ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը ԵՄ Դիտորդական Առաքելութեան Թափանցիկութեան եւ Հաշուետուողականութեան Կոչ Կ՝ընէ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Օգոստոս 15-ին հաստատած է, որ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը թիրախ դարձուցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը: Հակառակ վերջինիս նախնական հերքումին, հրապարակուեցան տեսաապացոյցներ, որոնք հաստատեցին ինչպէս ԵՄ դիտորդներուն, այնպէս ալ անոնց մեքենաներուն ուղղութեամբ կրակոցներուն փաստը, որմէ ետք միայն ԵՄ առաքելութիւնը հասարակական ցանցէն հեռացուց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան վարկաբեկող նախնական յայտարարութիւնը եւ հաստատեց յարձակումը իրենց պարեկութեան տարածքին վրայ։ Բարեբախտաբար, այս միջադէպին ընթացքին դիտորդական առաքելութեան անդամները չեն տուժած:

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կը դատապարտէ ԵՄ առաքելութեան կողմէ ցուցաբերուած անմիտ պահուածքը: Այդ մօտեցումը ոչ միայն կը վտանգէ առաքելութեան վստահելիութիւնը, այլեւ լուրջ կասկածներ կը յարուցանէ անոր ընդհանուր արդիւնաւէտութեան վրայ: Նման անխոհեմ պահուածքը կ՝ընդգրկէ զգալի քաղաքական հետեւանքներ եւ, որ աւելի տագնապալի է, կը վտանգէ ԵՄ առաքելութեան անձնակազմի եւ խոցելի քաղաքացիական սահմանամերձ համայնքներու անվտանգութիւնը, որոնք հետեւողականօրէն կ՝ենթարկուին յարձակումներու:

Յուսահատեցնող է նաեւ այն փաստը, որ ԵՄ առաքելութիւնը ձեռնպահ կը մնայ յարձակողը բացայայտ մատնանշելէ եւ չի յստակեցներ, որ ազրպէյճանը կը կրէ պատասխանատուութիւն կրակոցներուն համար, որոնք թիրախ կը դարձնեն նաեւ ԵՄ առաքելութեան անձնակազմը:

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ԵՄ դիտորդական առաքելութեան կոչ կ՝ընէ գործելու թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ։ Ասիկա խսիտ անհրաժեշտ է ԵՄ առաքելութեան արժանահաւատութեան եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար։

Աւելին, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձր յանձնակատար Ժոզէփ Պորելին կոչ կ՝ընէ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելու ազրպէյճանի դէմ։ ԵՄ-ի համար հրամայական է թիրախային պատժամիջոցներ կիրառել ազրպէյճանի հանդէպ, հանդէս գալ շարունակական սադրանքներու եւ միջազգային իրաւունքի անտեսման ազրպէյճանական քաղաքականութեան դէմ: ԵՄ-ն պէտք չէ դառնայ ազրպէյճանի անօրինական գործողութիւններուն հետեւորդը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
16. 08․ 2023 թ

Comments are closed.