ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՈՒՂԵՐՁԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀՅ Դաշնակցութեան համար հայոց անկախ պետականութիւնը եղած է եւ կը մնայ անսակարկելի արժէք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումի 33-րդ տարեդարձը կարևոր առիթ է արժևորելու անկախ պետականութեան կայացումը, ինչպէս եւ անդրադառնալու մեր պետութեան առջև ծառացած մարտահրաւէրներուն:

Անկախ պետականութիւնը իւրաքանչիւր ազգի ինքնակազմակերպման բարձրագոյն ձեւն ու բաղձալի երազանքն է: Այս նուաճումը պահպանելն ու զարգացնելը կը պահանջեն հետևողական և յամառ պայքար:

Հայ ժողովուրդը կրկին պատմական ընտրութեան առջև կանգնեցաւ 1991-ին եւ արցախեան գոյամարտի բովին մէջ կեանքի կոչեց ազատ ու անկախ ապրելու դարաւոր իղձը: Անցեալ երեք տասնամեակներու ընթացքին, հակառակ առկայ հարցերուն և բացթողումներուն, մեծ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ հայոց նոր պետականութիւններու գոյացման ասպարէզին մէջ, ձեւաւորուեցաւ ուժեղ և յուսալի բանակ, կը զարգանար երկրի տնտեսութիւնը, Հայաստան արտաքին աշխարհին կը ներկայանար որպէս յարգանքի արժանի պետութիւն: Աւելի քան 30 տարի Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը գործեց ու արարեց հայ ժողովուրդի անընկճելի ոգիին, տաղանդին, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան շնորհիւ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշտապէս և իր ողջ կարողականութեամբ եղաւ հայոց երկու Հանրապետութիւններու զարգացման գործընթացին մասնակիցը:

Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան իշխանութեան ազգավնաս գործունէութիւնը յանգեցուց Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով Արցախի հայաթափումին: Այսօր արդէն անմիջական սպառնալիքի ներքեւ յայտնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդէն կը պահանջուի բացառիկ համախմբում և ոգիի արիութիւն՝ պաշտպանելու և պահպանելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, վերականգնելու՝ մեր ազգային արժանապատուութիւնն ու ազգային արժէքներու դերը:

Այս մարտահրաւէրներու լուծումը կը պահանջէ Հայաստանի մէջ նոր որակի իշխանութեան ձևաւորում, որուն առաջնահերթ ընելիքները պէտք է ըլլան Հայաստանի արտաքին և ներքին անվտանգային յուսալի համակարգերու ձևաւորումը, պատմական բնօրրան՝ արցախահայութեան վերադարձի հարցի հետապնդումը: Իշխանութիւն, որ հայ ժողովուրդին համար կ՚ապահովէ իսկական խաղաղութիւն և բարգաւաճում:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար հայոց անկախ պետականութեան գոյութիւնը եղած է եւ կը մնայ անսակարկելի արժէք:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Շնորհաւորելով բոլորդ, անկախութեան տօնին առիթով մենք կը խոնարհինք Հայաստանի անկախութեան և ինքնիշխանութեան համար նահատակուողներու անմար յիշատակին առջեւ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ինչպէս երէկ, նոյնպէս և այսօր ու վաղը ոչ մէկ ջանք պիտի խնայէ հայ ժողովուրդի ազգային երազանքներու իրականացման համար:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրո
21 Սեպտեմբեր 2024

Comments are closed.