ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղը նշեց ՀՕՄ-ի օրն ու Մայրերու տօնը
378
0
ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ՀՕՄ-ի օրուան եւ Մայրերու տօնի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 2։15-ին։
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Արցախեան պատերազմի նահատակներուն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ուհիներուն։
Օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց Հայ կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առթիւ, որակելով զանոնք ընտանիքի բուրաւէտ ծաղիկն ու գանձը իրենց զաւակներուն: Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Սեւան Ճուլհայեան, որ ասմունքեց իր գրիչին պատկանող «Մայր» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք բեմ բարձրացան «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները, որոնք ելոյթ ունեցան ասմունքով եւ պարով:
Օրուան բանախօսն էր մասնաճիւղիս վարչութեան անդամ Վերա Թիթիզեան, որուն բանախօսութեան թեման էր «Սերունդներու զօրութիւնը՝ սփիւտքահայ մօր եւ ՀՕՄ-ի մնայուն առաքելութիւնը»: Ան նախ անդրադարձաւ սփիւռքահայ մօր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, զորս գաղթի պատճառով կը դիմագրաւէ հայ մայրը: Ան նշեց լեզուական, մշակութային, աշխատանքային, նիւթական, ուսումնական, դաստիարակչական, խտրականութեան եւ ընտանիքի բաժանման հարցերն ու անոնց ազդեցութիւնը, որոնք դիմագրաւելու համար հայ մայրը եւ յատկապէս ՀՕՄ-ուհին կը դրսեւորէ զօրաւոր կամք, արիութիւն եւ զոհաբերութեան ոգի:
Թիթիզեան իր բանախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ ներկայացուց կարգ մը գործնական միջոցներ՝ օտար զօրաւոր հոսանքները դիմակայելու. «Լեզուի պահպանումը կարեւորագոյն ազդակն է հայ մնալու. հարկ է հայերէն խօսիլ տան մէջ, սորվեցնել կարդալ, պատմել, հպարտ զգալ հայերէն խօսելով՝ տունը, Հայ կեդրոնէն ներս եւ Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ: Ապա Մշակոյթի պահպանումման ի խնդիր պէտք է մեր զաւակները ուղղենք դէպի հայ դպրոց, հայ մշակութային միութիւններ, որպէսզի ունենան հայ ընկերներ եւ հայ միջավայր» ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Հարկ է կապ հաստատել Հայաստանի հետ եւ ուսումնասիրել հայոց պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշել մեր տօնական առիթները, աւանդութիւնները եւ հայկական ճաշերը: Յոյժ կարեւոր է նաեւ հայկական մեր ինքնութեան ճանաչումը, մեր քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային եւ մշակութային սկզբունքներու պահպանումը»: Բանախօսը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Վերջապէս, հայ մայրը ինք պիտի ըլլայ իտէալն ու օրինակը իր զաւակներուն, սորվեցնէ պատասխանատուութեան եւ պատկանելիութեան կարեւորութիւնը»:
Սագօ Քեսապլեանի «Գիշեր, ցերեկ» երգի մեկնաբանութենէն ետք, խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան, որ ըսաւ. «Հայ Օգնութեան Միութիւնը եղած է եւ պիտի մնայ նպատակասլաց միութիւն մը, միշտ հաւատարիմ իր նպատակներուն՝ պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդին: 1910-էն՝ իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր, ՀՕՄ-ը 27 տարբեր երկիրներու մէջ, իր 220 մասնաճիւղերով, 14,000-է աւելի հաշուող կամաւոր անդամներով աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մըն է: Զինուորական կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած, միշտ եղած է “Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար” նշանաբանով առաջնորդուող կազմակերպութիւն»:
Ան անդրադառնալով մասնաճիւղիս գործունէութեան ըսաւ. «ՀՕՄ-ի Գեմպրիճի “Մեղրի” մասնաճիւղը կարեւոր անդամ մըն է ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, որպէս առաջին մասնաճիւղերէն մէկը Գանատայի տարածքին: Իր ժրաջան ու աշխոյժ անդամներով մասնաճիւղին նպատակը միշտ եղած է պահել ու պահպանել հայ լեզուն ու հայ մշակոյթը: Ան մեծ դեր կը կատարէ հայախօս սերունդներ պատրաստելու աշխատանքին մէջ, որուն ամէնէն խօսուն փաստը ՀՕՄ-ի «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներն են, որոնց ելոյթը միասնաբար վայելեցինք այսօր»: Միսիրեան հակիրճ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը, ապա շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն տօնն ու ՀՕՄ-ուհիները՝ ՀՕՄ-ի օրուան առթիւ:
Անոր յաջորդեց նորագիր երեք անդամներու՝ Լիւսի Դանիէլեանի, Մարիա Աղպաշեանի եւ Սերենա Պէտուրեանի երդման արարողութիւնը, կնքամայրութեամբ Յասմիկ Հանէշեանի։
Մասնաճիւղէս երիցագոյն երեք ընկերուհիներ՝ Անահիտ Ասատուրեան, Արշալոյս Այանեան եւ Գնար Քէլեան, իրենց երկարատեւ ծառայութեան եւ նուիրումին համար յուշանուէրով պարգեւատրուեցան, ձեռամբ մասնաճիւղիս վարչութեան անդամ Սեդա Դաւիթեանի:
Տեղի ունեցաւ միութեան ջահի փոխանցում՝ երէց անդամ Անահիտ Ասատուրեանէն կրտսերագոյն նոր երդուեալ անդամ Սերենա Պէտուրեանին, որմէ ետք երէց եւ նորուխտեալ անդամներ, մասնաճիւղիս վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ հատեցին կարկանդակը։
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղիս վարչութեան ատենապետ Մարալ Պէտուրեան, որմէ ետք Քանի Թիթիզեան գնահատական խօսք եւ առողջութեան մաղթանքներ փոխանցեց Մարկօ Թագուշեանին, որ իր կարգին ձայնագրութեամբ փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ զոյգ տօներուն առթիւ, ըսելով. «Մայր ըլլալը պարտաւորութիւն է, հայ մայր ըլլալը՝ կրկնակի պարտաւորութիւն, իսկ ՀՕՄ-ուհի հայ մայր ըլլալը կ’ենթադրէ մեծ զոհողութիւններ: Եկէք միասնաբար, ձեռք ձեռքի տալով քալենք դէպի առաջ»:
Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքն ու «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը:
Սալբի Քէլէշեան
Comments are closed.