ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ընդդիմադիր Քաղաքական Ուժերու Խորհրդակցութիւն
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու խորհրդակցութիւն:
Օրակարգին վրայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակն էր, Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ Արցախի շրջափակումի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական եւ գոյաբանական սպառնալիքներու դիմագրաւումը:
Խորհրդակցութեան մասնակից շուրջ երկու տասնեակ քաղաքական ուժերը իրենց գնահատականներուն մէջ միակամ էին. ստեղծուած իրավիճակը իշխանութիւններուն վարած արտաքին եւ ներքին ապազգային քաղաքականութեան հետեւանքն է, եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիակատար իրականացմամբ, համազգային համախմբման եւ ազգային-պետական արժեհամակարգով առաջնորդուող քաղաքական ղեկավարութեամբ կարելի է կանխել Ազրպէյճանի ցեղասպանական նկրտումները:
Հանդիպում-խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին` իբրեւ առանցք ունենալով միասնական քայլերու ձեւաւորման յանձնառութիւնը: