ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբարը կը թեւակոխէ 8-րդ տարին

Վանաձոր – 8-րդ տարին ըլլալով Գանատայի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) իր ամառնային ճամբարը պիտի կազմակերպէ Վանաձորի մէջ։ 2017-ին վանաձորէն եւ մերձակայ կարգ մը բնակավայրերէ 320 երեխաներ մասնակցեցան ճամբարին:

Դաստիարակչական ճամբարի ԳԵՄ-ի երեք վարիչներուն պիտի միանան 5 վարիչ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէ եւ 6 օգնական վարիչներ Վանաձորէն:

Ճամբարը պիտի սկսի Յուլիս 23-ին եւ իր աւարտին հասնի Օգոստոս 3-ին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.