ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներու հետ

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով Գանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 2-ին հանդիպում ունեցաւ Սէն Լորան քաղաքապետական խորդուրդի անդամ Արէֆ Սալէմի, Մոնթրէալի Քաղապետական խորհուրդի անդամ Մէրի Տերոս Չաւուշեանի, Պորտօ Քարթիէրվիլ ընտրատարածքի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Էֆֆի Ճիաննուի եւ Մոնթրէալի քաղաքապետական ընդդիմութեան ղեկավար Ֆրանչէսկօ Միէլէ ի հետ, Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ՝ Արփի Պալիոզեան եւ Ժիզէլ Եունանեան, ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Ռուբէն Աշգարեան։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի քաղաքներու հետ փոխ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։ Տիկ. Մէրի Տերոս Չաւուշեան զեկուցեց Հոկտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովին մասին, որուն ինք անձամբ մասնակցած էր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.