ՀՅԴ ԳԵՄ. «Վերջնականապէս կը մերժենք Դաշնակցութեան մէջ բաժանարար գիծեր քաշելու սնանկ խաղը»
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը Նոյեմբեր 7-ին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
ՀՅԴ ԳԵՄի շարքերը իրենց ամբողջակա՛ն զօրակցութիւնը կը յայտնեն ՀՅԴ ՀԵՄի մեր ընկերներուն՝ իրենց բողոքի արշաւին մէջ։ Մեզի համար անընդունելի են ՀՀ Կրթութեան, Սպորտի եւ Մշակոյթի նախարարի առած քայլերը՝ հայրենի կրթական համակարգին մէջ ներմուծած իր կամայական փոփոխութիւններուն գծով։ Այս քայլերը կը խախտեն ազգային դաստիարակութեան երկարամեայ ամուր հիմքերը։ Ո՛չ մէկ բացատրութիւն կրնայ արդարացնել հայոց լեզուի, պատմութեան, եկեղեցական դարաւոր ժառանգութեան ու հարազատ մշակոյթի հանդէպ եղած այս ոտնձգութիւնները։
Վերջապէս, յստակօրէն ու վերջնականապէս կը մերժենք Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բաժանարար գիծեր քաշելու սնանկ խաղը։ Ինչքան ալ փորձեն այդ խաղի հեղինակները, մենք այսու կը յայտարարենք՝ ՀՅԴն ու անոր Երիտասարդականի շարքերը մէ՛կ են՝ ուր ալ գտնուին անոնք։ Ոչի՛նչ ու ո՛չ ոք կրնայ արհեստականօրէն բաժնել մեզ՝ դուրսի եւ ներսի դաշնակցականներու։
Վե՛րջ տուէք այս ձախող փորձերուն ու անսացէ՛ք յանձնառու երիտասարդութեան ձայնին։