ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումով` Ճորճ Պուչիքեան Այսուհետեւ Մաս Չի Կազմեր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին
Լիբանանի Զահլէ քաղաքի երեսփոխան Ճօրճ Պուչիքեան հեռացուած է Լիբանանեան խորհրդարանի «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն։ Այս մասին Դեկտեմբեր 6-ին ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ պլոքի ղեկավար Յակոբ Բագրատունին։
Պուչիքեան չէր ենթարկուած ՀՅԴ-ի որոշումին, մասնակից դարձած է վարչապետ Միքաթիի հրաւիրած եւ հակասահմանադրական նկատուած նախարարաց խորհուրդի նիստին, այդպիսով ալ տագնապ ստեղծած մէկ կողմէ ՀՅԴ-ին եւ միւս կողմէ անոր դաշնակից «Ազատ ազգային հոսանք»ին միջեւ։
Բագրատունիի գրառումին մէջ կը նշուի. «Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր նիստին ընթացքին քննարկեց օր մը առաջ գումարուած կառավարութեան նիստին ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի մասնակցութեան հարցը:
«Այս զարգացումներուն լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով, որ Ճ. Պուչիքեան յանձնառու չէ եղած նիստին չմասնակցելու Կեդրոնական կոմիտէին տուած որոշումին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Ճորճ Պուչիքեան այսուհետեւ մաս չի կազմեր Հայկական երեսփոխանական պլոքին:
«Հետեւաբար Ճ. Պուչիքեանի կողմէ որդեգրուած որեւէ կեցուածք կամ արտայայտութիւն միայն ինքզինք կը ներկայացնէ»:
Նոյն օրը, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Հատաս» յայտագիրին ընթացքին հարցազրոյց ունենալով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը «Տրովադայի ձի» չէ: «Պատահածը այն է, որ կուսակցութիւնը որոշում տուած է, իսկ նախարարը չէ ենթարկուած», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունիի պատասխանը կը վերաբերի այն հարցումին, թէ օր մը առաջ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան մասնակցած էր կառավարութեան նիստին եւ անոր մասնակցութիւնը պատճառ դարձած էր, որ կառավարութիւնը նիստ գումարելու իմաստով օրինաթիւ ունենայ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Ճ. Պուչիքեան պէտք չէր մասնակցեր կառավարութեան նիստին` ենթարկուելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին:
«Դերեր բաժնուելու մասին արտայայտութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները ՀՅ Դաշնակցութեան չեն վերաբերիր: Քաղաքական կեանքին մէջ մեր կեցուածքները յստակ են եւ թափանցիկ: Եթէ մենք երկխօսութեան եւ համախոհութեան մասին կը խօսինք, այդ չի նշանակեր, որ մենք մոխրագոյն ենք: Ճիշդ է, որ երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, այդ դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց չմասնակցիլ կառավարութեան նիստին, իսկ նախարարի պաշտօնակատար Ճ. Պուչիքեան, որ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ է, պէտք էր յանձնառու մնար ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումին: Սակայն ան իր անձնական պատճառներով ինքնագլուխ որոշում տուաւ եւ մասնակցեցաւ կառավարութեան նիստին», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան նկատել տուաւ, որ Ճ. Պուչիքեան յանձնառու մնացած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ բարեկամութեան եւ ըստ իրեն չի փափաքիր քաղաքական իր կեանքին մէջ ձախողիլ:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս մասին Կեդրոնական կոմիտէն իր խօսքը պիտի ունենայ հաստատ կերպով` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ Ճ. Պուչիքեան կուսակցութեան անդամ չէ` կազմակերպական առումով պատժական տնօրինումներու ենթարկուելու տեսակէտէն, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կարգապահութեան կը հաւատայ եւ պիտի չարտօնէ, որ նման նախընթաց կրկնուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչո՛ւ համաձայն չէր կառավարութեան նիստին մասնակցելու, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդացուելէ ետք քննարկուեցաւ կառավարութեան նիստերուն հարցը եւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ նախարարաց խորհուրդը միայն գերկարեւոր խնդիրներու պարագային հրաւիրուի ժողովի` կառավարութեան մաս կազմող բոլոր պլոքներուն հաւանութիւնը ստանալէ ետք:
«Նիստէն առաջ ոչ ոք կապուեցաւ ինծի հետ` նկատի ունենալով, որ քաղաքական կուսակցութեան մը ներկայացուցիչն եմ եւ լիբանանցիներուն կարեւոր մէկ բաժինը կը ներկայացնեմ», ըսաւ ան: