Հայ Դատի պաշտպան գանատացի իրաւագէտ փրոֆ. Իրուին Գոթլըր արժանացաւ «Հայաստանի ոգին» պատուոյ կոչումին
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովներու առիթով, տարիներու բարի աւանդութիւն մը ստեղծուած է «Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացնել Հայ Դատի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն նուիրեալ ու ծառայող անձնաւորութիւններ:
Այս իմաստով, Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան «Հայաստանի Ոգին» պատուոյ կոչումին արժանացուց Գանատայի Արդարադատութեան նախկին նախարար, Խորհրդարանի անդամ, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման յառաջամարտիկ Փրոֆէսոր Իրուին Գոթլըրը:
Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային Պատգամաւորներ, Ազգային Երեսփոխաններ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի գործավար Տիար Սեւակ Պէլեան: Ան համառօտ կէտերու մէջ ներկայացուց Փրոֆէսոր Գոթլըրըի ակադեմական ու քաղաքական կենսագրութիւնը: Այնուհետեւ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց հայութեան իրաւունքներուն ճանաչման աօնչութեամբ Փրոֆէսոր Գոթլըրի բազմատասնեակ տարիներու աշխատանքն ու իրագործումները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Փրոֆէսոր Գոթլըրըի երախտիքին, ու յուշանուէրով պատուեց զայն:
Աւարտին, ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն։