Հոլիվուտ Առաջարկած Է Ալիեւի Եւ Էրտողանի Մասին Քարոզչական Ժապաւէններ Նկարահանել Նիւթական Գումարի Դիմաց
Յարութ Սասունեան
«Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտախտի լուսաբանման նախագիծի» (OCCRP) հետաքննող լրագրողներու խումբը բացայայտած է, որ Հոլիվուտի արտադրողներէն մէկը ծրագրած է քարոզչական ժապաւէններ նկարահանել՝ փառաբանելով քանի մը բռնապետ ղեկավարներ, միլիոնաւոր տոլարի դիմաց։
Ուքրանական ծագումով, ներկայիս ԱՄՆ քաղաքացի Իկոր Լոփաթեոնոք, օսքարակիր ժապաւէնի բեմադրիչ Օլիվըր Սթոնի հետ համագործակցութեամբ, նախ Ուքրանիոյ մասին նկարահանած է վաւերագրական երկու ժապաւէններ, որոնք բնութագրուած են իբրեւ «քրեմլամէտ քարոզչութիւն» եւ ութ մասէ բաղկացած չափազանց գովասանական մինի-հաղորդաշար՝ Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի մասին։
Աւելի՛ն, Լոփաթեոնոք նախատեսած է նկարահանել քարոզչական բնոյթի վաւերագրական քանի մը ժապաւէն՝ դրական լոյս սփռելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետ ղեկավարներուն վրայ, ուրիշներու շարքին: Այսուամենայնիւ, պարզ չէ, թէ արդեօք Սթոն ներգրաւուա՞ծ է առաջարկուող նախագիծերէն որեւէ մէկուն մէջ: Այդ վաւերագրական ժապաւէններէն ոչ մէկը նկարահանուած է:
OCCRP յայտարարած է, որ Ալիեւ, Փութին եւ Լուքաշենքօ «կը մեղադրուին իրենց ղեկավարած երկիրներու քաղաքացիներուն դէմ սարսափելի յանցագործութիւններու մէջ…: Սակայն հոն, ուր աշխարհը դաժան բռնապետեր կը տեսնէ, Իկոր Լոփաթեոնոք կը տեսնէ (դրամ շահելու) կարելիութիւն»: Որովհետեւ բռնապետ ղեկավարները պէտք է վճարէին քարոզչական բնոյթի իրենց վաւերագրական ժապաւէններուն համար, հետեւաբար, անոնց դաժան կառավարման մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ:
«Լոփաթեոնոքի փայլուն առաջարկներէն մէկը՝ «Օլիվըր Սթոնի վաւերագրական անվերնագիր ժապաւէնը» կամ «Իլհամ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի մասին», կը խոստանայ, որ Սթոն «դէմ առ դէմ պիտի նստի» ատրպէյճանցի ուժեղ մարդու (Ալիեւի) հետ եւ պիտի պատմէ ոչ միայն «նախագահի՝ պետութեան ղեկավար դառնալու, այլեւ Ատրպէյճանի գունեղ ու հրապուրիչ պատմութեան բոլոր հարցերուն մասին», կը հաղորդէ OCCRP:
«Լոփաթեոնոք, կարծես, գտած էր խոստմնալից բանաձեւ։ Ան հաւաքած էր փոքր խումբ մը սենարիոյի հեղինակներու եւ արտադրողներու, որոնք կը յօրինէին ժապաւէնի գաղափարներ բռնապետերուն ներկայացնելու համար, եւ գրաւիչ առաջարկ կ՛ընէին՝ երկար ժամանակով գտնուիլ պաստառին վրայ աշխարհահռչակ բեմադրիչին (Օլիվըր Սթոնի) հետ: Գործընթացը «դրամական գումարի վերածելու» բանալին պարզ էր, ըսաւ խումբին հետ աշխատող աղբիւրը՝ համաձայնելով խօսիլ՝ լրագրողներու հետ գաղտնի մնալու պայմանով: Լոփաթեոնոք հասկցաւ, թէ ինչպէ՛ս հզօր մարդոց պէտք է առաջարկէր բան մը, զոր անոնք չէին կրնար դիմադրել. օրինականութիւն համաշխարհային հարթակի վրայ», գրած է OCCRP:
«Օլիվըր Սթոնի վաւերագրական ժապաւէնի համար Ալիեւի առաջարկին մէջ Լոփաթեոնոք կ՛ընդգծէ, որ նախատեսուած ժապաւէնը «դրական եզակի ազդեցութիւն կ՛ունենայ նախագահի եւ Ատրպէյճանի գովազդին վրայ»։ Թէեւ պարզ չէ, թէ Ալիեւ երբեւէ զբաղա՞ծ է այդ առաջարկով, Եւրասիոյ հարցերով փորձագէտը նշած է, որ այդ համահունչ կ՛ըլլայ ուժեղ մարդու նախկին ջանքերուն՝ իր վարչակարգը ներկայացնելու իբրեւ տարածաշրջանի մէջ տինամիք, արդիականացնող ազդեցութիւն ունեցող: «Կը կարծեմ, որ այս կը տեղաւորուի պատկերի մաքրման բոլոր կարելի ուղիներուն մէջ՝ մշակոյթ, մարզախաղ, աւելի կարեւորներէն են համաշխարհային իրադարձութիւններ, համաշխարհային համաժողովներ», ըսաւ Նիւ Եորքի Պառնարտ քոլէճի քաղաքագիտութեան փրոֆեսըր եւ Եւրասիական անդրազգային ցանցերու փորձագէտ Ալեքսանդր Քուլին»։
Ակնյայտ է, որ հոլիվուտեան ժապաւէնի բեմադրիչներու կողմէ Ալիեւի մեծութեան մասին նկարահանուած վաւերագրական ժապաւէնը շատ աւելի հաւաստիութիւն կ՛ունենայ, քան Ատրպէյճանի մէջ արտադրուած աժան քարոզչութիւնը։
«Երբ բռնապետ ղեկավարները հոլիվուտեան փայլք կը ստանան, այդ կ՛ըլլայ յաճախ այն մարդոց հաշուոյն, որոնց վրայ անոնք կ՛իշխեն», կ՛ըսէ Քէյսի Միշել, Մարդկային իրաւունքներու հիմնադրամի աւազակապետութեան դէմ պայքարի ծրագիրին ղեկավարը: Հիմնադրամը տարիներ շարունակ քարոզարշաւ իրականացուցած է, որպէսզի հոլիվուտեան աստղեր դադրին աշխատելէ բռնապետական վարչակարգերի հետ: «Ես չեմ կրնար պատկերացնել, թէ որքան հիասթափեցնող պէտք է ըլլայ Ղազախստանի պէս երկրի մը քաղաքացիներուն համար… տեսնելով, թէ ինչպէս այս ամերիկացի բեմադրիչը կու գայ եւ կը դառնայ քարոզչական մունետիկ իրենց բռնապետներուն համար», ըսած է Միշել: Այս մարդիկը գիտեն, թէ որքան սարսափելի են իրենց վարչակարգերը, իսկ յետոյ կը դիտեն, որ այս ամերիկացին անկարգելով կ՛իջնէ, եւ ուրեմն կը կլլէ բռնատէրերու քարոզչական բոլոր խօսքերը, առանց նոյնիսկ անհանգստանալու եւ ետ մղելու», նշեց OCCRP։
Այս վաւերագրական ժապաւէններու արտադրութեան նիւթական հովանաւորութիւնը պէտք է տրամադրուի բռնապետերու «կամ անոնց մօտիկ մարդոց կողմէ»: 2019ին, երբ Սթոն եւ Լոփաթեոնոք նկարահանեցին «Ղազախ. ոսկեայ մարդուն պատմութիւնը» վաւերագրական ժապաւէնը Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի մասին, անոր կողմէ վերահսկուող բարեգործական հիմնադրամը երկուքին վճարեց առնուազն 5 միլիոն տոլար», կը հաղորդէ OCCRP:
OCCRP-ի լրագրողներուն կողմէ ձեռք բերուած փաստաթուղթերը ցոյց տուած են, որ Լոփաթեոնոքի «խումբը պատրաստած է առնուազն վեց այլ բռնապետական կառավարութիւններու մասին հաւանական ժապաւէններու սենարիոներ, ներառեալ Չինաստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Ռուսիոյ Թաթարիստանի հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ Ալիեւի եւ Լուքաշենքոյի ուղղուած առաջարկներ, խոստանալով, որ Սթոն հարցազրոյց կը վարէ անոնց ղեկավարներուն հետ եւ կ՛օգնէ պատմել անոնց «ճշմարիտ պատմութիւնը»։
Լոփաթեոնոքի խումբը առաջարկած է, որ Ալիեւի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սթոն քննարկէ «երկրին «յաջողութիւնը» Ալիեւներու ընտանիքի «ժառանգական իշխանութեան» ներքոյ եւ անոր շարունակական հակամարտութիւնը «Հայաստանի հետ, որ կը կորսնցնէ իր կայունութիւնը եւ կը տատանի անդունդի եզրին»։ Առաջարկուող ժապաւէնի ամփոփումէն պարզ կը դառնայ Լոփաթեոնոքի մօտեցման ուղղուածութիւնը, որով Ալիեւ կը նկարագրէ իբրեւ իր հօր՝ նախորդ նախագահին «արժանի ժառանգորդ», որ անոր սորվեցուցած էր ըլլալ «իմաստուն ղեկավար»: «Արդեօք կրնա՞ք Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող պետական համակարգը անուանել «անձի պաշտամունք», թէ՞ այդ պարզապէս ժողովուրդին յարգանքի տուրքն է ղեկավարի մը նկատմամբ, որ կրցաւ աղքատ երկիրը վերածել ծաղկող եւ բարգաւաճող երկիրի»։ Ըստ OCCRP-ի՝ Ալիեւի մասին ժապաւէնին գինն է 15 միլիոն տոլար։
2021ին, Պաքու կատարած այցի ժամանակ, Լոփաթեոնոք ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն ըսաւ. «Այս երկիրը (Ատրպէյճանը) ունի շատ հարուստ եւ գունեղ մշակոյթ։ Երբ ես հոս էի 2012-2013 թուականներուն, սորվեցայ տարբերել ղարաբաղեան գորգերը միւսներէն՝ նոյնացնելով (զանոնք) իրենց զարդանախշերով։ Ատրպէյճանի մասին լաւ ժապաւէն կը նկարահանէի»։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասին պատմող ժապաւէնի մէկ այլ սենարիօ կար, որ «անոր հնարաւորութիւն կու տար պաշտպանել թրքական շահերը»: Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըսուի սենարիոյին մէջ. «Էրտողան թուրք է, եւ դժուար թէ անհրաժեշտ ըլլայ անոր՝ իր գործողութիւնները հիմնաւորել այլ երկիրներու շահերով։ Բայց ի՞նչ շահեր ունի ան։ Կրնա՞յ վերականգնել Մետաքսի մեծ ճամբան: Եւ արդեօք ունի՞ ծաւալապաշտական ծրագիրներ։ Ինչի՞ կը փորձէ հասնիլ Էրտողան։ Այս հարցերուն ինք պէտք է պատասխանէ։ Եւ միայն ինք: Մենք պէտք չէ փորձենք գուշակել (Էրտողանի ծրագիրները) սուրճի մրուրէն, նոյնիսկ եթէ թրքական հիանալի սուրճ է, որ անոնք գիտեն պատրաստել միայն Սթամպուլի մէջ»:
«2018ին տուած հարցազրոյցի մէջ Իպրահիմ Քալին, որ այդ օրերուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակն էր՝ հաստատեց, որ իրենք Էրտողանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի առաջարկ ստացած են մօտաւորապէս այն ատեն, երբ Սթոն Թուրքիա կը գտնուէր: «Մենք զայն քննարկելու ընթացքի մէջ ենք, մենք զայն կը գնահատենք », ըսաւ ան», կը հաղորդէ OCCRP:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.