ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Քաղաքական Հանդիպումները Պելճիքայի Մէջ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ հանդիպած է Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան շրջանի հարցերով ղեկավարի տեղակալ Ճուլիեն Պոուրթեմպուրկի, աշխատանքային խումբի ղեկավար Եոնաս Փոլի, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Հանա Ժալուլ Մուրոյի, Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի փոխնախագահ Եանիս Մանեաթիսի եւ նոյն քաղաքական խումբի Բիւրոյի անդամ Էրօ Հայնալուոմայի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ամբողջական կիրարկման, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման, Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Իշխան Սաղաթէլեան ուշադրութեան հրաւիրած է Ազրպէյճանի կողմէ շարունակական յարձակողապաշտութեան, Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անյապաղ ազատ արձակման խնդիրի, Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակական անընդունելի պահանջներուն վրայ` Եւրոպական Միութեան գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն ակնկալելով հասցէական զսպող յայտարարութիւններ եւ գործնական քայլեր:
Հանդիպումներու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբին միջեւ համագործակցութեան զարգացմանն առնչուող հարցերուն:
Comments are closed.