Հրաժարի՞նք
278
0
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
– Հրաժարեցէ՛ք…
Այսպէս կը հրահանգեն մեզի մեր թշնամիներն ու անոնց կամակատար գործակալները։
– Հրաժարեցէ՛ք Հայ դատէն, հրաժարեցէ՛ք ձեր Հայրենիքէն, հրաժարեցէ՛ք ձեր Հայրենիքը սիրելէն։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հրաժարիլ Հայ դատէն։
Մոռնալ 1915-ը, դադրիլ զայն ամեն տարի վերյիշելէ, անտեսել մեր մարդկային, հողային ու մշակութային անչափելի կորուստը, հաշտուիլ այդ կորուստին հետ, համակերպիլ մեզ աշխարհի երեսէն ի սպառ ջնջելու այդ ահաւոր ոճիրին հետ։
Ընդունիլ, որ ցեղասպանութիւն չէ՛ գործուած մեր դէմ, ո՛չ 1915-ի նախորդ բազում տասնամեակներուն, ոչ անկէ մինչեւ 1923, ոչ ալ անկէ ետք՝ 1988-ին, մինչեւ անգամ 2023-ին։ Պարզապէս չտեսնել կործանումը մեր պատմամշակութային հազարաւոր կոթողներուն՝ ըլլա՚յ Արեմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքին՝ 1915-էն ետք, ըլլա՛յ Նախիջեւանի ու Արցախի տարածքին՝ Ի. եւ ԻԱ. դարերուն։
Քար առ քար քանդե՛լ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը, ցուցօն առ ցուցօն պարպե՛լ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանը, պարպել, փճացնել, որ ոչինչ մնայ, ոչի՛նչ յիշեցնէ անմարդկայնութեան այդ սեւ թուականները՝ ոչ մեզի, ոչ ալ աշխարհին։
Բայց քանդելիք, փճացնելիք, անհետացնելիք ուրիշ անհամար ինչե՜ր կան աշխարհի՚ տարածքին, որպէսզի չյիշուին մեր արմատները, մոռցուին մեր արժէքները։
Քանդել Սփիւռքի եկեղեցիները, որոնք մեզ մեր հայու հաւատքին ամրացուած կը պահեն, փակել մեր դպրոցները, որոնք մեզ մեր արմատներուն կառչած կը պահեն, շղթայ դնել դռներուն մեր կեդրոններուն, որոնք մեր պատկանելութեան զգացումը վառ կը պահեն, որ այլեւս քով-քովի չգանք ու չզգանք այդ պատկանելութիւնը։
Հրոյ ճարակ ընել մեր գրադարաններու գիրքերը, պատռել ու աղբը թափել մեր թերթերու հաւաքածոները, դադրեցնել մեր մամուլի բոլոր հրապարակումները։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հրաժարիլ մեր Հայրենիքէն։
Յայտարարել, որ ան գոյութիւն չունի, չէ՛ ունեցած երբեք։ Սրբագրել բոլոր քարտէզները, ուր երեւցած է մեր Հայրենիքը դարէ-դար, այդ քարտէզներէն հանել-սրբել բոլոր անունները, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչութիւն մը ունեցած են մեր հետ, փոխել մեր երկրի քաղաքներուն, աւաններուն, գիւղերուն թէ փողոցներուն հայկական անունները, ընդհուպ մինչեւ երկրին անունը, բոլոր գիրքերէն պատռել-հանել այն էջերը, ուր մեր երկրի անունն է յիշուած, ուր մեր պատմութիւնը կամ մեր պատմութիւնէն թէկուզ դրուագ մըն է գրուած։ Հերքել, թէ որեւէ քաղաքակրթութիւն ենք կերտած այդ հողերուն վրայ։
Յայտարարել, թէ որեւէ պահանջ չունինք անոնց նկատմամբ։ Անոնք մերը չե՛ն եղած երբեք։
Կը նշանակէ նաեւ քանդել, նոյնպէս քար առ քար քանդել Սարդարապատի՛ յուշարձանը, նոյնպէս ցուցօն առ ցուցօն պարպել Սարդարապատի՛ թանգարանը, մոռցնել ամբողջ այն արիւնը, որ թափած ենք փոքրիկ կտոր մը այս հողը փրկելու համար, եւ մոռցնել այն ամբողջ քրտինքը, որ թափած ենք այդ փոքրիկ հողին վրայ երկի՛ր կերտելու համար։
Եւ կը նշանակէ մանաւանդ այրել Մատենադարանը, իր ձեռագրային անգնահատելի բոլոր գանձերով, քանի որ մեր ինքնութեան վկայութիւնն ու յուշօնները կը հանդիսանան այդ ձեռագիրները։ Եւ ջարդուփշուր ընենք անոր առջեւ բազմած Մաշտոցի արձանը։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ հրաժարիլ մեր Հայրենիքը սիրելէն։
Կը նշանակէ չերթալ, չհաստատուիլ այնտեղ լիովին թէ մասնակի, դուրսը՝ չտառապիլ անոր կարօտով, չայցելել հոն որպէս մեզի հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող հողատարածք, դադրիլ որեւէ նիւթական թէ բարոյական օժանդակութիւն հայթայթելէ անոր, չհետաքրքրուիլ անոր առօրեայով, չունկնդրել անոր ձայնասփիւռը, չդիտել անոր պատկերասփիւռը, չքաջալերել անոր արուեստագէտները։
Կը նշանակէ մանաւանդ մաս չկազմել հայկական որեւէ կազմակերպութեան, ոչ մէկ վայրկեան յատկացնել մեր Հայրենիքի հարցերը քննարկելու, անոր վիճակը բարելաւելու կամ որեւէ ձեւով անոր օժանդակելու համար։
Վերջ տալ մեր կուսակցութիւններու գոյութեան, վերջ տալ հայապահպանման որեւէ նախաձեռնութեան։
Մէկ խօսքով՝ վերջ տալ մեր ինքնութեան։ Վերջակէտ։
Հրաժարի՛նք Հայ դատէն, հրաժարի՛նք մեր Հայրենիքէն, հրաժարի՛նք մեր Հայրենիքը սիրելէն։
Սփիւռքի մէջ ըսենք մեր զաւակներուն՝ գացէ՛ք, խառնուեցէք տեղւոյն ժողովուրդներուն մէջ, մոռցէ՛ք ինչ որ կ՚ըսէինք ձեզի մինչեւ հիմա, ալ երբեք մի՛ խօսիք այս լեզուն, փոխեցէք ձեր անուններն ալ, մականուններն ալ, որպէսզի որեւէ կասկած չմնայ, որ նզովեալ ազգի մը մաս կը կազմէիք։ Հայաստանի մէջ ալ նոյն իմաստով ըսենք մեր զաւակներուն՝ գացէք բոյն դրէք այս նզովեալ երկրէն դուրս ո՛ւր որ կ՚ուզէք։ Ահա այն ատեն կ՚ապրիք խաղաղ ու երջանիկ…
Կ՚ապրիք խաղաղ ու երջանիկ՝ դրախտանմա՜ն այս աշխարհի վրայ…
Այս աշխարհի, որ ամեն ճիգ կ՚ընէ, որ յարգուին մարդկային իրաւունքները, իւրաքանչիւր ազգի, իւրաքանչիւր համայնքի, իւրաքանչիւր մարդո՛ւ՝ հիմնական իրաւունքները մարդո՜ւ պէս ապրելու, առանց անանցանելի սահմաններո՜ւ, անհակակշռելի սահմանափակումներո՜ւ…
Այո՛, ըսէ՛ք, հրաժարի՞նք։
Կրնա՞նք հրաժարիլ։
Իսկ եթէ մե՛նք չենք հրաժարիր, չե՛նք կրնար հրաժարիլ, իրաւո՛ւնքը չունինք հրաժարելու, ապա կենսական կարիքը կայ ուրի՛շ հրաժարականներու, գէթ մէկ ուրիշի՛ արդէն այնքա՜ն յապաղած հրաժարականին։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Comments are closed.