ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2021-2023 Երկամեակի Գ. Լիակազմ Ժողով

9 սեպտեմբեր 2023ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի 2021-2023 Երկամեակի Գ. Լիակազմ Ժողովը:
Օրակարգի առաջին բաժինով, կազմս քննարկեց SOS Artsakh կարգախօսով Արցախի զօրակցութեան Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու տարած աշխատաքները եւ որոշեց իրադարձութիւններու զարգացումի լոյսին տակ քարոզչական աշխատանքներուն թափ տալ:
Ապա, արծարծուեցան 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտը եւ միութիւններու իրավիճակները: Այս տարեշրջանի սկզիբը 58 պատանիներ փոխանցուեցան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄի) շարքերը: Ուրախ ենք յայտնելու, որ պատանիներու ընդհանուր թիւը կրեց անցեալ տարեշրջանի էական աճին վրայ յաւելեալ աճ:
2023-2024 տարեշրջանի գործունէութիւններու առաջնագոյնն է Համագանատական Սեմինար-Բանակումը, որ պիտի կայանայ 6-9 հոկտեմբերի երկար շաբաթավերջին, Քրիսթի Լէյք բանակավայրին մէջ, ԴԷՊԻ ՀԶՕՐ ԱՊԱԳԱՅ ընդհանուր թեմայով: Պիտի մասնակցին կրտսեր եւ երէց խումբերը: ժողովը վերջնականացուց ընկերային եւ դաստիարակչական ծրագիրը:
Հիւսիսային Ամերիկայի եռակողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու միտումով, այս ամառ մեր պատանիները մասնակցեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան ամառնային բանակումին, ինչ որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Որոշուեցաւ այս ծրագիրը վերածել մնայուն գործունէութեան, տարեկան դրութեամբ:
Ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագիրը որ մշակուած էր անցեալ տարի, տեղի պիտի ունենայ 2024ի գարնան: Պիտի մասնակցին Գանատայի շրջանի ներկայ վարիչները, ԳԵՄի եւ «Ա. Գարօ» Ուսանողական Միութեան անդամները: Դասընթացքի ընթացքին փորձառոու մասնագէտներ պիտի աւանդեն ղեկավարումի, կառավարումի եւ հաղորդակցութեան հմտութիւններ, մանկավարժական եւ հոգեբանական գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ ներազգային թեմաներ: Մասնակիցները իրենց կարգին փորձավարժութիւն պիտի կատարեն պատանեկան միութիւններուն մէջ:
Վերջին օրակարգով վերամշակուեցաւ եւ հաստատուեցաւ նոր հաշուեկշիռը:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
Գէմպրիճ, 9 սեպտեմբեր 2023

Comments are closed.