ՀԱՊԿ քարտուղար. «ՀԱՊԿ –ը մտահոգութեամբ կը հետեւի Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն»
Երկիր._Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին տիրող իրավիճակը քննարկումի առարկայ դարձած է Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցող ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորուհրդի նիստին։ Այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը: «ՀԱՊԿ-ը մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններու իրավիճակի զարգացման: Սա նաեւ քննարկումի առարկայ էր ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի այսօրուան նիստին», ըսած է Զաս Չորեքշաբթի՝ հանդիպումէն վերջ: Անոր համաձայն, ՀԱՊԿ-ը կ’ողջունէ «այն բանակցութիւնները, որոնք սկսած են հայկական եւ ատրպէյճնական կողմերուն միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ եւ վիճելի տարածքներէն որոշ ստորաբաժանումներու դուրս բերումին մասին համաձայնագիրը»: «Մենք կը նշենք, որ 10 Նոյեմբեր 2020_ին եռակողմ համաձայնագիրներու իրագործումը այլընտրանք չունի», ըսած է Զաս։