Հանգանակային Արշաւ Լիբանանահայութեան 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի հայրենակիցներ եւ ՀՕՄի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ համայն ընտանիքի անունով կու գանք մեր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնել ձեր բոլորի զօրակցութեան եւ անվերապահ աջակցութեան համար, արհաւիրքի օրեր ապրող Լիբանանի մեր ժողովուրդին եւ պայթումներու հետեւանքով զոհուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն։

Երախտագիտութեամբ կուզենք յայտնել թէ՝ Թելեթոնի յանձնախումբի ջանքերով եւ ձեր բոլորի աջակցութեամբ կրցանք մեր թիրախին մօտենալ ցարդ հանգանակելով $120,000 Գանատական տոլար: Հանգանակութիւնները պիտի շարունակուին հասնելու առաւելագոյն չափով ընտանիքներու օգնութեան:

Ձեր նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր ներուժը համախմբած, անմիջական աջակցութիւն պիտի հասցնէ  մղձաւանջային  պայմաններու մէջ եւ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուող մեր հայրենակիցներուն։

Առ ի տե­ղե­կութիւն՝ անցնող երկու տարիներուն մեր կիզակետը հանդիսացան Լիբանանն ու Արցախը, որոնց համար առաջին իսկ օրէն  լծուած ենք դրամահաւաքի հանգանակային  արշաւներու: Հանգանակուած գումարները ամբողջութեամբ կը տրամադրուին նոյն այդ նպատակներուն  համար ՀՕՄի մար­դա­սի­րա­կան ծրագիրներուն:

Առաջին հանգրուանին՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ցարդ $75,000 USD փոխանցուած գումարները յատկացուեցան սնունդ եւ կենցաղային տարրական իրեր ապահովելու, համաճարակի, Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններու բերումով եւ աւելի ուշ պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով նիւթապէս տուժած եւ դժնդակ տարի մը ապրող մեր հայրենակիցներուն:

Երկրորդ հանգրուանին՝ օդի ճամբով, շուրջ $100,000 արժողութեամբ դեղորայք պիտի առաքուին Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնին, որոնց ցանկը մե­զի փո­խան­ցո­ւած էր Լիբանաի Օգնութեան Խաչի կողմէ ։

Երրորդ հանգրուանով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան թելադրութեամբ եւ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան տնօրինութեամբ՝ հանգանակուած $100,000 USD ամերիկեան տոլարը Նոր Տարուայ առթիւ պիտի բաժնուի 1000 ընտանիքներու, ամէն մէկ ընտանիքի տրամադրելով $100 USD ամերիկեան տոլար: Աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րո­ւի հա­մադ­րո­ւած ու կազ­մա­կեր­պուած կեր­պով, որ­պէս­զի մեր կող­մէ հան­գա­նա­կո­ւած ամէն մէկ գումարը  ծա­ռա­յէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­սկա­կան կա­րիք­նե­րուն:

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
Կրկին Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան եւ ՀՕՄի հանդէպ ձեր ցուցաբերած վստահութեան։ Ս­փիւռքի մեր համադրուած եւ միասնական ջանքերով է որ պի­տի յաղ­թա­հա­րենք մեր հայրենակիցներու դի­մագ­րա­ւած մարտահրաւէրները։

Հաւատարիմ մեր ա­ռա­քե­լու­թեան, ազ­գա­յին խո­ր գի­տակ­ցու­թեամբ ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, կրկին պիտի շրջանցենք այս ճգնա­ժա­մը եւ վերաշխուժացնենք Լիբանանհայ գաղութը:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.