ՀՄԸՄ-Ի ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ «ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ» ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 1.30-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի բանակավայրի անուանակոչութեան արարողութիւն, ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Գառնիկ Մկրտիչեանի։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացած այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ականներ, Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքի անդամներ, հարազատներ ու բարեկամներ։

Արարողութեան բացումը կատարելով, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայացուցիչ Անուշիկ Փանոսեան նկատել տուաւ, որ Գառնիկ Մկրտիչեան տասնամեակներ շարունակ նպաստած է հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան։ Իբրեւ հայկական մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի կառոյցի հիմնադրման եւ գործունէութեան ծաւալման մէջ։ Անուրանալի է անոր դերակատարութիւնը յատկապէս Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու իրականացման մէջ։

Փանոսեան շեշտեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի մահով սփիւռքահայութիւնը եւ համայն հայութիւնը կորսնցուց ազգային-միութենական վաստակաւոր գործիչ մը, որուն հասարակական գործունէութիւնը հիմք հանդիսացաւ մշտապէս վերարժեւորելու ազգային ու պետական մեր արժէքները։

Ապա, խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ յայտնեց, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, Կեդրոնական Վարչութիւնը Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքին հետ համախորհուրդ որոշեց հիմնել ֆոնտ մը՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական ժառանգը: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրը Գառնիկ Մկրտիչեան անուանելով եւ այդ ֆոնտը յատկացնելով բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն, կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել ո՛չ միայն բանակավայրին արդիականացումը, այլեւ՝ նորութիւններու յաւելումը անոր կառոյցին վրայ։

Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ այս որոշումը կը բխի այն նկատողութենէն, որ Գառնիկ Մկրտիչեան մեծ ներդրում ունեցած է բանակումի շինարարութեան եւ ընդարձակման մէջ, նաեւ՝ բանակավայրը լաւագոյն տեղն է ՀՄԸՄ-ական մարդուժի պատրաստութեան, որուն ամրօրէն կը հաւատար Գառնիկ Մկրտիչեան, հաւատալով որ այս բանակավայրը երկրորդ տունը կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական սկաուտի։ Բանակավայր մը, ուր մեր նոր սերունդի զաւակները իրենց ազգային ինքնութիւնը կը կերտեն Արագածի լանջերուն, իրենց հայեացքները ուղելով դէպի սրբազան լերան գագաթը, որ կը մարմնաւորէ Գառնիկ Մկրտիչեանի միութենական-գաղափարական համոզումը եւ կազմակերպական աշխատանքին առանցքը:

Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Գառնիկ Մկրտիչեանի զաւակը՝ Նժդեհ Մկրտիչեանը, որ նշեց, թէ ինը ամիսներ ետք տակաւին դժուար եւ անհնար է ընդունիլ անոր բացակայութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Եւ այսօր ա՛լ աւելի դժուար է գտնուիլ հոս, շրջապատուած ՀՄԸՄ-ականներով եւ զգալ, նկատել անոր բացակայութիւնը եւ իր մասին խօսիլ անցեալ եղանակով։ Ծանր է իրականութիւնը, իսկ աւելի ծանր՝ անոր համակերպիլը։

Իր հօր մասին վկայութիւններ փոխանցելով, Նժդեհ Մկրտիչեան յայտնեց, որ կարելի չէ չյիշել Գառնիկ Մկրտիչեանի մշտական ներկայութիւնը այս բանակավայրէն ներս, առնուազն վերջին 10 տարիներուն։ Կարելի չէ չյիշել այս բանակավայրին ընդարձակման աշխատանքները, 100-ամեակի ձեռնարկները, բանակումը…։ Կարելի չէ չյիշել ընդհանրապէս անոր կապուածութիւնը այս միութեան, անոր մտահոգութիւնները, ծրագիրները, միտքերը, աշխատանքները, որոնք երբեմն դուրս գալով միութենական կեանքէն մաս կը կազմէին իր անձնական կեանքին։

Այսուհետեւ,- շարունակեց Նժդեհ Մկրտիչեան,- ան այս բանակավայրը պիտի հսկէ ո՛չ թէ աչքերով, այլ՝ իր հոգիով, ո՛չ ֆիզիքապէս հոս կանգնած, այլ՝ իր բարձունքէն, երկնային նոր բնակարանէն, իր շուրջ համախմբած ՀՄԸՄ-ական բոլոր քոյրերն ու եղայրները, որոնք յաւէտ հեռացած են երկրային մեր կեանքէն, այս աշխարհէն, ու բանաւոր բացակայութեամբ հեռու կը մնան միութենական գործունէութենէ, սակայն անոնք միանալով Արարատ ու Արագած լեռներուն պիտի պաշտպանեն այս բանակավայրը։ Բանակավայր մը, որ էր, է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ հաւաքավայրը ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներու, որոնցմով միշտ հպարտ էր Գառնիկ Մկրտիչեան։

Առիթը պատեհ նկատելով, Նժդեհ Մկրտիչեան շնորհակալութեան խօսք յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան մտայղացման եւ իրականացման համար։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք ընտանիքին հետ եղան, յիշեցին, յարգեցին ու կը շարունակեն վառ պահել Գառնիկ Մկրտիչեանի յիշատակները ու կը շարունակեն ու պիտի՛ շարունակեն անոր աշխատանքները, իրականացնելով անոր ակամայ անաւարտ ձգած գործն ու ծրագիրները։

Խօսքերու աւարտին, Գառնիկ Մկրտիչեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրի յուշաքարին օրհնութիւնը կատարեց եւ անոր յիշատակին աղօթք արտասանեց Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս Քհնյ. Պաղալեան։

Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.