ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի եւ Կանանց Կազմակերպութեան Ժողովներուն
Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 26-27 Յունիս 2018֊ին Միացիալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ժընեւի Կեդրոնին մէջ։ Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը։
Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր թեմաներ՝ «Ընկերվար ժողովրդավարութեան ներդրումը հակամարտութիւններու լուծման եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ», «Յաղթահարել աշխարհի դիմագրաւած ժողովրդավարութեան մարտահրաւէրները՝ ապահովելու համար բոլորի ազատութիւններն եւ իրավունքները», եւ «Մեր արժեքներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան արձագանքել համաշխարհային գաղթին եւ փախստականներու ներկայ վիճակին»:
Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը բաղկացած Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ֊ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ ԸՄ Կանանց Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանէ։
Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար Միազգայնականի Ընդհանուր Քարտուղար Լուիս Այալա, ՄԱԿ֊ի Ժընեւի Գրասենեակի Ընդհանուր Քարտուղար Մայքըլ Մօլլէր եւ ԸՄ Նախագահ ՃորՃ Փափանտրէու։
Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր ԸՄ նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան, որպէս կազմակերպութեան փոխ-նախագահներէն մէկը։ Ան նաեւ մասնակցած էր կազմակերպութեան ֆինանսական եւ կազմակերպչական յանձնախումբի (SIFAC) ժողովին։
ԸՄ Խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին՝ մէկական բանաձեւ Քիւրտ եւ Պաղեստինցի ժողովուրդներու մասին։
Ժողովի վերոյիշեալ օրակարգի տակ Մ. Նալպանտեան խօսք առնելով յայտնեց, որ Հայաստան եւ իր ժողովուրդը վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ցոյց տուին հասուն ժողովրդավարութեան ըմբռնում եւ գործընթաց։ Ան հաստատեց թէ Հայաստանը տակաւին կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ ինչպէս իրաւական պետութեան, տնտեսական զարգացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատումը։ Նալպանտեան աւելցուց, թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ խորհրդարանական վարչաձեւի հաստատումը երաշխաւորեցին երկրին մէջ քաղաքական տագնապին հեզասահ եւ խաղաղ լուծումը։
Իսկ 28-29 Յունիս 2018ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին ուր քննարկուեցաւ «2030֊ին 50-50 աշխարհի համար։ Մեծ մարտահրաւէրներ» օրակարգը։
Ժողովներու ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ։
ԸՄ Խորհուրդի նիստին առիթով հրապարակուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նախորդ՝ 2017֊ի Նոյեմբերի Խորհուրդի նիստէն ի վեր կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներու աշխատանքի եւ յայտարարութիւններու մասին ամբողջական փաստաթուղթ մը։ Այդ փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած է նաեւ ԸՄ֊ի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւ ծովի տարածաշրջանային յնաձնախումբի մասին լրատուութիւնն ու յանձնախումբի յայտարարութիւնը։ Այդ ժողովը գումարուած էր Մայիս 25֊26֊ին, Սանկտ Պետերբուրգի մէջ։ ՀՅԴ֊ի կողմէ այդ ժողովին մասնակցած էին յանձնախումբի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմեն Ռուստամյանն ու ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Կիրո Մանոյանը։ Ժողովին ընտրուած էր յանձնախումբի նոր նախագահութիւն, եւ ՀՅԴ֊ն թեկնածու չէր առաջարկած։ Յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ մէկ պարբերութեամբ անդրադարձ կայ Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւններուն։ Յանձնախումբի յայտարարութիւնը այդ մասին կ՚ըսէ. «Հայաստանի մէջ կացութեան վերաբերեալ, յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային շարժումին եւ գնահատեց բոլոր կողմերուն՝ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութեան համար, յոյս յայտնելով որ գործընթացը պիտի շարունակուի հիմնուած երկրի Սահմանադրութեան վրայ։ Յանձնախումբը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ ԸՄ֊ի անդամ կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, պետական կառավարումը բարեփոխելու իր հետեւողական ջանքին համար, որու նպատակն է խորհրդարանական համակարգի հաստատումը, ուր իշխանութեան երեք թեւերուն՝ օրէնսդիրին, գործադիրին եւ արդարադատութեան միջեւ լիազօրութիւններու բաժանումը ամբողջական է։ Այս տեսանկիւնէն, յանձնախումբը կը զօրակցի իր անդամ կուսակցութեան՝ անօրէն մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ ընկերային արդարութեան, խորհրդարանական ընդդիմութեան յաւելեալ լծակներուն, աւելի ապակեդրոնացած կառավարման համակարգի եւ բոլոր մակարդակներու վրայ աւելի բաց, թափանցիկ եւ հաշուետու կառավարման համար պայքարին մէջ»։
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանը կազմակերպութեան փոխնախագահ է։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։