ՀՕՄի Յայտարարութիւնը

Կրկնելով 2020 թուի 44-օրեայ անակնկալ յարձակումը Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, Սեպտեմբեր 12, 2022ին, ազերի զինեալ ուժերը սկսան ռմբակոծել Հայաստանի հարաւային շրջանի Գորիս, Ջերմուկ, Վարդենիս ու Սոտք բնակավայրերը: Այս երկու յանկարծական յարձակումներուն ընթացքին թշնամի ուժերը անխտիր թիրախաւորեցին թէ զինուորական եւ թէ քաղաքական վայրերը, կոտորելով բազմաթիւ անմեղ բնակիչներ իրենց քանդուած տուներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու գործատեղիներուն մէջ:

Անցեալ տասնամեակներու ընթացքին, իրենց պատմական հողերու վրայ ապրող հայ խաղաղ բնակչութիւններու դէմ ի գործ դրուած նմանօրինակ ցեղասպանական արարքներու շարանը — սկսեալ 1915 թուի օսմանեան կայսրութեան համաթուրանական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ ի գործ դրուած անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութենէն – ունի միակ ու յատուկ նպատակՄԻԱՆԳԱՄ ԸՆԴՄԻՇՏ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ : Ներկայ շարունակականօրէն աճող տարագիր հայ այրերու, որբերու, տնազուրկ ընտանիքներու եւ հաշմանդամ մարտիկներու թիւը կը հաստատէ այս ողբերգական իրավիճակի ահաւոր իրականութիւնը:

Իր 112 Տարիներու մարդասիրական աշխատանքներու ընթացքին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը գործունեայ անդամ ՄԱԿի ECOSOC Յանձնաժողովին` բազմաթիւ անգամ շտապեր է օգնութեան հասնիլ պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ ցաւալիօրէն մարդկային արարքներու անպաշտպան զոհերուն:

Սոյն յայտարարութեամբ, ՀՕՄը կը դիմէ բոլոր քաղաքակիրթ ազգերու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, եւ սրտցաւ անհատներու, որ մէկ կողմ դնելով քաղաքական իւրայատուկ շահերն ու միտումները, գործնականօրէն զօրավիգ կանգնին Համամարդկային Արդարութեան ու Խաղաղութեան անյետաձգելի ու յաճախ անտեսուած անմիջական կարիքներուն, միաժամանակ խնդրելով որ արդար դիրքաւորումով դատապարտեն վայրագ ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դէմ:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.