Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին Եւ Ֆրանսիսքոս Պապին Միացեալ Պատարագը
1343
0
Տեառնընդառաջի տօնին առիթով Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիսքոս պապը եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքը` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ, հաստատեցին եկեղեցական ամբողջական հաղորդութիւնը: Հռոմի քահանայապետը 23 սեպտեմբեր 2021 թուակիր կոնդակով հաստատած էր Հռոմի եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ նորընտրեալ պատրիարքին ու անոր նուիրապետութեան եւ ժողովուրդի միջեւ ս. հաղորդութիւնը:
Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, նորընտիր պատրիարքը իր ընտրութեան օրը քահանայապետին ներկայացուցած է հաւատացեալներուն հաղորդութիւն շնորհելու խնդրանք: