«Հարաւային Կովկասի Մէջ Օտարներու Կողմէ Որեւէ Միջամտութիւն Խնդիրի Լուծման Փոխարէն Խնդիրներ Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 1-ին, Թեհրանի «Սատապատ» համալիրի մէջ մասնակցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Իրանի նախագահը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետի Իրանի իսլամական հանրապետութիւն այցելութիւնը, անկասկած, բեկումնային պիտի ըլլայ երկու երկիրներու զարգացման գործին մէջ:

Նշելով, որ բարի դրացիական քաղաքականութիւնը Իրանի կառավարութեան ընդգծուած քաղաքականութիւններէն մէկն է, ան աւելցուցած է, որ օրակարգի վրայ է նման երկկողմանի հանդիպումներու կատարումը` ուղղուած Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական, առեւտրական եւ անվտանգութեան յարաբերութիւններու զարգացման:

Նախագահ Ռայիսիի համաձայն, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն 43 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:

«Մեր նպատակն է մեծցնել առեւտրական յարաբերութիւնները մինչեւ երեք միլիառ տոլար, ինչին կարելի է հասնիլ երկու երկիրներուն կամքով», աւելցուցած է ան:

«Երկու երկիրներուն միջեւ լաւ յարաբերութիւնները հաստատօրէն շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ պիտի բերեն աւելի լաւ յարաբերութիւններու», ընդգծած է Ռայիսի:

Նշելով, որ կովկասեան շրջանը Իրանի պատմութեան, քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին մէկ մասն է, Ռայիսի ըսած է, որ կովկասեան շրջանին մէջ զարգացումները, անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը շատ կարեւոր են Իրանի համար:

Ընդգծելով, որ շրջանային խնդիրները պէտք է լուծեն շրջանային դերակատարները, ան յայտարարած է. «Շրջանին մէջ օտարներու կողմէ որեւէ միջամտութիւն խնդիրի լուծման փոխարէն խնդիրներ պիտի ստեղծէ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.