ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Կը Ներկայացնէ Փաստեր` Պետական Դաւաճանութեան Մասին
10 յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը (ՀԵՄ) բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան շէնքին դիմաց` ներկայացնելով փաստեր Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճան ըլլալուն վերաբերող:
Ցուցարարները բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Դաւաճան է, այո՛», «Հողատուն չի կարող լինել հողաշէն», «Ելա՞կ, թէ՞ սաղաւարտ», «Զինադադար եւ գերիներ» եւ այլն:
Երիտասարդները կէտերով նշեցին այն քայլերն ու գործողութիւնները, որոնք իրենք դաւաճանական կը նկատեն:
ՀՅԴ-ի անդամ Գոռ Սարգսեան ըսաւ, որ վերջին 6 ամիսներուն ընթացքին Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է, թէ ինչո՛ւ Նիկոլ Փաշինեան դաւաճան է: Իբրեւ դաւաճանութեան փաստերէն մէկը` Սարգսեան նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արմէն Սարգսեան միջազգային կառոյցներուն երաշխաւորեցին, որ վնաս չեն հասցներ Ազրպէյճանի կազամուղներուն եւ կարեւորագոյն կառոյցներուն, բայց եւ այնպէս Ազրպէյճան ոչ մէկ երաշխիք տուաւ, որ չի վնասեր Արցախի Հանրապետութեան մեր հայրենակիցներուն:
Յաջորդ փաստը` Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան պատերազմի առաջին օրէն Արցախի գրեթէ ամբողջ ժողովուրդը դուրս հանեցին Արցախի տարածքէն:
Դաւաճանութեան յաջորդ փաստը այն է, որ պատերազմի ամբողջ ընթացքին Փաշինեան խուսափած է կարող ուժերու կողմէ առաջարկուող օգնութենէն եւ իշխանութիւնը պահելը աւելի կարեւոր նկատած է, քան պատերազմին յաղթելը:
Դաւաճանական արարք էր նաեւ այն, որ Փաշինեան առանց ժողովուրդին ու կռուող տղոց հարցնելու` ստորագրեց պարտուողական պայմանագիր:
Նշենք, որ կառավարութեան մուտքին ոստիկանական ուժեր կեդրոնացած էին: Անոնք բերման ենթարկեցին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ցոյցին մասնակիցները: Բերման ենթարկուածներու կարգին էին «Հայաստան» դաշինքի դաշնակցական անդամներ Արգիշտի Գէորգեան` ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ, Հայկազ Յարութիւնեան` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Ամիրան Կալաւորեան` ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի անդամ, Գառնիկ Մելքումեան` ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ անդամ:
Ապօրինաբար բերման ենթարկուեցան նաեւ ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ վարչութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան, ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի վարչութեան անդամ Տարօն Մանուկեան: