ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Իրական մեղաւորը» խորագրով երթը դէպի Կառավարութեան շէնք
«Արցախի հարցը մեզի համար լոկ տարածքային հարց չէ, անիկա մեզի համար սրբազան հարց է, անիկա տարիներ շարունակ եղած է ու կը մնայ գոյապայքար։ Տէր ենք մեր հայրենիքին, իւրաքանչիւր թիզ հողին»,- դէպի կառավարութեան շէնք երթի ընթացքին, յայտարարեց մասնակիցներէն մէկը, կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
Նշենք, որ այսօր, բազմաթիւ քաղաքացիներ երթով Մատենադարանի մօտէն շարժեցան դէպի կառավարութեան շէնք։ Անիկա կազմակերպած էր ՀՅԴ ՀԵՄ-ը։ Երթը կը կրէր «Իրական մեղաւորը» խորագիրը։
Երթի մասնակիցները ժամանակ առ ժամանակ կը վանկարկէին «Արցախ, Արցախ»։
Խաղաղ ցոյցի մասնակիցները յայտարարեցին, թէ կը շարժին դէպի կառավարության շէնք, քանի որ գիտեն՝ «այնտեղ կը գտնուին իրավիճակին իրական մեղաւորները»։
«Նիկոլը փակած է Արցախի ճանապարհը, Նիկոլ, դաւաճան»,- կը վանկարկէին անոնք ճանապարհին։
Երթի մասնակիցները յայտարարեցին՝ Արցախի 120 հազար հայերը ՀՀ քաղաքացի են, եւ կառավարութիւնն է պատասխանատու իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար։
«Այսօր այս իշխանութիւնը կը փորձէ մեղաւորութեան սլաքը ուղղել դէպի Ռուսիա, միջազգային հանրութիւն, նախկին իշխանութիւններ։ Բայց ամէն բան շատ պարզ է, ով իշխանութիւն է, ան ալ պատասխանատու է։ Մենք մեղաւորութեան սլաքը կը վերադարձնենք այս իշխանութեան՝ ըսելով, որ դուք էք մեղաւոր եւ պատասխանատու այս իրավիճակին համար։ Արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանելէ ետ կանգնած իշխանութիւնը ձեր իրաւունքը պիտի չի պաշտպանէ ոչ Սիւնիքի մէջ, ոչ Գեղարքունիքի մէջ, ոչ ալ՝ Երեւանի։ Այն իշխանութիւնը, որ կը վաճառէ հայրենիքի որեւէ հատուած, պատրաստ է վաճառելու ողջ հայրենիքը։ Այն իշխանութիւնը, որ իր ժողովուրդը մինակ կը ձգէ թշնամիին դէմ, ատիկա կ՝ընէ նաեւ Շիրակի մէջ։ Այդ պատճառով կ՝ըսենք՝ այս իշխանութիւնն է պատասխանատու, մեղաւոր, Նիկոլն է մեղաւոր, իր սխալ ու ապազգային քաղաքականութիւնն է մեղաւոր, Նիկոլը փակած է Արցախի ճանապարհը։ Նիկոլ, հեռացիր»,-բարձրախօսով կը յայտարարէր երթի մասնակիցներէն մէկը՝ անոր կը հետեւէին միւսները։
Երթի մասնակիցները կը նշէին՝ իշխանութիւնը կը փորձէ Արցախը մոռացութեան մատնել, կը խոստանային՝ թոյլ պիտի չի տան, կը յիշեցնէին՝ Արցախն ու արցախահայութիւնը միայնակ չեն։