«Հորիզոն»ի 2019 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրի գործակատարն է Յովիկ Կէտիկեան

Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական գրասենակին կողմէ տրամադրուած յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը չորրորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր (Internship Program)։

«Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղուած 16 Ապրիլ 2019 թուակիր նամակով մը, Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի կը յայտնէր, թէ նախարարութիւնը գնահատելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, վերստին կը հովանաւորէ ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։ Վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը ներառուած է նախարարուհի Ժոլիի Ահունցիք-Գարթէրվիլ ընտրատարածքի «Գանատայի ամառնային աշխատանքներ» ենթածրագրին մէջ։

2019 թուականի ուսանողական վարժողական ծրագրին համար դիմում կատարած թեկնածուներէն մոնթրէալահայ ուսանող Յովիկ Կէտիկեան ընտրուեցաւ ծրագրի գործակատար։

Ծրագրի գործակատարը «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի կատարէ թարգմանութիւններ, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ եւ հարցախոյզներ, ինչպէս նաեւ թերթի վարչական բաժանմունքին մէջ պիտի դասաւորէ «Հորիզոն»ի 40-ամեայ արխիւները։

Յովիկ Կէտիկեան նախակրթարանի իր ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգ. Սահակեան վարժարանէն, միջնակարգը՝ Լիբանանի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. Գոլէճէն, իսկ երկրորդականը՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանէն։ Իբրեւ մարզիկ մրցումներու մասնակցած է ՀՄԸՄ-ի Մոնթրէալի կրտսերներու ոտնագնդակի կազմին հետ։ Անդամ է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ներկայիս կը յաճախէ Մոնթրէալի Մոմորանսի Գոլէճը։

Նշենք, որ 2016-ին, 2017-ին եւ 2018-ին Գանատայի Ժառանգութեան նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարները եղած են Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներ Արին Տիմիթեանը, Կորիւն Գոյունեանը եւ Վազգէն Գարագաշեանը, որոնք 6 շաբաթներու վրայ երկարող ծրագրի ընթացքին աշխատեցան «Հորիզոն»ի խմբագրական եւ վարչական բաժանմունքներուն մէջ եւ կարեւոր ներդրում ունեցան արխիւագրելու «Հորիզոն»ի 40 տարիներու թիւերը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.