«Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէս Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ «Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգեւոր Հայաստան» համանուագային հանդէս մը, նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Համերգը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Հանդիսութեան հովանաւորներն էին տիկին Շաքէ Կէօնճեան, տիար Մանուկ Չուխաճեան, «Բաստրմաճեան» հիմնադրամն ու տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Մարալ Թաշճեանները:
Յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Նորա Արուշեան:
Բացառիկ կոչուելու արժանի նուագախումբը, խմբավարութեամբ տիար Ալէն Թրուտէլի, առաջին բաժինով կատարեց Ռավէլի «Գուփերէնի գերեզման» ստեղծագործութիւնը եւ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութենէն պարերգներ, որոնց նուագախմբային մշակումը կատարած էր երաժշտագէտ Պետրոս Շուճունեան:
Երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ Պրամսիի «Ողբերգական նախերգական»ը, «Արար 81»ը եւ Կոմիտասեան Պատարագի նուագախմբային տարբերակը՝ նոյնպէս տիար Շուճունեանի մշակումով: Երաժշտագէտը Կոմիտասեան Պատարագի այս մշակումը ձօնեց Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Քահանայական օծման 35-ամեակին:
Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին հազարի հասնող հանդիսատեսներ, որոնցմէ պատկառելի թիւ մը՝ օտարներ:
Դիւան Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի