլվա Եուզպաշեանն ու Զեփիւռ Կիրակոսեանը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Չորս ընկերուհիներ, կնքամայրութեամբ Կարինէ Տատայեանի, ուխտեցին ծառայել իրենց ազգին ու հայրենիքին` ՀՕՄ-ի շարքերը անդամագրուելու միջոցով: ՀՕՄ-ի Թալին մասնաճիւղին միացաւ Սվեթլանա Թադէոսեանը, իսկ Գոհար Քէյեանը, Անահիտ Գեղամեանը եւ Տիանա Բարսեղեանը միացան իրենց շրջանի հաստատուած ուխտեալ ՀՕՄ-ուհիներու խումբին` պաշտօնապէս հիմք դնելով ՀՕՄ-ի Հարթաւանի մասնաճիւղին, որ արդիւնքն էր նախաձեռնող խումբի ջանքերուն:

27 մայիսին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ժամադրավայրը Տաւուշի մարզն էր: Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ այցելութիւն ՀՕՄ-ի Դիլիջանի ճամբար եւ ՀՕՄ-ուհիները ծանօթացան ճամբարի ընդհանուր վիճակին եւ համոզուեցան, որ բնութեան գեղեցկութեան մէջ այս հմայիչ վայրը կարելի է վերածել երիտասարդներու համար յարմարաւէտ ճամբարի, իսկ տարեցներու համար` հանգստեան դղեակի:

Այնուհետեւ այցելեցին Իջեւանի Հայ կեդրոն, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցան Տաւուշի մարզի մէջ գործող ՀՕՄ-ի Իջեւանի, Նոյեմբերեանի, Դիլիջանի եւ Բերդի մասնաճիւղի անդամներուն հետ:

Պահի կարեւորութենէն դրդուած` այս մտերմիկ հանդիպումը վերածուեցաւ սեմինարի, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշէան ներկայացուց ՀՕՄ-ի հակիրճ պատմութիւնը, մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները, ՀՕՄ-ի հետապնդած նպատակները, անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի կառոյցին, գործելաոճին եւ յատկապէս ընդգծեց ՀՕՄ-ի քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը:

Կարինէ Տատայեան ներկայացուց գանձապահի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները, հաշիւներու պահպանման ձեւն ու կարեւորութիւնը: Զոյա Քոչարեան խօսեցաւ վարչութեան քարտուղարի պարտականութիւններուն, ատենագրութիւններուն պատրաստման ձեւին եւ զանոնք իբրեւ արխիւ պահպանելու կարեւորութեան մասին:

Այնուհետեւ ներկաներուն իրենց սրտի խօսքը յղեցին` Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Վեհանուշ Մարգարեանը, անդամներ Ռուզանա Նահապետեանը եւ Լուսինէ Մուքոյեանը: Խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած, համաձայնութիւն յառաջացաւ,  իբրեւ առաջին համագործակցութիւն, սկսելու ՀՕՄ-ի Գիւմրիի եւ Իջեւանի մասնաճիւղերուն միջեւ` փոխադարձ այցելութեամբ: Խօսք արտասանեց շրջանին մէջ գտնուող ՀՕՄ-ի Ամմանի շրջանի անդամներէն Գլարա Մեծյակոբեանը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ բացատրեց շրջանին համար իր տարած ՀՕՄ-ական գործունէութեան մասին:

Այնուհետեւ մասնաճիւղերը յաջորդաբար զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն, դժուարութիւններուն եւ յաջողութիւններուն մասին: Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, որոնք իրենց այցելութեամբ ոչ միայն կարեւորուած զգացին, այլ նաեւ աշխուժ գործունէութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Շահեկան այս հանդիպումը եզրափակուեցաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ` դարձեալ հանդիպելու, նորանոր աշխատանքներ ձեռնարկելու եւ իրենց համայնքներու հետ յաւելեալ լայն գոծունէութիւն ծաւալելու հաստատակամութեամբ:

Comments are closed.