Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Շրջանային ժողովը
2372
0
Յուլիս 6-ին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ սկսաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի Շրջանային ժողովը:
Ժողովին կը մասնակցին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ԱՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, պատուիրակներ ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջանային մարմիններէն եւ հրաւիրեալ ընկերներ:
Ժողովը պիտի ամփոփէ շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութիւնը եւ պիտի կայացնէ որոշումներ յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար:
Ժողովի ընթացքին յատուկ քննութեան պիտի ենթարկուին յառաջիկայ ՏԻՄ եւ 2020 թուականի ընտրութիւնները:
Ժողովի աւարտին պիտի ընտրուի ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նոր կազմ: