ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն

Սեպտեմբեր 3-5 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Վանգուվըրի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի, Մոնթրէալի, Օթթաուայի եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Բիւրոյի Գանատայի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչը եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ:

Երեք օրերու վրայ երկարող նիստերու ընթացքին, քննարկման բովէ անցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:

Շրջանային ժողովը, ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կուսակցական կառոյցին՝ որպէս ՀՀ գործող իշխանութեանց անձնատուողական քաղաքական վարքագծին հակադրուած կառուցողական ընդդիմադիր ուժ, եւ հաստատագրեց Արցախի հանրապետութեան հզօրացման, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ պատմական իրաւունքներու վերատիրացման գծով իր մշտանորոգ յանձնառութիւնը:

Ժողովը արժեւորեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նպատակաուղղուած առաքելութիւնը եւ գնահատեց Օթթաուայի մէջ կեդրոնատեղի շէնքի գնման նախաձեռնութիւնը եւ միաժամանակ որոշեց ճիգ չխնայել Հայ Դատի յանձնախումբերու քարոզչական եւ յարաբերական կարողականութեանց ներուժը ի սպաս դնելու Արցախի եւ Հայաստանի պետականութեանց:

ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու փաղանգները կուսակցութեան գաղափարախօսական հնոցին մէջ թրծելու առաջադրանքը շարունակելու ուղղութեամբ՝ ժողովը վերահաստատեց իր պարտաւորութիւնները։

Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի հայահոծ համայնքներու՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապներուն, եւ որոշեց շարունակել զոյգ հայկական ոստաններուն ուղղուած աջակցութեան իր նախաձեռնութիւնները։

Շրջանային Ժողովը, վերարժեւորելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով գանատական քաղաքական բեմին վրայ իրագործուած ձեռքբերումները՝ վերահաստատեց իր պատասխանատուութիւնը շարունակելու հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան ի խնդիր հայրենատիրութեան անվկանդ երթը։

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէ։

ՀՅԴ Գանատայի 49-րդ Շրջանային ժողով

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.