ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 20-Ամեակին Առիթով Հաղորդագրութիւն Մը Յղեց Մամուլին
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 20-ամեակին առիթով լիբանանեան մամուլին յղեց հաղորդագրութիւն մը` իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնելով 2000 թուականին Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումին համար, որ կու գար ամբողջացնելու խորհրդարանին կողմէ 2 ապրիլ 1997-ին որդեգրուած բանաձեւը, որ լիբանանցի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր` իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին:
Մարմինը այս առիթով յիշեցուց ապրիլ 1915-ին Ճեմալ Փաշայի` «կառավարութիւնը իր ազատութեան, արժանապատուութեան ու պատիւին պիտի վերատիրանայ այն ժամանակ միայն, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մաքրուի հայերէն ու լիբանանցիներէն: Առաջինները սուրով ջարդեցինք, իսկ միւսները պիտի ջարդենք սովով» յայտարարութիւնը, սովի պատճառով լեռնալիբանանի շուրջ 400 հազար բնակիչներէն 200 հազարին կորուստը, ինչպէս նաեւ 21 օգոստոս 1915-ին կախաղան բարձրացուած լիբանանցի 11 նահատակներն ու 6 մայիս 1916-ին կախաղան բարձրացուած լիբանանցի 14 նահատակները` նշելով.«Այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ կամ մոռացութեան կու տայ իր անցեալն ու պատմութիւնը ապագայ չունի: Ժողովուրդները կենդանի կը մնան եւ կը շարունակեն գոյատեւել շնորհիւ իրենց նահատակներուն: Կիլիկիայէն Լիբանանի լեռներ եւ ձորեր երկարող շրջանը հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ արեան մկրտութեան վայր դարձան: Մենք եւ դուք` ցեղասպանութենէն, սովէն եւ Սէյֆոյէն վերապրածներուն թոռները, մեր հաւատքին զօրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ պայքարեցանք եւ Լիբանանի համար նահատակուեցանք»:
«Մենք կը մերժենք ու կը դատապարտենք Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մէջ թրքական միջամտութիւնը, ինչպէս նաեւ թուրք¬օսմանեան գաղութատիրութեան հին¬նոր փորձերը, որոնք անցեալին չենք ընդունած, չենք ընդունիր եւ ապագային ալ պիտի չընդունինք: Լիբանան ՄԱԿ¬ի մէջ մարդու իրաւունքներու բանաձեւի հեղինակներէն է, ուստի Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ այս Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար զարմանալի չէր: Անհրաժեշտ է նաեւ նշել, որ այս խորհրդարանը այս Ցեղասպանութիւնը ճանչցող արաբական առաջին երկիրն էր», նշեց մարմինը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի խորհրդարանը շարունակէ շրջանային ու միջազգային բեմերուն վրայ մնալ Հայ դատի եւ մարդասիրական բոլոր արդար դատերուն բուռն պաշտպանը: