Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեանի հետ

«Նպատակաուղղուած աշխատանք պէտք է տանինք ապագայ սերունդներ պատրաստելու»

Հ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը քարոզչական իր աշխատանքներու ծիրէն ներս այս տարի կազմակերպեց դէպի Արցախ հետաքննական առաքելութիւն մը, Fact finding mission, որուն մասնակից դարձան անատայի Խորհրդարանի երկու անդամներ: Փաստագրական այս առաքելութեան նպատակն էր փաստացի տուեալներ ձեռք ձգել Արցախի Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց խախտումներուն: Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք այս առաքելութիւնը:

Ռ.Տ.- Հայ Դատի ռազմավարութեան մէկ կարեւոր օղակը կը կազմէ մտաւորականներու եւ քաղաքական դէմքերու դէպի Հայաստան եւ մասնաւորապէս դէպի Արցախ այցելութիւններ կազմակերպելը. այս ծիրէն ներս ընդհանրապէս անատայի քաղաքական եւ մշակութային խաւի ներկայացուցիչներու Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը մենք շատ կարեւոր կը նկատենք: Արցախի պարագային, մեր ընթերցողները արդէն տեղեակ են, որ անցեալին յաջողեցանք զանազան քաղաքական դէմքեր Ազատական կամ Պահպանողական կուսակցութիւններուն կողմէ, բերել Հայաստան, որոնց շարքին էին Ճիմ Քարիճիանիսը, որ տարիներով Խորհրդարանին մէջ Ազատական կուսակցութեան մեզի զօրակցող բարեկամներէն մէկը եղած է, Սթեֆան Տիոնը, որ Քեպէգի Մոնթրէալի Սէն Լորանի շրջանէն երեսփոխան էր եւ Հայ Դատի շրջանակներուն մօտ անձնաւորութիւն, նաեւ զանազան առիթներով (հարիւրամեակ եւայլն) ներկայացուցիչներ տարած ենք նաեւ Հայաստան կամ դիւրացուցած ենք դէպի Հայաստան անոնց երթը: Ուրեմն այդ առումով մենք մեր աշխատանքները կը շարունակենք եւ ուրախ ենք, որ առիթը ընծայուեցաւ Պահպանողական կուսակցութենէն երկու ներկայացուցիչներ՝ անատայի խորհրդարանի անդամներ Թոնի Քլեմենթն ու Ռէյչըլ Հարտըրը գործուղելու Արցախ՝ հետաքննական առաքելութեամբ: Հայ դատի յանձնախումբը այս պարագային գործակցեցաւ գանատական այլ կազմակերպութեան մը հետ, որ ընդհանրապէս այս տեսակի հետաքննական ճամբորդութիւններ կը կազմակերպէ աշխարհի այն շրջանները, ուր հակամարտութիւններ գոյութիւն ունին: Մենք գործակցեցանք նաեւ գաղութային այլ մարմիններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի այս ծրագիրը իրականացնենք: Նշենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այս երկու երեսփոխանները հիւրընկալուեցան հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ:

Այս աշխատանքները պիտի շարունակուին, եւ այս երկու քաղաքական դէմքերը առիթ պիտի ունենան ժողովրդային հաւաքներու ընթացքին, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, հայ համայնքին զեկուցելու իրենց ունեցած փորձառութեան մասին: Նաեւ One Free World International կազմակերպութիւնը, որուն հետ Հայ Դատի յանձնախումբը գործակցեցաւ այս ուղեւորութեան ընթացքին, աշխատանք կը տանի վաւերագրական տեսաժապաւէն մը պատրաստելու, որուն նախագովազդային տեսանիւթը (trailer) պատրաստ է արդէն. աշխատանքը տակաւին իր սկզբնական ծիրին մէջ է, բայց կը յուսանք, որ մօտօրէն կ՚ամբողջանայ, եւ զայն կ՚օգտագործենք մեր քարոզչական աշխատանքներուն ի շահ:

Կ՚ուզեմ նաեւ յիշել, որ հիմակուընէ աշխատանք կը տարուի Քեպէգի եւ Դաշնակցային մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ միասին, որ անատա բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներով մասնակցի ֆրանսախօս երկիրներու նախագահներու յաջորդ վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւան, 2018-ի Հոկտեմբերին:

 

Հ.- Յառաջիկայ տարին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակն է: անատայի մէջ նշելու համար այս Ադամանդեայ յոբելեանը՝ ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը:

Ռ.Տ.- 2018-ն յոբելեաններու տարի է, որովհետեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակն է, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակն է եւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակն է. այս բոլոր յոբելեաններուն համար ձեռնարկներ կամ միջոցառումներ նկատի առնուած են: ՀՄԸՄ-ը եւ Համազգայինը իրենց ծրագիրները ունին: ալով Հանրապետութեան 100-ամեակին, մենք կը համագործակցինք Սփիւռքի աւանդական մեր միւս կուսակցութիւններուն հետ, որպէսզի անատայի բոլոր շրջաններուն մէջ համագաղութային առումով նշուի այս յոբելեանը: Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ աշխատանք կը տարուի, որ Մայիս ամսուն անատայի քաղաքական շրջանակներուն մէջ պաշտօնապէս նշուի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Կեդրոնական կոմիտէն կը ծրագրէ մասնագիտական խորհրդաժողով մը կազմակերպել, որուն մանրամասնութիւնները մօտօրէն պիտի յայտարարենք: Այս բոլորէն անկախ, մտադիր ենք նաեւ ՀՀ դեսպանատան հետ գործակցիլ՝ պաշտօնական հանդիսութիւններուն առումով: Կուսակցական ծիրէն ներս այցելութիւններ նկատի ունինք դէպի Հայասատան՝ ոչ միայն պետական պաշտօնական հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու իմաստով, այլեւ ներկայ ըլլալու Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ եւ Սարդարապատի մէջ: Այսինքն Հայաստանի մէջ կայանալիք տօնակատարութիւններուն մեր գաղութը եւս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:

 

Հ.- Անցնող Նոյեմբերին պատմական իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ անատայի մէջ, երբ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այցելեց Գանատա: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ուժային կառոյցի նախարարը կ՚այցելէ Գանատա. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ այցելութիւնը:

Ռ.Տ.- Իսկապէս աննախընթաց էր: Ուրախ ենք, որ պարոն նախարարը եւ ՀՀ դեսպանատունը ընդառաջեցին գաղութի հրաւէրին, որ նախարարը պաշտօնական իր այցելութեան ծիրէն ներս նկատի ունենայ նաեւ Գանատայի հայկական կարգ մը գաղութներու այցելութիւն: Ան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վանգուվըր՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի ապահովական թեմայով յատուկ համաժողովին: Այս առիթը օգտագործելով առաջարկեցինք նախարարին եւ պարոն դեսպանին, որ այցելութեան ընթացքին նկատի ունենայ նաեւ հանդիպումներ կատարել Վանգուվըրի եւ Մոնթրէալի մէջ: Այսպիսով գանատահայութիւնը ծանօթացաւ նախարարին: Հանդիպումները բացառիկ առիթներ եղան մեր ժողովուրդին ներկայացնելու Հայկական Բանակի հզօրացման գործընթացը եւ իրազեկ դարձնելու ապագայի ծրագիրներուն մասին: Զեկուցումները դրական եւ գնահատելի ազդեցութիւն ունեցան ներազգային առումով թէ՛ Վանգուվըրի եւ թէ՛ Մոնթրէալի եւ Լաւալի մէջ:

Քարոզչական ծիրէն ներս նախարարը Մոնթրէալ իր այցին ընթացքին առիթ ունեցաւ այցելելու գանատական զինուորական վարժարան եւ հանդիպելու զանազան քաղաքական դէմքերու հետ՝ դաշնակցային, նահանգային կամ քաղաքապետական մակարդակի վրայ: Կը կարծեմ, որ այցելութիւնը շատ շահեկան էր, եւ Գանատայի ներկայացուցիչները շատ տպաւորուած էին պարոն նախարարով: Այցելութիւնը ընդհանրապէս դրական անդրադարձ ունեցաւ բոլոր մակարդակներու վրայ:

 

Հ.- ՀՅԴ ԳԵՄ-ը այս տարի եօթերորդ տարին ըլլալով կազմակերպեց Վանաձորի իր ճամբարը: ԳԵՄ-ի 2017 տարեշրջանի համընդհանուր գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ այս ճամբարի ծրագիրը յատկապէս ինչպէ՞ս կը գնահատէք:

Ռ.Տ.- Ընդհանուր առմամբ ԳԵՄ-ի մեր երիտասարդութեան տարած աշխատանքը գաղութին մէջ բարձր կը գնահատենք: Այն աճը, զոր գաղութը ապրեցաւ վերջին 3-4 տարիներուն, իսկապէս դրական անդրադարձ ունեցաւ երիտասարդականի մեր շարքերուն մէջ: Պէտք է խոստովանինք, որ գաղութի բոլոր խաւերը աշխուժացան եւ միասին կ՚աշխատին, որպէսզի Հայ դատը առաջ տանին: Եւ մենք մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն ու կեդրոններուն մէջ նպատակաուղղուած աշխատանք պէտք է տանինք ապագայ սերունդներ պատրաստելու՝ Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը առաջ մղելու հեռանկարով: Այս բոլորը մեր աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՚իյնան: Այս բոլորը կ՚ըսեմ, որովհետեւ այս բոլորին մէջ ալ երիտասարդութիւնը իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի, եւ իսկապէս մեր երիտասարդականի տղաքը երբ աշխատանքի հրաւիրուին՝ ոչ մէկ ջանք կը խնայեն եւ միշտ պատնէշի վրայ են. լաւ կազմակերպուած են, գիտեն այսօրուան հաղորդակցութեան միջոցները լաւապէս օգտագործել եւ աշխատանքային իմաստով՝ իրենց վստահուած գործը յաջողութեամբ կ՚իրագործեն: Հետեւաբար անատայի մէջ մեր կեդրոններէն, համալսարաններէն եւ դպրոցներէն ներս իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ճամբարը, զոր յիշեցիք, լաւագոյն օրինակներ են իրենց տարած աշխատանքներուն: Վերջինիս պարագային, արդիւնքը լաւ է, սակայն ակնկալութիւնները շատ աւելին են. մեր շրջանը, կուսակցական առումով, կապուած է Լոռիի շրջանին հետ, եւ Վանաձորը Լոռիի ամենամեծ քաղաքը ըլլալով ճամբարը հոն տեղի կ՚ունենայ. ակնկալութիւնը այն է, որ յաջորդ տարիներուն ընթացքին կարենանք աւելի ճիւղաւորուիլ, եւ մեր տղաքը, գործակցելով Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ Ուսանողական միութեան երիտասարդներուն հետ, կարենան ճամբարի օրինակը կրկնել Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մէջ:

 

Հ.- Այս տարի տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովը, որ ինքնին պատմական իրադարձութիւն մըն է, որովհետեւ այս այն ժողովն է, որ կը համախմբէ սփիւռքի համայնքներու եւ գաղութներու ներկայացուցիչները եւ Հայաստանի պետական մակարդակի ներկայացուցչութիւնը, եւ այնտեղ կը կատարուին խորքային քննարկումներ՝ հայութեան ներկայ կացութեան մասին: Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները այդ խորհրդաժողովէն:

Ռ.Տ.- Ինծի համար դժուար է բաղդատել զայն նախորդներուն հետ, որովհետեւ առաջին մասնակցութիւնս էր: Ինծի համար հետաքրքրական էր այլազան ճիւղաւորումներու եւ թեմաներու առկայութիւնը: Կար պաշտպանութեան թեման, կային կրթական, Հայ դատի եւ այլ թեմաներ: Իմ հետաքրքրութիւնս պաշտպանութեան ոլորտն էր, որուն զեկոյցները ընդհանուր առմամբ շահեկան էին: Սակայն այս համագումարներու բուն աշխատանքը համագումարներէն ետք է: Սփիւռքի նախարարութիւնը կամ միւս նախարարութիւնները, որոնք կ՚առնչուին այս թեմաներուն, պէտք է կարենան իրականացնել համագումարներուն քննարկուած եւ առաջարկուած ծրագիրները: Եւ մենք, որպէս ազգ, ահագին ընելիք ունինք բոլոր ոլորտներէն ներս՝ հայապահպանման, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան, բանակին զօրակցութեան, Հայ դատի առնչութեամբ եւ այլն: Մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք որպէս ժողովուրդ, եւ այս համագումարները խթան կը հանդիսանան, որ մեր ուժերը լարենք եւ մեր աշխատանքը շարունակենք:

 

Հարցազրոյցը՝ «Հորիզոն»ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.