Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակը նշուեցաւ Հալէպի մէջ
Յակոբ Բագրատունի․ «Մենք Կը Խոստանանք Մնալ Արի Ու Խիզախ։ Յուսահատութիւնը Տեղ Չունի Մեր Հոգիներուն Մէջ։ Մենք Հաւաքաբար Պիտի Յաղթենք Դաշնակցութեան Ոճով, Ոչ Թէ «Յաղթելու Ենք»-Ի Խաբկանքով»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակը Հալէպի մէջ առիթ հանդիսացաւ ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին վստահութեան արժանացած կազմակերպութեան պատմութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներու պարզաբանման։
Արդարեւ, հալէպահայութիւնը իր տարբեր միութիւններով, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով, ՀՅԴ-ի անդամներով ու համակիրներով համախմբուած էր ոչ միայն յիշատակելու ՀՅԴ-Ի յոբելեանը, այլեւ այս առիթով կազմակերպութեան խօսքը լսելու աշխարհաքաղաքական եւ հայկական դժուարութիւններով եւ վտանգներով բնորոշուող ներկայ ժամանակներուն մէջ։
ՀՅԴ 132-ամեակի յիշատակումը տեղի ունեցաւԿիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՀԵ Միութեան։
Հանդիսութեան ներկայ էին հայ երկու համայնքապետներն ու աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչը, ՀՀ Հալէպի հիւպատոսն ու հիւպատոսութեան օգնականը, ՀՀ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական խումբի Հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, Լիբանանի ՀՅԴ Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ երեսփոխանի հայազգի ներկայացուցիչը, հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու, ազգ․ մարմիններու, քահանայից դասու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ անդամներ, համակիրներ ու նահատակ հայորդիներու ընտանեկան պարագաներ եւ Գամիշլիէն, Քեսապէն, Լաթաքիայէն, Հասիչէէն ու Դամասկոսէն ժամանած Դաշնակցութեան հաւատաւոր ազգայիններ։
Ներկաները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ազգային երգերով։
Արաբերէն բացման խօսքով Քրիստ Փայասեան շեշտեց. «Այսօր կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այն հերոսներուն, մտաւորականներուն եւ ֆետայիներուն, որոնք պայքարեցան յանուն հայրենիքի ազատութեան։ Ուստի կը վերանորոգենք մեր ուխտը շարունակելու պայքարը՝ յանուն մեր հայրենիքի, մեր ինքնութեան ու մշակոյթի պահպանման»։
Մարմանդ Աշոտեան հայերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի գործունէութեան յայտնելով որ. «Ինչպէս միշտ, այսօր եւս, ժողովուրդին ծոցէն ծնած այս կազմակերպութեան դէմ կը ծառանան մահու կենաց խնդիրներ, նորօրեայ մարտահրաւէրներ: Ի հեճուկս այս բոլորին, սակայն, Դաշնակցութիւնը, անկոտրում կամքով կը շարունակէ վառ պահել ժողովուրդին ազգային միտքն ու քաղաքական կամքը: Այս իսկ նպատակով ան գործեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ` Արցախի եւ սփիւռքեան այլազան շրջաններուն մէջ ու այս ծիրէն ներս արձանագրեց բացայայտ ու անժխտելի նուաճումներ: Արցախի լինելութեան զոհասեղանին կուսակցութիւնը ընծայաբերեց հոյլ մը նահատակներ, որոնք աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Հայ Դատի արդարացիութեան ու տապալեցին հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն դէմ ծառացած լռութեան պատը»։
Հանդիսավար Վիգէն Չաղլասեան հրաւիրեց Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի ութեակը, գեղ․ ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի։ Ութեակը ջինջ ու ներդաշնակ երգեցողութեամբ յաջորդաբար ներկայացուց «Զարթիր, Որդեա՛կ», «Արցախ», «Քեզ Դաշնակցութիւն», «Ելիր ի Զէն», «Տեսէք Աղաւնին», «Է Հէ՜յ Ոտքի, Հա՛յ Ժողովուրդ» երգերը։
Հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները, բնականաբար, իրենց պատգամը պիտի բերէին տօնակատարութեան։ Արդ, Սեւակ Սիւլահեան ասմունքեց համադրում մը Դանիէլ Վարուժանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Վահագն Դաւթեանի` «Ձօն», »Հողը Որբացած» եւ «Հայրենիք» բանաստեղծութիւններէն։
Տօնակատարութեան բանախօսն էր Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, Լիբանանի ՀՅԴ Կ․Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։
Ան ողջունեց լիբանանահայութեան ճակատագրակից ու դիմացկուն հալէպահայութիւնը, ապա Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նախագահ տոքթ․ Պաշշար ալ-Ասատը, որ աննկուն կամքով դիմադրեց Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած համաշխարհային պատերազմին․ նախագահ, որ մեծ բարեկամ է հայութեան ու գուրգուրոտ՝ սուրիահայութեան նկատմամբ։
Ապա անդրադառնալով Դաշնակցութեան 132-ամեայ ուղիին ու զանազան դժուարութիւններով մէկտեղ գոյատեւումին շեշտեց․
«Փնտռեցէ՛ք ՀՅ Դաշնակցութեան նմանող կուսակցութիւն մը, որ ներկայութիւն է աշխարհի տարածքին 34 երկիրներու, հարիւրաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Փնտռեցէ՛ք նման կուսաւկցութիւն, որ հայրենահան եղած է, բայց հայրենիքով ապրած, պետականօրէն իր գործունէութիւնը արգիլուած է, բայց արգելքները քանդելով ան շարունակած է ապրիլ։ Փնտռեցէ՛ք կուսակցութիւն մը, որ հիմնուած է օսմանեան եւ ցարական կայսրութեանց օրերուն, իր ժողովուրդին հետ ապրած է ցեղասպանութիւն, անկախութիւն հռչակած է հայրենիքի մէջ՝ անկախութեան ձեռքբերման պատերազմով, հեռացած ու հեռացուած է հայրենիքէն, ապրած է համաշխարհային երկու պատերազմ, քաղաքական տարապայման միջավայրերու մէջ մասնակցած է հայութեան շահերուն պաշտպանութեան պայքարին՝ Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, դարձեալ հալածանքներու ենթարկուած է ու հայութեան շահին համար նահատակներ է տուած։
«Ցոյց տուէք կուսակցութիւն մը, որուն ակումբները կոչուած են ժողովրդային տուներ, որուն ակումբները գրասենեակներ չեն, այլ պատանիին, երիտասարդին, կնոջ, ուսանողին եւ արհեստաւորին, չքաւորին ու հարուստին, երէց ու միջին սերունդին, հայուն կողքին յաճախ նաեւ օտարին դիմաց միշտ բաց եղած են ու մեղուաբոյն՝ աշխատանքի։
«․․․Փնտռեցէ՛ք, շատ փնտռեցէ՛ք ու վստահ եղէք, որ պիտի չգտնէք։ Սա ո՛չ կուսակցակամօլութիւն է, ոչ ալ մեծամտութիւն, այլ փաստ ու աղաղակող իրականութիւն»։
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 132-ամեայ սլացքին հիմքը կը կազմեն հայութիւնն ու անոր դատին ծառայելու գոյութենական հաւատքն ու գործը։ Ապա նշեց, որ վատ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք աշխարհով մէկ, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի յանձնումը եւ անհեռանկար ու հայավնաս պարտուողական բանակցութիւնները հիասթափութիւն եւ յուսահատութիւն ստեղծեցին համայն հայութեան մօտ։ Սակայն ՀՅԴ վճռակամ կերպով կը պայքարի յոյսի ու յաղթանակի համար, այնպէս ինչպէս պայքարած է տարբեր ժամանակներու ընթացքին իր մարտիկներով՝ Գէորգ Չաւուշէն Լիզպոն, Աբօ Աշճեան թէ Սարգիս Զէյթլեան, Ռաֆֆի Պչաքճեան, Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան եւ Մոսիկ Սեքլէմեան․ օրինակներ միայն յաղթանակ կերտող խենթերու։
Ապա յայտնեց, որ յուսալի ապագայի կերտման մէջ անտարակոյս իր դերը ունի Հայաստանի կողքին Սփիւռքը։ Հիմնովին սխալ է վերապահութիւններ ստեղծել երկու զանգուածներուն միջեւ կամ իրարու նկատմամբ։ Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է, սակայն այս մէկը կը մնայ կարգախօս, եթէ անոր չհետեւի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ճիշդ գործակցութեան ծրագրաւորում։ Հզօր Սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար, իսկ հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հզօրութեան։ Այս իմաստով հաւասար պատասխանատուութիւններ գոյութիւն ունին։ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը գործակիցներ են եւ ոչ մէկը ենթակայ է միւսին։
Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ աշխարհը կ՛ուղղուի գաղափարազուրկ ընկերութեան գիրկը։ Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ նման փոփոխութիւններ աստիճանաբար մարդը կ՛ուղղեն վերածուելու աշխարհաքաղաքացիի, իսկ մենք անհրաժեշտութիւնը ունինք քայլ պահելու համաշխարհային զարգացման հետ։ Չենք կրնար կղզիանալ, դռները փակել, չտեսնել ու չլսել։ Քայլ պահել, սակայն, չի նշանակեր նմանիլ ուրիշին, կորսնցնել սեփականը, ուրանալ ինքնութիւնը։ Անհրաժեշտ է կառուցել նորը, նո՛ր հայը՝ մեր պայմաններով, ոչ թէ ուրիշին կողմէ առաջարկուած, ուրիշին համար հաճելի ու մեզ քանդող հայը։
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի տագնապալի շրջանին եւս, Բագրատունի մատնանշեց Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ կատարուած արիւնալի դէպքերը, որոնք վտանգեցին նաեւ տեղւոյն հայութիւնը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ աւերիչ դերը, յատկապէս Սուրիոյ դէպքերուն մէջ, եւ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ, գոյատեւել, վերականգնումի ձեռնարկել՝ հաւատալով տագնապի քաղաքական լուծումին, որուն ջատագովն էր Դաշնակցութիւնը։
Եզրափակելով Յակոբ Բագրատունի շեշտեց․
«Մենք կը խոստանանք մնալ արի ու խիզախ։ Յուսահատութիւնը տեղ չունի մեր հոգիներուն մէջ։ Մենք հաւաքաբար պիտի յաղթենք Դաշնակցութեան իմացած ոճով, ոչ թէ «Յաղթելու Ենք»-ի խաբկանքով»։
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ։
Ջութակահար Տեսիլ Սարեան նուագեց Արամ Արամեանի յիշատակին նուիրուած «Բանտիս Դռները» երաժշտութիւնը։
Ընթերցուեցան այս առիթով հայկական կազմակերպութիւններու շնորհաւորագրերը, որոնք լոյս պիտի տեսնեն «Գանձասար»-ի մէջ։