Հրանդ Տինքի Սպանութեան 14-րդ Տարելից. Կարօ Փայլան. «Կը Շարունակենք Պայքարիլ` Երազներդ Իրականացնելու Համար»
2011
0
19 յունուարը կը զուգադիպի պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին: Այս տարի անոր սպանութեան 14-րդ տարելիցն է:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարեց Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ տարելիցին առիթով:
«14 տարի անցաւ Աղբարի՛կ… Շատ ջանք թափեցինք, սակայն չկրցանք պատասխանատուութեան ենթարկել անոնք, որոնք «սպաննե՛լ» ըսին: Այն խաւարը, որ քեզ խլեց մեզմէ, կը շարունակէ ոճրագործել: Բայց մենք կը շարունակենք պայքարիլ` երազներդ իրականացնելու համար», գրեց Փայլան: