Հովուական Այցելութիւն Ի Պասրա

Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ  Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան 27-29 հոկտեմբերին հովուական այցելութիւն տուաւ Պասրա` ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի, Արամ սրկ. Քէթէնճեանի եւ Վահէ Աւետիսեանի:

27 հոկտեմբերի  առաւօտուն առաջնորդը այցելեց Պասրայի Ս. Աստուածածին հինաւուրց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պասրայի հոգեւոր Ղեւոնդ աբղ. Սաղաթելեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք: Անկէ ետք հայր սուրբը ծրագրուած ժամադրութեամբ նախ այցելեց քաղդէական եկեղեցի, ուր զինք դիմաւորեց եկեղեցւոյ առաջնորդ Հապիպ Ալ Նոֆելի եպիսկոպոսը, ապա այցելեց ասորի կաթողիկէ եկեղեցի: Այս եկեղեցւոյ առաջնորդը առաքելութեամբ մը Լիբանան գտնուելու պատճառով թեմի առաջնորդն ու պատուիրակութիւնը ընդունեց Պութրուս աբեղան: Առաջնորդը իր այցելութեանց շարքը փակեց ասորի ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիով, ուր դիմաւորուեցաւ Սամաան Խըտըր քահանայ հօր կողմէ:

Ողջոյնի խօսքեր եւ քրիստոնեաներու հետ  առնչուող զանազան տեսակէտներ փոխանակելէ ետք, հայր սուրբը յիշեալ կղերականները հրաւիրեց մասնակցելու յաջորդ օր Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուելիք ս. պատարագին:

Յիշատակութեան արժանի է, որ բոլորն ալ անհուն ուրախութեամբ ընդունեցին հայր սուրբը եւ մտերմիկ մօտեցում ցուցաբերեցին:

Ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Պասրայի Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ` Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի կողմէ: Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողքին,  ներկայ եղան քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, որոնք Ս. Գիրքէն հատուածներ ընթերցելով` մասնակից եղան ս. պատարագին:

Պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր հոգեւորականներուն` իր հրաւէրին ընդառաջելուն եւ պատարագին մասնակցելուն համար: Յետ պատարագին հոգեհանգստան պաշտօն կատարուեցաւ քառասնօրեայ հանգուցեալ, Պասրայի թաղականութեան  նախկին անդամ Օհաննէս  Պետրոսեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Սուրբ պատարագի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Պասրայի Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:

Հովուական այցելութեան երրորդ օրը,  առաւօտուն, առաջնորդ հայր սուրբը Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի եւ Պասրայի թաղականութեան անդամ Նովագ Պետրոսեանի հետ այցելեց Պասրայի նահանգապետ Ասաատ Իիտանիին, որ ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեց: Իր խօսքին մէջ նահանգապետը քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայերու մասին սրտաբուխ զգացմունքներով արտայայտուեցաւ` զանոնք նմանցնելով գոյնզգոյն եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներու: Հայր սուրբը, իր հերթին, ապա Մելքոն Մելքոնեան  հակիրճ կերպով խօսեցան Պասրայի հայութեան պատմականին մասին եւ շեշտը դրին Պասրայի քաղաքական եւ ընկերային վերելքին մէջ անոնց բերած ներդրումին վրայ:

Հանդիպման աւարտին հայր սուրբը իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգապետին` ընդունելութեան համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.