Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արմենակ Ուրֆանեանի անուան լսարանին

Յունուար 28-ը Հայոց բանակի հիմնադրման օրն է. Յունուար 28-ին ծանծ է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ հերոս հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանը։ Հայկական բանակը Յունուար 28-ին դարձաւ 28 տարեկան դարձավ, իսկ գնդապետ Ուրֆանըանը պիտի դառնար 30 տարեկան։

Յունուար 28-ին Հայրենիքի պաշտպան վերականգնողական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ուրֆանեանի անունը կրող լսարանին։ Լսարանի բացման արարողութեան ներկայ էր վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբյանը, Արմենակ Ուրֆանեանի մայրը, քառօրեայ պատերազմին նահատակուած զինծառայողներու հարազատներ։ Լսարանի կայացման ֆինանսապէս աջակցած են «Իմ քայլը» հիմնադրամը եւ Հայ օգնութեան միութիւնը։

Հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեան Մարտակերտը կը սիրէր այնպէս, ինչպէս իր հարազատ Երեւանը: Ան պաշտպանեց իր սիրած Մարտակերտը անձնուիրաբար: «Ես բանակի տղան եմ», կը սիրէր կրկնել սպան: Եւ ճակատագրական պահուն ան գործով ապացուցեց իր խօսքերուն իսկութիւնը՝ անձնական կեանքի գնով փակելով հայրենիքի «դարպասը» թշնամիին դիմաց:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, Ուրֆանիան հրամանատարութեան ներքոյ գործող չորրորդ հրաձգային վաշտի դիրքը ամենամօտն էր թշնամիին եւ ճիշդ այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցան թշնամիին առաջին հուժկու գրոհները: Նկատելով թշնամիին բազմապատիկ գերազանցող ուժերով յարձակումը՝ հրամանատար Ուրֆանեան կապուած էր զօրամասի հրամանատարութեան հետ եւ բառացիօրէն փոխանցած էր. «Թուրքերը շատ են, մենք դիրքերէն նահանջողը չենք, բայց երկար ալ չենք կրնար պահել, օգնութիւն ուղարկեցէք, որ ՄԵԶՄԷ ԵՏՔ դիրքը թուրքերուն չմնայ»: Դիրքը թուրքերուն չմնաց, բայց նահատակուեցան հրամանատար Ուրֆանեանը եւ իր զինակիցներ Քիարամ Սլոյեանը, Անդրանիկ Զոհրաբեանը և Ռոպերթ Աբաջյեանը։ Անոնք նահատակուեցան 2016 Ապրիլ 2-ի առաւօտեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.