Հայ Դատի յանձնախումբը պատուեց Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսը
698
0
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Կիրակի, 3 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ի պատիւ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէներուն ու Հայ Դատի յանխձնախումբերուն, պատկան մարմիններու Հայ կեդրոնի հովանիին ներքոյ գործող միութիւններու եւ Մոնթրէալ-Լաւալ շրջանին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հերակ Հերկելեան, որ իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց ծերակուտականի տարիներէ վրայ երկարող անդամն ու իր որդեգրած հայանպաստ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ Արցախի շրջափակման եւ արցախահայութեան բռնագաղթի ենթարկման առնչութեամբ անոր հրապարակաւ եւ պետական ոլորտներէն ներս բարձարաձայնումն ու դատապարտումը:
Ապա խօսք առաւ Գանատայի Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու Յակոբ Էվէրէկլեան, որ բարեկամական վաղեմի կապեր ունի ծերակուտական Հուսաքոսին հետ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հուսաքոսի ազնիւ նկարագրին, արդարութեան եւ արդարադատութեան սկզբունքային իր հաւատարմութեան, խղճմտութեան եւ յատկապէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան հանդիսանալու երկարամեայ ուղիին: Էվէրէկլեան անգամ մը եւս հաստատեց, թէ մեր համայնքը տարիներէ ի վեր ականատեսը դարձած է հայ ժողովուրդին հանդէպ Հուսաքոսի անսասան կեցուածքներուն, մեր դատին հանդէպ իր զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ ամէն անգամ որ մեր համայնքը կարիքը կ’ունենայ իր ձայնը հասանելի դարձնելու, ան կը հանդիսանայ մեր խօսքի թարգմանը՝ հրապարակաւ, Գանատայի Խորհրդարանի կամ Ծերակոյտի դահլիճներուն մէջ:
Անկէ ետք ելոյթ ունեցաւ Հուսաքոս, եւ հաստատեց Գանատայի պետութեան տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւնը Հայաստանի ու գանատահայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցութեան գծով: Ան անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման եւ արցախահայութեան բռնագաղթի ենթարկուելուն եւ խստօրէն դատապարտեց Գանատայի կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ զինամթերք մատակարարելու արգելակման որոշումը չեղարկելու որոշումն ու Թուրքիոյ զինամթերքի վաճառման վերսկսումը: Այս առոումով, ան պահանջեց, որ հաշուի կանչուին բոլոր մեղսակից կողմերը, որովհետեւ յանցագործութիւնները միշտ կրկնելի են, երբ կը մնան անպատիժ:
Ծերակուտականի անդամը կոչ ուղղեց գանատահայ համայնքին, ինչպէս միշտ, նոյնպէս այսօր եւ ապագային աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու եւ սատարելու Գանատայի հասարակական եւ քաղաքական կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ եւ այդպիսով նաեւ սատարելու գանատահայ համայնքին մտահոգութիւններն ու պահանջները բարձրաձայնելու ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ յայտնեց իր անշահախնդիր նուիրումը Հայ Դատին, արցախահայութեան իրաւունքներուն, Հայաստանի հետ բարեկամութեան սատարման՝ ի խնդիր արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հաստատման:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան շնորհակալական խօսքով դրուատեց ծերակուտական Հուսաքոսի քաղաքական արդարապաշտ գործունէութիւնն ու գանատահայութեան զօրակցութիւնը եւ ծերակուտականին փոխանցեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ արժեւորման եւ երախտագիտութեան յուշատախտակ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց ներկաներուն հետ:
Comments are closed.