ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած Արցախի զօրակցական հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս
Յունուար 14-ին, Վանգուվըրի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ Արցախահայութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պրիթիշ Գոլոմպիայի առողջապահութեան նախարարտ Ատրիան Տիքս։ Հաւաքը կազմակետպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին կողմէ։ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին, պահանջելով վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։
Խօսք առաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Գառնի Քէոշկերեան դատապարտեց Արցախի շարունակուող շրջափակումն ու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած մարդկային իրաւանց ոտնակոխման արարքները եւ կոչ ուղղեց Գանատայի պետութեան ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ շրջափակումը ինքնին ազգ մը սպանդի ենթարկելու բռնարարք է։
Հաւաքի ընթացքին խօսք առնելով նախարար Տիքս յայտնեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ պարտադրուած շրջափակումին պատճառով՝ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է սովի մատնուելու վտանգին դէմ յանդիման։ Ան հաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախին եւ յայտնեց, թէ Գանատայի կառավարութիւնը պէտք է իր բողոքը յստակօրէն արձանագրէ ի տես ատրպէյճանական բռնադատութիւններուն եւ պաշտպան հանդիսանայ Արցախի ժողովուրդի մարդկային իրաւունքներուն։