«Հրանդին եւ էտուար Մարտինեան, Ստեփան Հ. Կ. Վարվառեան, եւ Արաքսի Աւետիս Չաքըճեան» հիմնադրամ

Սուրբ Յակոբ Վարժարանի աշակերտներուն տրամադրուած կրթանպաստի աղբիւրներէն մէկն է «ՀՐԱՆԴԻՆ ԵՒ ԷՏՈՒԱՐ ՄԱՐՏԻՆԵԱՆ, ՍՏԵՓԱՆ Հ. Կ. ՎԱՐՎԱՌԵԱՆ, ԵՒ ԱՐԱՔՍԻ ԱՒԵՏԻՍ ՉԱՔԸՃԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄը, որ ստեղծուած է 2021-ին Շանթ եւ Քրիսթին Թոպիի կողմէ՝ օժանդակելու կարօտեալ աշակերտներու կրթաթոշակներու վճարման, Ստեփան Վարվառեանի կտակէն ստացուած՝ 1,200,000$-ի դրամագլխու շահարկումով։

Ստեփան Վարվառեան տէր էր կալուածներու, ինչպէս նաեւ՝ տպարանի մը։ Ամուսնացած էր Արաքսի Չաքըճեանին հետ՝ առաջին կնոջ Հրանդինի մահէն քանի մը տարիներ ետք։ Արաքսին կաշիէ մեծաքանակ ու փոքրաքանակ կօշիկներու ու պայու-սակներու վաճառատուն ունէր։ Անոնք հարստութիւն դիզած էին առեւտրական իրենց գործառնութիւններով։

Քանի Ստեփան Վարվառեանն ու Արաքսի Չաքըճեանը զաւակներով չեն բախ-տաւորուած, միշտ փափաքած են օժանդակել մանուկներու։ 2021-ին, մահկանացուն կնքելէ առաջ, Ստեփան խնդրած է Շանթ ու Քրիսթին Թոպիէն որոշել, թէ ի՞նչ է լաւագոյն ձեւը այդ փափաքը իրականացնելու։ Շանթ եւ Քրիսթին առաջարկած են Քեպէքի մէջ ստեղծել հիմնադրամ մը, որ նիւթապէս նպաստէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի կարօտեալ աշակերտներուն։ Արաքսի Չաքըճեան, Շանթ եւ Քրիսթին ճիգ չեն խնայած 1,200,000$-ի դրամագլուխը փոխանցել նորահաստատ հիմնադրամի հաշուին. յաջողութիւն մը որ բաւական դժուար ապահովուած է։

Հիմնադրամի վարչութիւնը, Արաքսի Չաքըճեան, Շանթ եւ Քրիսթին Թոպի կը յուսան, որ հիմնադրամի դրամագլխու շահարկման տարեկան հասոյթը՝ Սուրբ Յակոբ Վարժարանի կրթանպաստին յատկացուելով, պիտի օժանդակէ աշակերտներու թիւի աճին եւ վարժարանը պիտի դարձընէ Մեծն Մոնթրէալի հայ աշակերտներու առաջին ընտրութիւնը։

Հիմնադրամի դրամագլուխը արհեստավարժօրէն կը շահարկուի՝ առաւելագոյն կատարողութիւն եւ յաւելեալ մուտքի փոխանցումներ ապահովելու համար վարժարանին։

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Comments are closed.