Հայութիւնը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Հարիւրամեակին

 

1914-1918, չորս տարիներու ընթացքին եւրոպական ցամաքամասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին Դաշնակիցները` Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ ցարական Ռուսիա մէկ կողմէ եւ Գերմանիա եւ Օսմանեան կայսրութիւն` միւս կողմէ, իրարու դէմ մղեցին իր վայրագութեամբ եւ տարողութեամբ ամբողջ դար մը նախընթաց չունեցող պատերազմ մը:

Պատմութիւնը, անշուշտ, հետագային ցոյց պիտի տար, որ այն առաջինն էր միայն երկու համաշխարհային պատերազմներու, որոնց արդիւնքով եւրոպական մեծ պետութիւնները պիտի դադրին միջազգային ուժային հաւասարակշռութեան որոշիչները ըլլալէ: Բայց պատմաբաններուն համար 1914-ն էր, որ վերջ պիտի տար, այն ինչ Քարլ Փոլանյի բնութագրած էր «19-րդ դարու եւրոպական քաղաքակրթութիւնը»: Ամբողջ հարիւր տարիներու ընթացքին, կը հաստատէ 1944-ին գրուած իր «Մեծ փոփոխութիւնը» աշխատասիրութեան թեզը, ուժերու հաւասարակշռութեան մեքանիզմի, ազատական պետութեան, ազատ շուկայի եւ բարձր ֆինանսներու չորս հիմնասիւներու վրայ հաստատուած աշխարհակարգ մը աննախըթաց խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման պատմական ժամանակաշրջան մը ապահոված էր մարդկութեան: Դրամատիրական զարգացման այս հանգրուանը, սակայն, իր ներքին հակասութիւններու տրամաբանութեամբ անխուսափելիօրէն յառաջացուցած էր հասարակական ցնցումներ, դիմադրութիւն եւ զանգուածային հակազդեցութիւն` յանգելով ի վերջոյ համընդհանուր բախումի, որուն ծաւալն ու խորքային հետեւանքները ոչ ոք նախատեսած էր: Պատերազմները ուժերու միջազգային հաւասարակշռութեան ճշդումներու մեքանիզմի տրամաբանութեամբ ծրագրելու վարժ վեհաժողովներու Եւրոպան չէր հասկնար, թէ ինչպէ՛ս չէր յաջողեր վերահսկողութեան տակ առնել զինուորական գործողութիւնները, որոնք դուրս եկած էին քաղաքական բանականութենէն եւ գերի դարձած` ազգայնականութեան կիրքին: Ի վերջոյ, Դաշնակիցները ստիպուած` դիմեցին ամերիկեան ցամաքամասի ամենաարագ ճարտարարուեստականացող եւ արդէն Քարայիպեան ծովուն թէ Խաղաղականին մէջ ուժային ծաւալումի իր առաջին քայլերը տուած նոր հսկային` Միացեալ Նահանգներուն: Հոգ չէ, թէ Վուտրօ Ուիլսընի տեսլականը, որ բանաձեւուեցաւ Քոնկրեսէն Գերմանիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու արտօնութիւն խնդրող իր տասնչորս կէտերու ելոյթին մէջ, եւրոպացի դիւանագէտներուն համար քիչ մը անհասկնալի էր, եթէ ոչ` պարզապէս միամիտ: Ի՞նչ ըսել էր «ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» կամ «աշխարհը ապահով դարձնել ժողովրդավարութեան համար»…

Առաջին Համաշխարհային պատերազմով բնութագրուած 19-րդ դարու աւարտն ու 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին համար բերաւ իր հաւաքական գոյութեան շարունակման ամէնէն արմատական հարցադրումը: Երբ հոկտեմբեր 29-ին Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմին մէջ կը մտնէր Սեւ ծովու ռուսական նաւահանգիստներու ռմբակոծումով, ոչ ոք կրնար իմանալ, որ Իթթիհատական կառավարութիւնը իր համաթրքական ծրագրին հետամուտ` կը պատրաստէր Հայկական հարցին լուծումը ի դէմս հայ ժողովուրդի բնաջնջման: Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին, հետեւաբար, արժէ կանգ առնել Ա. Համաշխարհային պատերազմի որպէս երեւոյթ անդրադարձին հայ ժողովուրդի ճակատագրին վրայ եւ բաղդատական մը ընել այսօրուան իր գոյութենական կացութեան հետ:

Վերլուծական այս փորձը կ՛իմաստաւորուի, մասնաւորաբար եթէ նկատի ունենանք, որ 2014-ը ե՛ւ հայութեան համար ճակատագրական տարի է, ե՛ւ համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութեան իմաստով կրնայ նոր դարափոխումի ազդանշանը տալ: Այսպէս, 2014-ը արցախեան պատերազմի զինադադարի քսանամեակն է, այն տարին, երբ Մինսքի խումբի միջնորդական պայմանաժամը կ՛աւարտի: 2014-ին սպասելի է նաեւ սուրիական տագնապի հանգուցալուծում մը, որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ սփիւռքի թերեւս ամենատոկուն համայնքներէն մէկուն ապագային վրայ: Ինչ կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական իմաստով դարափոխութեան` Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան ապագայի ճշդումն ու Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան զարգացման ընթացքը շատ հաւանաբար որոշիչ դեր ունենան որոշ վերլուծաբաններու բանաձեւած «ոչամերիկեան» աշխարհակարգի ձեւաւորման վրայ:

21-րդ դարը սահմանող միաբեւեռ աշխարհակարգին պահը…

Եթէ միջազգային քաղաքական մտածողներուն համար գրեթէ յստակ է, որ 1989-1991 տարիներուն կատարուեցաւ համակարգային փոփոխութիւն մը, որուն առընթեր ուժերու երկբեւեռային կառոյցը փուլ եկաւ, ոչ որպէս հետեւանք երկու գերպետութիններու բախումին, ինչպէս ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան, կամ կը նախատեսուէր, որ տեղի ունենան համակարգային փոփոխութիւնները, եւ 20-րդ դարը հասաւ իր «աւարտ»-ին, այդ իրադարձութենէն աւելի քան քսանամեակ մը ետք, տակաւին յստակ չէ` ճիշդ ե՛րբ պէտք է բնութագրել 21-րդ դարու սկիզբը:

Ճիշդ է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ անոր եօթանասունամեայ պատմական փորձառութեան ձախողութեան փաստին լոյսին տակ գաղափարախօսական հակադիր բնորդը` ազատական ժողովրդավարութիւնն ու շուկայակական յարաբերութիւններու տնտեսակարգը ոչ միայն կը ներկայանար որպէս միակ այլընտրանք, այլ անուղղակիօրէն կը պարտադրուէր Ուաշինկթընի մէջ տրուած շարք մը որոշումներու գործնականացման քաղաքականութեան ընդմէջէն: Զուգահեռաբար, 1996-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան պիւտճէն աւելնալու սկսաւ այնպիսի թափով մը, որ աշխարհի միակ գերուժին պիտի ապահովէր միջազգային համակարգի մէջ ռազմական բացարձակ տիրակալութեան դիրքը: Մինչ այսօր Միացեալ Նահանգներու զինուորական հզօրութիւնը այնպիսին է, որ ոչ մէկ այլ պետութիւն, եւ ոչ իսկ` պետութիւններու ռազմական դաշնադրութիւն մը, կրնայ հաւասարակշռել: Այս մէկը, անշուշտ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բոլոր կողմերու զօրակցութիւնը վայելող քաղաքական որոշում մըն է, այսինքն` Հանրապետական-Դեմոկրատ երկկուսակցական համախոհութիւն մը, որ հիմնուած է տակաւին 1989-ին բանաձեւուած յետվիեթնամեան զինուորական վարդապետութեան վրայ, ուր Միացեալ Նահանգներ օժտուած պէտք է ըլլան զինուորական ուժերով, որ կարող ըլլան միաժամանակ երկու շրջանային պատերազմներ մղել: Մէկ խօսքով, ուժերու հաւասարակշռութեան հայեցակէտով յետպաղ պատերազմեան աշխարհակարգը յատկանշուեցաւ միաբեւեռութեամբ, եւ, գէթ ռազմական կարողութիւններու բաժանման իմաստով, այն կը մնայ միաբեւեռ` ի տարբերութիւնը հարիւր տարի առաջուան բազմաբեւեռ աշխարհակարգին, որուն սպառման բարացուցական փաստը եղաւ Մեծ Պատերազմը:

Պատմականօրէն աննախընթաց ուժային ծաւալման այն կարողականութիւնը, որ Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Միացեալ Նահանգները ձեռք բերին որպէս համաշխարհային միակ գերուժ, անխուսափելիօրէն յանգեցաւ այսպէս կոչուած Նոր աշխարհակարգի մը կառուցման ծրագիրներու յղացման: Համատարած համոզումը, կամ ենթադրութիւնը այն էր, որ պատմականօրէն աննախընթաց պահն ու Միացեալ Նահանգներու գրաւած դիրքը որպէս Պաղ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած գերհզօր ուժ` թոյլ կու տան նման իրականացում: Նախընթացներ կային անշուշտ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին իսկ Ազգերու ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը, որ այն ժամանակ իսկապէս Նոր աշխարհակարգ մը կը նշանակէր, Ուիլսընինն էր: Հակառակ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, նախաձեռնութիւնը վերապրեցաւ եւ ապրեցաւ իր զարգացումը` վերածուելու համար Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան: Պաղ պատերազմին յաջորդած պատմական ոլորտը, սակայն, նախորդներէն կը տարբերէր անով, որ Ուաշինկթընի գրաւած ուժային դիրքը այնքան ալ անհրաժեշտ չէր դարձներ ո՛չ դաշնակիցներու հետ աշխատիլը դիւանագիտական փրոթոգոլներէն անդին, ո՛չ ալ մասնաւորաբար ուժերու հաւասարակշռութեան ազդակի նկատառումը: Մէկ խօսքով, համաշխարհային միակ գերուժը կրնար միակողմանի նախաձեռնութիւններու դիմել առանց անոնց գինին մասին այնքան ալ մտահոգուելու:

Յետպաղ պատերազմեան այդ բացառիկ պահը Ուաշինկթըն չփախցուց` աշխարհին հրամցնելու/պարտադրելու համար քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման «միակ» բնորդը, որուն բացարձակ գերակայութեան` Հերկելեան «Ժամանակի ոգի»-ի իմաստով ճշմարտութեան «փաստ»-ը տրուած էր 1989-1991 թուականներու իրադարձութիւններով: Եւ, իրօք, եւրասիական ամբողջ աշխարհատարածքը այսպէս կոչուած «ռէալ սոցիալիզմ»-ի փլատակներուն վրայ ընդունեց ազատ-շուկայական յարաբերութիւնները` ազատականացնելով տնտեսութիւնը, սեփականաշնորհելով ամէն ինչ, եւ այդ ամէնը ամենաժողովրդավար կարգով… Հոգ չէ թէ քիչեր կրնային տարբերել սեփականաշնորհման կտրօններն ու ամէնուրեք իրականացուող ընտրութեանց քուէները: Խորքին մէջ, կ՛ըսէին ազատ շուկայական կրօնի նոր վարդապետները, սեփականաշնորհման կտրօնը (որ հետագային պիտի վերափոխուէր սակարանի բաժնետոմսի) եւ ժողովրդավարական քուէն զիրար կ՛ամբողջացնեն: Քիչեր այն ժամանակ հասկցան, թէ դրամատիրական զարգացման մարքսեան վերլուծումը որքան ճիշդ էր եւ որքան ստուգելի` եւրասիական տարածքին դրամագլուխի առաջին կուտակման թատերական գործընթացին ընդմէջէն… Այսպէս, գոնէ 1990-ական «անցումային» տարիներուն կասկած չկար, որ 21-րդ դարը սկսած էր, պիտի յատկանշուէր համաշխարհայնացման գործընթացով եւ անոր շարժակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն էին:

… եւ անոր աւարտը` 2008-2011

Այս տեսլականով 21-րդ դարը, սակայն, «պահ» մըն էր միայն, ինչպէս 1999-2001 թուականներու իրերայաջորդ տնտեսական տագնապները եւ, անշուշտ, սեպտեմբեր 11, 2001-ը պիտի փաստարկէին: Եւ թէեւ մինչեւ 2008 Միացեալ Նահանգներու զինուորական գերակայութիւնը, որ բռնադատող ձեւով ինքզինք արտայայտեց «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»-ով ընդհանրապէս եւ Աֆղանիստանի (2001) եւ Իրաքի (2003) զինուորական ներխուժումներով ու գրաւումներով մասնաւորապէս, 2008-ի ֆինանսական ճգնաժամէն եւ 2011-ին Իրաքէն Միացեալ Նահանգների զինուորներու հեռացումէն ետք արդէն կարելի է միաբեւեռ աշխարհակարգի արագ մաշումի նախանշաները աւելի յստակօրէն տեսնել: Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, թէ հակառակ Միացեալ Նահանգների տակաւին որոշ  ժամանակին համար շարունակուող զինուորական ուժային գերակայութեան, 21-րդ դարը ուրուագծուելու սկսած է որպէս աշխարհակարգ մը, որ հիմնականօրէն տարբեր պիտի ըլլայ 1648-ին Ուեսթֆալիայի դաշնագրով ծնունդ առած եւրոպայակեդրոն աշխարհակարգէն աշխարհաքաղաքական երկու կառուցային տեղափոխումներու պատճառով: Մինչ ուժերու հաւասարակշռութեան կշիռը հետզհետէ աւելի կը թեքի դէպի Ասիա-Խաղաղական տարածաշրջան, բնապաշարներով հարուստ երկիրները հետզհետէ աւելի զգալի դարձնելու սկսած են իրենց կարեւորութիւնը` տնտեսական զարգացման համար: Այս զոյգ տեղափոխումները կ՛իրականանան ոչ թէ աշխարհի գերհզօր միակ պետութեան հակակշիռ ուժի մը, կամ դաշնակիցներու հանդէս գալով, այլ` տարածաշրջանային հզօր պետութիւններու դերակատարութեան աճով:

Դարափոխութի՞ւն

2014 թուականը կրնայ անկիւնադարձային ըլլալ 21-րդ դարու աշխարհակարգի ամրագրման համար:

2014 թուականին Միացեալ Նահանգների զինուորական ներկայութիւնը Աֆղանիստան փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Ուաշինկթըն-Քապուլ համաձայնութեան մը պարգային, Աֆղանիստան պիտի վերածուի ամերիկեան զինուորական խարիսխի: Առանց այդ համաձայնութեան` ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան այնպէս, ինչպէս ըրած էին անգլիացիք 19-րդ դարուն եւ ռուսերը` 20-րդ դարու վերջաւորութեան: Ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ յարակից տարածաշրջանին մէջ, գումարած` Հնդկաստանի հետ տակաւին 2005-ին Ուաշինկթընի հաստատած դաշինքին, վերահսկողութեան տակ պիտի պահէ արմատական իսլամականութեան կեդրոնատեղիներէն Փաքիստանը, բայց նաեւ անմիջական դրացնութիւն պիտի հաստատէ եւրասիական տարածաշրջանի համարկումով իր աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան գօտին ամրագրելու հետամուտ Ռուսիոյ հետ: Առանց այդ ներկայութեան` կարելի է նախատեսել ե՛ւ տարածաշրջանային բախումներու հեռանկար, ե՛ւ միաժամանակ եւրասիական տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան աւելի անարգել ամրագրում:

Երկրորդ իրադարձութիւնը, որ 2014-ը բեկումնային տարուան կրնայ վերածել, Իրանի հետ հիւլէական հարցով պատմական համաձայնութեան զարգացումն է տարուան առաջին կէսին: Դրական զարգացման պարագային, Միացեալ Նահանգներ-Իրան զգուշաւոր մերձեցումը կրնայ հակակշիռ հաստատել 2011-էն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ինքզինք պարտադրող սիւննի իսլամականութեան վրայ: Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը վստահաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին վրայ, եւ այդ պատերազմը, կարելի է ըսել` առանց շատ սխալելու, Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսն է, որ կը սահմանէ…

Հայաստանն ու հայութիւնը 2014-ին

2014-ը 20-ամեակն է արցախեան զինադադարին, այն տարին, որ Մինսքի խումբի լիազօրութիւններու պայմանաժամը իր լրումին կը հասնի: Երեւանի համար անշուշտ լաւագոյնը գործընթացի շարունակման ապահովումն է, սակայն դժուար չէ անդրադառնալ, որ խորքին մէջ Ազրպէյճանն է, որ պիտի որոշէ պատերազմի վերսկսումը կամ զինադադարի շարունակումը: Աւելի՛ն. նոյնիսկ եթէ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումը մեծ ռիսք է Ազրպէյճանին, հաւանականութիւնը շատ է, որ Պաքու հակամարտութեան լուծման գործընթացը դուրս բերէ Մինսքի խմբակէն եւ տեղափոխէ ՄԱԿ, ուր, ի տարբերութիւն հայկական դիւանագիտութեան, Պաքու արդէն իր քայլերը առած է Հայաստանին ճնշումի տակ դնելու համար:

Միւս իրադարձութիւնը, որ ճակատագրական անդրադարձ պիտի ունենայ հայութեան 21-րդ դարու ապագային վրայ, անշուշտ սուրիահայութեան կացութիւնն է: Երկու տարի առաջ, երբ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը մագլցում կ՛արձանագրէր եւ հայրենի պետութիւնն ու սփիւռքեան համայնքները մէկ օրէն միւսը դէմ յանդիման գտնուեցան սուրիահայութեան գոյապայքարին օժանդակութեան հրատապ հարցին, իրենք իրենց բնականաբար պարտադրեցին օրուան խնդիրները: Այս կացութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ սուրիական տագնապը իր լուծումին չէ հասած: Սակայն արդէն օրակարգի վրայ ինքզինք կը պարտադրէ 21-րդ դարու սփիւռքեան գոյավիճակի սահմանումը, սփիւռքեան գոյավիճակի նոր տեսութեան մը յառաջացումը` որպէս մեկնակէտ վերակազմակերպական նոր գործընթացի մը:

Կարճ` Համաշխարհային Ա. պատերազմէն հարիւրամեակ մը յետոյ միջազգային յարաբերութիւնները դարափոխութեան գործընթացի մը ազդանշանները կու տան: Միաբեւեռ աշխարհակարգի հազիւ քսանամեայ «պահ»-էն ետք ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացը աշխարհաքաղաքական նոր կացութիւն մը կը ձեւաւորէ: Հայաստանն ու սփիւռքի ամենահիմնարար համայքներէն մէկը կը գտնուին ուժերու հաւասարակշռումի գործընթացի ամենաթէժ տարածաշրջաններուն մէջ: Հայութեան ճակատագիրը 21-րդ դարուն սերտօրէն առնչակից է անոնց: Ինչպէս որ էր հարիւր տարի առաջ…

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, թէկուզ եւ ամենափոքր ժողովուրդներու պարագային, սեփական ճակատագրի որոշումը կարեւոր չափով կախում ունի իր ներքին կազմակերպական կուռ ըլլալէն, խոցելիութեան սահմաններէն եւ մանաւանդ` աշխարհի մէջ իր տեղը որոշելու կարողութենէն: Այս բոլորը կրնանք սահմանել որպէս քաղաքական մտածողութիւն` հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման կարողութեան իմաստով: Առ այդ, հաւաքական գոյավիճակի ծրագրման իմաստով ո՞ւր էր հայ քաղաքական մտածողութիւնը հարիւր տարի առաջ եւ ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր:

Հայութիւնը 20-րդ Դարէն 21-րդ Դար

Հարիւր տարի առաջ հայութիւնը բաժնուած էր երկու կայսրութիւններու միջեւ, եւ հաւաքական ճակատագիրը որոշուեցաւ այդ կայսրութիւններու փլուզման գործընթացներով: Արտասահմանեան համայնքներ կային անշուշտ, բայց չէին կազմակերպուած, ոչ ալ քաղաքականապէս աշխուժ էին այնպէս, ինչպէս ինքզինք որպէս սփիւռք ճանչցած արտասահմանեան հայութիւնը պիտի ընէր 21-րդ դարու կէսերէն սկսեալ: Հայ քաղաքական մտածողութիւնը այն ժամանակ ձեւաւորուած էր արեւմտահայ եւ արեւելահայ զոյգ զարթօնքներով, Արեւմտահայաստանի մէջ կեղեքումներու դէմ տարերային ըմբոստութիւններով, եւրոպական պետութիւններու միջամտութեամբ փրկութիւն ակնկալող նախաձեռնութիւններու ձախողութեան դասերով եւ, մանաւանդ, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ծնունդ առած ազգային ազատագրական շարժումով: Պատճառաբանութեան բարդ շղթայ մը կայ այս բոլոր իրադարձութիւններուն միջեւ, եւ այս իմաստով սխալ չէ բանաձեւել ազգային ազատագրական շարժումը որպէս հայութեան արդէն կազմաւորուած հաւաքական գիտակցութեան արտայայտութիւնը: Արմէնականներու նախաձեռնութեամբ սկզբնական շրջանին, բայց շուտով նախ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, ապա Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ մղուած ազգային ազատագրական պայքարը քաղաքական մտածողութիւնը ամբողջական իմաստով յեղափոխեց հայը, որ այլեւս Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ ընդմէջէն ինքզինք ճանչցող քրիստոնեան չէր միայն, այլ` իր ճակատագիրը իր ձեռքերով կերտելու ելած գիտակից հաւաքականութիւն մը: Ինչ որ իւրայատուկ էր, 19-րդ դարու վերջին քառորդին ընթացք առած ազգային ազատագրական պայքարին անոր էապէս յառաջդիմական բնոյթն էր:

Այսպէս, ծրագրային թէ գործելաոճային իրենց բոլոր տարբերութիւններով, ՍԴՀ կուսակցութիւնը եւ ՀՅ դաշնակցութիւնը հայկական յեղափոխութիւնը գաղափարախօսական թէ պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքով տեղադրեցին համայն մարդկութեան ազատագրութեան մեծ դատին, իմա՛` ընկերվարական շարժման ոլորտին մէջ: Հայկական յեղափոխութիւնը ազգային ինքնութեան ճակատագրի կերտումը սահմանեց բացառաբար ձախակողմեան, այսինքն` ընկերային արդարութեան եւ հաւասարներու հասարակարգի ստեղծման պրիսմակին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական յեղափոխութիւնը այն ժամանակ գրեթէ բացառաբար դասակարգային պայքարով կլանուած եւրոպական ընկերվարական շարժման օրակարգին կը բերէր կայսրութիւններու մէջ ճնշման ենթարկուած հաւաքականութիւններու ազգային դատերուն իմաստն ու արդարութիւնը: Հայկական յեղափոխութիւնը, անշուշտ, առանձին չէր այդ նախաձեռնութեան մէջ: Սիոնական շարժումը, վրաց մենշեւիկները եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պայքարող քրիստոնեայ ժողովուրդներ, ինչպէս` սերպերն ու մակեդոնիացիները, իրենց քաղաքական մտածողութիւնը նոյն ուղղութեամբ կը զարգացնէին, թէեւ, հասկնալիօրէն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պայմաններուն մէջ: Ազգային ազատագրական պայքարը ձախակողմեան գաղափարախօսական հասկացողութեամբ սահմանելու եւ կազմակերպելու ճիգը երեւոյթի պիտի վերածուի միայն 20-րդ դարու երկրորդ կէսերուն. Չինաստանի մէջ Մաոյի զօրաշարժը ընդդէմ ճափոնական գրաւման եւ Չան Քայ Չեքի բռնատիրութեան, Քուպայի յեղափոխութիւնը Ֆիտել Քասթրոյի առաջնորդութեամբ, Ասիոյ, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ հակագաղութատիրական եւ հակակայսերական ազատագրական շարժումները 1960-1970-ական թուականներուն, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Իրլանտայի եւ պասքերու պայքարները: Աւելի ժամանակակից նման մտածողութեան ոլորտին մէջ կարելի է տեղադրել Վենեզուելայի Հուկօ Չաւեսն ու սկովտիացի մտածող եւ քաղաքական գործիչ Սթեֆըն Մաքսուել, ի շարս այլոց:

Ինչ որ տաս­նի­ննե­րորդ դա­րու հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան իւ­րա­յա­տուկ էր ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր: Հնչակ­եան­նե­րը տա­կա­ւին իրենց “մօ­տա­ւոր“ եւ “հե­ռա­ւոր“ ծրագ­րա­յին նպա­տակ­նե­րով այդ ուղ­ղու­թեամբ ծրագ­րա­յին բա­նա­ձե­ւում ու­նէ­ին թէ­եւ վերջ­նա­կան նպա­տա­կով շատ աւե­լի մօտ էին մարքս­եան տես­լա­կա­նին: Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շատ աւե­լի վե­րա­ցա­կան էր իր ծրագ­րա­յին բա­նա­ձե­ւու­մին մէջ եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն հե­տա­մուտ զին­եալ պայ­քա­րի ճամ­բով արեւմ­տա­հա­յու­թեան իրա­ւունք­նե­րու առօր­եայ պաշտ­պա­նու­թեան: Ամէն պա­րա­գա­յի, սխալ չէ ըսել որ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը այն ժա­մա­նակ գործ­նա­կան իմաս­տով խարսխ­ուած էր Օս­ման­եան կայս­րու­թե­նէն ներս բա­րե­կար­գում­նե­րու առա­ջադ­րու­թեան վրայ որով եւ կը մտած­ուէր վերջ տալ հա­յու­թեան կե­ղեք­ման ու շա­հա­գործ­ման: Նման առիթ ստեղծ­ուե­ցաւ 1908-ին Օս­ման­եան Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ որուն մեծ խոս­տումն էր կայս­րու­թեան բո­լոր ազ­գու­թիւն­նե­րուն տալ օրէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սար քա­ղա­քացիի իրա­ւունք: Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մի նա­խօր­եա­կին, հե­տե­ւա­բար Օս­ման­եան կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յու­թիւնը իր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի վրայ թէ Պոլ­սոյ կամ այլ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, առն­ուազն օրէն­քի սահ­մա­նու­մով այդ պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցին էր: Ճիշդ է, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­ւա­սա­րու­թեան թե­րա­հա­ւա­տու­թիւնը կը տի­րա­պե­տէր ի հե­տե­ւանք ջար­դե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու շա­րու­նա­կու­մին, որով եւ Պա­տե­րազ­մի ճիշդ նա­խօր­եա­կին դարձ­եալ բա­րե­կար­գում­նե­րու հար­ցը եւ­րո­պա­կան օրա­կար­գին գա­լու երե­ւոյ­թը: Բայց իրո­ղու­թիւնն այն էր, որ Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ հա­յու­թիւնը քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կար­գա­վի­ճակ ու­նէր եւ ու­րեմն պար­տա­ւոր էր սահ­մա­նադ­րա­կան իր պար­տա­ւո­րու­թիւնը յար­գե­լու, երբ պե­տու­թիւնը պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րեց: Մնաց­եա­լը ար­դէն յայտ­նի է… Քա­ղա­քա­ցիու­թեան նման սթա­թուս չկար 1905-էն ի վեր թա­փով իր ան­կու­մը ապ­րող Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան մէջ: Քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րը հոն շատ աւե­լի ըն­կե­րա­յին յե­ղա­փո­խու­թեան հե­ռան­կա­րով տե­ղի կ՛ու­նե­նա­յին քան այս­պէս կոչ­ուած ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի: Ի դէպ, եր­կու կայս­րու­թիւն­նե­րէն ներս ալ “ազ­գա­յին“ը աշ­խար­հագ­րա­կան սահ­ման­նե­րով հայ­րե­նի­քի եւ գե­րիշ­խան պե­տու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեամբ չէր սահ­ման­ուէր, որ­քան ալ որ հա­յու­թեան նման հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ քաջ գի­տա­կից էին իրենց պատ­մա­կան ար­մատ­նե­րու հո­ղե­րու պատ­կա­նե­լիու­թեան: Այ­սինքն, որ­քան ալ որ Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան մէջ պատ­մա­կա­նօ­րէն հայ­կա­կան հո­ղա­տա­րած­քը վար­չա­կան տար­բեր նա­հանգ­նե­րու բաժն­ուած ըլ­լար տեղ­ւոյն հայ բնակ­չու­թիւնը անոնց պատ­մա­կան ինք­նու­թեան մա­սին կաս­կած չու­նէր: Բայց հա­յու­թիւնը, ի մաս­նա­ւո­րի կայս­րու­թեան մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ան­տար­բեր չէր ըն­կե­րա­յին ու աշ­խա­տա­ւո­րա­կան շար­ժում­նե­րու խմո­րում­նե­րուն, որոնք, ի դէպ, Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան ոլոր­տին մէջ մտան 1907-ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի Կով­կաս­եան նա­խա­գի­ծով: Հե­տե­ւա­բար, եթէ 1916-էն սկսեալ Կա­մա­ւո­րա­կան Շար­ժումն էր, որ յատ­կան­շեց արե­ւե­լա­հա­յոց մաս­նակ­ցու­թիւնը Հա­մաշ­խար­հա­յին Առա­ջին Պա­տե­րազ­մին ռու­սա­կան բա­նա­կին, այ­սինքն` Դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­քին, այդ մէ­կը շատ աւե­լի հե­տե­ւանք էր արեւմ­տա­հա­յոց ճա­կա­տագ­րին գի­տակ­ցու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան առողջ բնազ­դին, որ ար­թուն մնա­ցած էր ֆետա­յա­կան շարժ­ման մաս­նա­կից եւ հի­մա կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը առաջ­նոր­դող մար­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն:

Ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին իրո­ղու­թիւնը, բնա­կա­նա­բար, հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ակա­մայ ստեղ­ծումն էր 1918-ի Մա­յի­սին: “Ակա­մայ“` որով­հե­տեւ, ինչ­պէս ծա­նօթ է, այն ար­դիւնք էր պատ­մա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու եւ ոչ թէ` ծրագր­ուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն: Պատ­մա­կան հայ­րե­նիքն ու ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը իրա­րու առըն­չող գե­րիշ­խան պե­տա­կա­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն ու անոր կա­րե­ւո­րու­թիւնը ամ­րագր­ուե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ միայն 20-րդ դա­րուն ե՛ւ այն հատ­ուած­նե­րուն հա­մար, որ Հա­յա­աս­տա­նի Խորհր­դայ­նա­ցու­մը կամ ող­ջու­նե­ցին կամ ալ ըն­դու­նե­ցին որ­պէս իրա­կա­նու­թիւն, ե՛ւ միւս­նե­րուն հա­մար որ զայն տե­ղադ­րե­ցին Սեւ­րի դաշ­նագ­րով գծուած հայ­կա­կան պատ­մա­կան հո­ղա­տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձին ու մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ գե­րիշ­խան պե­տու­թեան ստեղծ­ման նպա­տա­կին մէջ: Սխալ չէ 20-րդ հայ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ նո­րու­թիւն հան­դի­սա­ցած երկ­րորդ երե­ւոյ­թը` ար­տա­սահ­ման­եան հա­յու­թիւնը Սփիւռք հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ սահ­մա­նու­մը կա­պել հայ­րե­նի­քին ու պե­տա­կա­նու­թեան: Այլ խօս­քով` հա­յու­թեան փրկու­թիւնը որ­պէս ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն տես­նել հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հա­յա­հա­ւա­քի, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեա՛ն, տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ ան­կախ թէ գա­ղա­փա­րա­խօսա­կան ո՛ր ակ­նո­ցով կը դիտ­ուէր կամ գործ­նա­կա­նին մէջ ինչ­պէ՛ս կ՛ար­տա­յայտ­ուէր այն:

Զանց առ­նե­լով Սփիւռք­եան քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյ­թին, ար­ցախ­եան շար­ժու­մին ծնունդ տուած խան­դա­վա­ռու­թեան եւ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան անց­նող քսա­ներ­կու տա­րի­նե­րու մա­սին այ­լա­պէս անհ­րա­ժեշտ խորհր­դակ­ցու­թիւնը, հա­յու­թեան գո­յա­վի­ճա­կը այ­սօր բաղ­դա­տած հա­րիւր տա­րի առաջ­ուայ կա­ցու­թեան հետ կը յատ­կանշ­ուի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան եւ Սփիւռ­քի երե­ւոյթ­նե­րով, անոնց ան­մի­ջա­կան ապա­գա­յի հար­ցադ­րում­նե­րով եւ եր­կու երե­ւոյթ­նե­րը իրա­րու առըն­չող հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րով: Այ­սինքն` ե՛ւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը, ե՛ւ Սփիւռ­քը իրենց գո­յու­թեան շա­րու­նակ­ման յա­տուկ հար­ցեր ու­նին:

….Եթէ 2014-ը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­ման իմաս­տով դա­րա­փո­խու­թիւն կը նշա­նա­կէ, ապա եւ հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան հա­մար գլխա­ւոր հար­ցը կը մնայ Ռուս­իոյ նա­խա­ձեռ­նած Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրագ­րին բնոյ­թը եր­կու իմաս­տով: Առա­ջին` Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրա­գի­րը Ռուս­իոյ հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին կա­ռու­ցա­յին իմաս­տով ամ­րապն­դե­լու փորձ է, որ կրնայ դիտ­ուիլ որ­պէս Ան­կախ Պե­տու­թիւն­նե­րու Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան (Ա.Պ.Հ.) աւե­լի զար­գա­ցած կամ բնորդ, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ հասկց­ուիլ որ­պէս ռու­սա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան նոր հանգր­ուան: Պէտք է ընդգ­ծել որ Փու­թի­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը ոչ ցա­րա­կան կայս­րու­թեան նոր տար­բե­րակ մը պի­տի ըլ­լայ, ոչ ալ Խորհր­դա­յին Միու­թեան վե­րա­կազ­մա­ւո­րու­մը, այն իմաս­տով, որ հա­մար­կու­մի գոր­ծըն­թա­ցը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քով գե­րիշ­խան ճանչց­ուած պե­տու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ սա­կայն ո՞վ կրնայ կաս­կա­ծի տակ առ­նել, որ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի կող­քին եւ թե­րեւս ան­կէ աւե­լի կը կշռէ պե­տու­թիւն­նե­րու ու­ժա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գը: Այս իմաս­տով, Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրա­գի­րը կա­պի­տա­լիստ Ռուս­իոյ, կամ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լի, ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ծրա­գիրն է նա­եւ: Մէկ կողմ ձգե­լով այն հիմ­նա­կան հար­ցու­մը թէ մին­չեւ ե՞րբ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լիզ­մը կրնայ պա­հել տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ներ­կայ մա­կար­դա­կը, կամ` ե՞րբ հարս­տու­թեան այս ան­հա­ւա­սար բաշ­խու­մի հե­տե­ւան­քով առա­ջա­ցած եւ հետզ­հե­տէ սրող սոց­ի­ա­լա­կան բե­ւե­ռա­ցու­մը ռու­սա­կան հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս պայ­թու­նավ­տանգ աս­տի­ճա­նի պի­տի հաս­նի, յստակ է որ Հա­յաս­տա­նի հա­մար ռու­սա­կան պար­տադ­րան­քով դէ­պի Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն կա­տար­ուած քայ­լե­րուն յան­կար­ծա­կան լքու­մը եւ Մաք­սա­յին Միու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը Սեպ­տեմ­բեր 3, 2013-ին ար­դիւնք է եր­կու կախ­ուա­ծու­թիւն­նե­րու` զի­նուո­րա­կան եւ կա­պի­տա­լիս­տա­կան: Առա­ջի­նին մա­սին ար­դէն շատ խօս­ուած է եւ աւե­լորդ է այդ էջը կրկին բա­նալ: Կը մնայ միայն նշել, որ Հա­յաս­տա­նի դիւա­նա­գի­տու­թիւնը այն­պէս ալ չյա­ջո­ղե­ցաւ Մոսկ­ուա­յին ար­ժե­ւո­րել տալ Կով­կա­սի մէջ իր մի­ակ ռազ­մա­կան դաշ­նա­կի­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւնը…

Երկ­րորդ կախ­ուա­ծու­թիւնը, որ, ի դէպ, ընդ­հան­րա­պէս կ՛ան­տես­ուի որ­պէս թա­պու, աւե­լի վտան­գա­ւոր է եւ, թե­րեւս, շատ աւե­լի լաւ կը բա­ցատ­րէ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ան­կա­րո­ղու­թիւնը իրենց ռուս գոր­ծըն­կեր­նե­րուն դէմ: Քա­նի որ Հա­յաս­տան, որ­պէս սուրբ գրա­յին ճշմար­տու­թիւն ըն­դու­նած է ազատ շու­կա­յա­կա­նու­թիւնը որ­պէս տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տոկ­մա, ռու­սա­կան կա­պի­տա­լէն հա­յաս­տան­եան կախ­ուա­ծու­թեան ախ­տա­ճա­նա­չու­մը որ­պէս սկզբունք ընդ­հան­րա­պէս կ՛ան­տես­ուի: Բայց իրո­ղու­թիւնը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան ան­ցու­մը դէ­պի շու­կա­յա­կան հա­մա­կարգ եղաւ ազա­տա­կա­նաց­ման եւ սե­փա­կա­նաշ­նորհ­ման պի­տակ­նե­րով կա­տար­ուած ալան-թա­լա­նի ճամ­բով եւ ծնունդ տուաւ եր­կի­րը “քաունթ­րի քլապ“ի վե­րա­ծած բուռ մը օլի­կար­գե­րու, որոնք գրե­թէ նոյ­նա­ցած են պե­տու­թեան հետ ի դէմս պե­տա­կան ամե­նա­բարձր պաշ­տօն­ներ վա­րած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, որոնք պիզ­նէս­մէ­նի վե­րած­ուած են, կամ պիզ­նէս­մէն­նե­րու, որոնք պատ­գա­մա­ւոր եւ նա­խա­րար եղած են: Գաղտ­նիք չէ, որ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ֆի­նանս­նե­րու հոս­քով յատ­կանշ­ուած հայ­րե­նի տնտե­սու­թեան մէջ ռու­սա­կան կա­պի­տա­լին ներ­թա­փան­ցու­մը գրե­թէ բա­ցար­ձակ է եւ այդ մէ­կը հայ օլի­կարգ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: Այլ խօս­քով` Մաք­սա­յին Միու­թեան Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւնը ներ­կայ իրա­վի­ճա­կով պի­տի ծա­ռա­յէ հա­յաս­տան­եան մեծ կա­պի­տա­լի շա­հե­րուն, միշտ աւե­լի հարս­տա­նա­լու հե­տա­մուտ շա­հա­գոր­ծող­նե­րու այդ դա­սա­կար­գը աւե­լի պի­տի յղփա­նայ, եւ, ցի­նի­քա­բար, նոյ­նիսկ դրա­կան պի­տի հա­մա­րէ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խա­տանք չգտնող մաս­սա­յա­կան հատ­ուա­ծը փո­խա­նակ բո­ղո­քե­լու պի­տի նա­խընտ­րէ փրթի­նե­րը հա­ւա­քել եւ խո­պան եր­թալ…

Մաք­սա­յին Միու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան յա­ջոր­դած դժգո­հու­թեանց ալի­քը եւ անոր բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թեան փոր­ձե­րը ընդ­հան­րա­պէս իրա­րու հա­կադ­րե­ցին դէ­պի Եւ­րո­պա կամ դէ­պի Ռուս­իա գոր­ծըն­թաց­նե­րու այ­լընտ­րան­քը: Հա­յաս­տան որ­պէս գե­րիշ­խան պե­տու­թիւն կրնար ընտ­րել մէ­կը կամ միւ­սը, եւ այն­քան ալ կա­րե­ւոր չէ Եւ­րո­պա թէ Ռուս­իա պրէնտ­նե­րէն մէ­կուն ընտ­րու­թիւնը որ­քան այ­լընտ­րան­քը կա­տա­րե­լու կոչ­ուած երկ­րի ազ­գա­յին շա­հե­րը: Հիմ­նա­կա­նը այդ ազ­գա­յին շա­հե­րու սահ­մա­նումն է: Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, եր­կի­րը գնած օլի­կարգ­նե­րուն ամ­բողջ ճի­գը ազ­գա­յին շա­հե­րը իրենց շա­հե­րուն հետ նոյ­նաց­նե­լու կը ձգտի, եւ քա­նի որ անց­նող տա­սը տա­րի­նե­րուն այդ դա­սա­կար­գը կրցաւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խա­ղին ընդ­մէ­ջէն ստեղ­ծել հա­մա­կարգ մը որ ընտ­րու­թե­նէ ընտ­րու­թիւն ինք­զինք կը վե­րար­տադ­րէ, կրնայ նա­եւ Պե­տու­թիւնը օգ­տա­գոր­ծել իր շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար: Հե­տե­ւա­բար, թէ­կուզ եւ Հա­յաս­տա­նի ընդգր­կու­մը Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մարկ­ման ծրագ­րի մէջ հաս­տատ կը թուի, իր ազ­գա­յին շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը հիմ­նա­կա­նին մէջ կա­խում պի­տի ու­նե­նայ ներ­քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րէն. որ­քա­նո՞վ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը դուրս բե­րել օլի­կարգ­նե­րու ճի­րան­նե­րէն եւ ապա­հո­վել հա­սա­րա­կու­թեան լայն մաս­նակ­ցու­թիւնը ոչ միայն քա­ղա­քա­կան այլ նա­եւ ու մա­նա­ւանդ տնտե­սա­կան, այ­սինքն` հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի, որո­շում­նե­րու կա­յաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն: Միայն այդ ձե­ւով կա­րե­լի է որո­շել Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան չա­փա­նի­շին եւ գոր­ծըն­թա­ցը դնել Հա­յաս­տա­նի ու Հա­յու­թեան զար­գաց­ման ծա­ռա­յու­թեան եւ ոչ թէ վե­րած­ուիլ ռու­սա­կան մեծ կա­պի­տա­լի եւ անոր ճամ­բով իրա­կա­նա­ցող նոր կայ­սե­րա­կան ծա­ւա­լու­մի մէկ խա­ղա­քար­տին:

Նախ­քան այս նոր դա­րա­փո­խու­թեան շէ­մին Սփիւռ­քի գո­յա­պայ­քա­րի հիմ­նա­հար­ցե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նենք հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան յղաց­քը այն­պէս ինչ­պէս տրա­մա­բա­նե­ցինք աւե­լի վեր: Հա­յաս­տա­նի մեծ կա­պի­տա­լը, այ­սինքն` օլի­կարգ­նե­րը, որուն կազ­մա­ւոր­ման քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հի­մե­րը դրաւ Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եա­նի գլխա­ւո­րած Հ.Հ.Շ.-ն, իր լրու­մին հաս­ցուց Ռո­պերթ Քո­չար­եա­նի իշ­խա­նա­կար­գը եւ ամ­րագ­րեց Սերժ Սար­գս­եա­նի Հան­րա­պե­տա­կան մի­ա­կու­սակ­ցա­կա­նա­պե­տու­թիւնը, եր­բեք այն­քան ալ չէ մտա­հոգ­ուած հայ­րե­նա­դար­ձու­թեամբ: Այն­պէս ինչ­պէս եր­բեք ռիս­քը չէ առած ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու Ար­ցա­խի թէ ազա­տագր­ուած հո­ղա­տա­րածք­նե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման հա­մար: Աւե­լի՛ն, այդ կա­պի­տա­լին շատ աւե­լի ծա­նօթ են հե­ռա­ւոր Քայ­ման կղզի­նե­րը քան ըսենք Լա­չի­նը: Լե­ւոն Տէր Պետ­րոս­եան “նա­րինջ ու­տող“ սփիւռք­ցի­նե­րուն առ­ջեւ հայ­րե­նի ան­ցու­մի գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նակ­ցե­լու ամէն դուռ փա­կեց ոչ միայն որով­հե­տեւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման տար­բեր աշ­խար­հա­հայ­եացք ու­նէր այլ նա­եւ, եթէ ոչ մա­նա­ւանդ, ու­զեց սե­փա­կա­նաշ­նոր­հուող Հա­յաս­տա­նը ապա­հո­վել իր ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տին: Ռո­պերթ Քո­չար­եան յանձ­նա­ռու­թիւն առաւ քա­ղա­քա­ցիու­թեան օրէն­քը փո­խե­լու եւ Սփիւռ­քին ներգ­րա­ւե­լու Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, երբ ար­դէն կա­պի­տա­լի առա­ջին կու­տա­կու­մը ստեղ­ծած էր դրա­մա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գը: Ատով հան­դերձ, օրէն­քը ու­շա­ցաւ որով­հե­տեւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վէն ներս մեծ կա­պի­տա­լի դրա­ծոյ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ամէն ձե­ւի ար­գելք­ներ կը ստեղ­ծէ­ին: Սերժ Սարգս­եան իրա­կա­նու­թիւն դար­ձուց հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը գործ­նա­կա­նաց­նե­լու կոչ­ուած կա­ռոյ­ցը` Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը, որ սա­կայն երբ լուրջ ճի­գեր կ՛ընէ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու եւ հաս­տա­տե­լու հա­մար, կը բա­խի օդա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան գի­նե­րը անխղ­ճօ­րէն բարձ­րաց­նե­լու չվա­րա­նող հրէշ­նե­րու: Մա­քուր խղճով գոր­ծող ազ­նիւ դիւա­նա­գէտ­ներ եւ ազ­գա­յին­ներ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ­պէս­զի հա­մաշ­խար­հա­յին վարկ ու­նե­ցող ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ հա­րիւ­րա­ւոր միլի­ոն­նե­րու ներդ­րում ընեն Հա­յաս­տան եւ մեծ կա­պի­տա­լը կ՛ակտիւա­նայ պե­տա­կան մի­ջոց­նե­րու չա­րա­շա­հու­մով հայ­րե­նի շու­կա­յին մէջ անոնց մրցու­նակ զար­գաց­ման տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը փա­կե­լու հա­մար: Մէկ խօս­քով, հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը կայ, անոր գի­տա­կից են քիչ թէ շատ պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը, սա­կայն մեծ կա­պի­տա­լը թոյլ չի տար, որ այդ ծրա­գի­րը լի­ո­վին իրա­գործ­ուի: Այս վեր­ջի­նը կը նշա­նա­կէ նախ եւ առաջ ու­նե­նալ եր­կիր մը, որ քա­շո­ղա­կան ըլ­լայ ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, ապա­գայ սե­րունդ­նե­րուն կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման յոյս ներշն­չե­լու իմաս­տով: Եւ ատոր հա­մար հարս­տու­թեան վե­րա­բաշ­խու­մի նուա­զա­գոյն հա­ւա­սա­րու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է, սոց­ի­ա­լա­կան ար­դա­րու­թեան զգայ­նու­թիւն եւ հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան, կրթու­թեան եւ թո­շակ­նե­րու գոր­ծող հա­մա­կարգ: Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը այ­սօր աւե­լի մօտ է աւա­տա­պե­տու­թեան, ուր սոց­ի­ա­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը նոյ­նա­ցած է օլի­կարգ­նե­րու բա­րե­գոր­ծա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րուն հետ եւ լա­ւա­գոյն ապա­գա­յին երաշ­խի­քը կը բա­նա­ձեւ­ուի հայ­րե­նա­սի­րա­կան ճա­ռե­րով:

Այս իմաս­տով, թե­րեւս հե­տաքրք­րա­կան է դի­տել տալ, որ Սփիւռ­քէն կա­մա­ւոր հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը չէ եղած այն հա­մայնք­նե­րէն ուր ըլ­լա­լու կամ չըլ­լա­լու վտանգ կայ, ոչ ալ կեն­սա­մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման հե­ռան­կա­րով: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, կա­մա­ւոր հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան յա­ջո­ղակ երե­ւոյթ­նե­րը կու գան ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քա­կա­նա­պէս եւ տնտե­սա­պէս իրենց գտնուած եր­կիր­նե­րու մէջ լա­ւա­պէս հա­մարկ­ուած հա­մայնք­նե­րէ եւ հիմ­նա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով:

Սուր­իոյ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք Հա­յաս­տան ապաս­տա­նող­նե­րու երե­ւոյ­թը 2013-ին ան­կիւ­նա­դար­ձա­յի՞ն է այս իմաս­տով: Այ­սինքն` Հա­յաս­տան պատ­րա՞ստ է գո­յու­թե­նա­կան հարց դի­մագ­րա­ւող հա­մայն­քի մը տե­ղա­փոխ­ման եւ տե­ղա­ւոր­ման մար­տահ­րա­ւէ­րին: Հար­ցու­մը հիմ­նա­կան է որով­հե­տեւ 2014-ը կրնայ որո­շիչ ըլ­լալ նա­եւ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման հա­մար: Հե­տե­ւա­բար, են­թադ­րե­լով լա­ւա­գոյն ել­քը` խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ջող ըն­թացք եւ պա­տե­րազ­մի աւարտ, պէ՞տք է սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի զանգ­ուա­ծա­յին հայ­րե­նա­դար­ձի ծրա­գիր պատ­րաս­տել եւ իրա­կա­նաց­նել, թէ՞ այն փոր­ձա­ռու­թիւնը որուն մէջ ինք­զինք պա­տիւով փաս­տեց Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւնը իր աւար­տին կը հաս­նի եւ հա­մայն­քը կը վե­րա­դառ­նայ իր նոր առօր­եա­յին: Ան­շուշտ չենք գի­տեր թէ հա­մայն­քի տրա­մադր­ուա­ծու­թիւնը ընդ­հան­րա­պէս ինչ կրնայ ըլ­լալ նման առա­ջար­կի մը դէմ յան­դի­ման, բայց երե­ւի իրա­պաշտ է են­թադ­րել,- որ շա­տե­րը պի­տի չու­զեն լքել իրենց տու­նե­րը, ինչ որ առա­ւել հասկ­նա­լի է հա­լէ­պա­հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին: Սա­կայն սխալ պի­տի ըլ­լայ ձեռք բեր­ուած այս մեծ փոր­ձա­ռու­թեան հի­ման վրայ առաջ չեր­թալ եւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գի­րը աւե­լի հաս­տատ հի­մե­րու վրայ դնե­լու ձե­ւե­րու մա­սին չմտա­ծել… մէկ խօս­քով` Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սուր­ի­ա­հա­յե­րու հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած` կա­ռու­ցել հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան տրա­մա­դիր ամէն սփիւռ­քա­հա­յու հայ­րե­նիք տե­ղա­փոխ­ման ու հաս­տատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը դիւ­րաց­նող մե­քա­նիզմ:

Ամէն պա­րա­գա­յի, ի՛նչ ալ ըլ­լայ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի զար­գա­ցու­մը 2014+ին, Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման օրա­կար­գին վրայ ամե­նա­հիմ­նա­կան հար­ցը` սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, եւ ընդ­հան­րա­պէս Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թեան, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կան հա­մար­կու­մի մար­տահ­րա­ւէրն է հե­տեւ­եալ տրա­մա­բա­նու­թեամբ. 2011-էն ի վեր արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սոց­ի­ա­լա­կան ըմ­բոս­տու­թիւն­ներն ու անոնց տար­բեր զար­գա­ցում­նե­րը ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նը աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու շէ­մին դրած են: Առա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին Պա­տե­րազ­մին Սայքս-Փի­քօ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ստեղծ­ուած սահ­ման­նե­րը թու­լա­ցած են. քրտա­կան տար­բեր շրջան­նե­րու իրո­ղա­կան ան­կա­խու­թիւնը, ազգ-պե­տու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թեան ան­վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը, արա­բա­կան ազ­գայ­նու­թեան վերջ­նա­կան ձա­խո­ղու­թիւնը եւ, մաս­նա­ւո­րա­բար, նե­րիս­լա­մա­կան պա­ռակ­տու­մը` սիւն­նի­նե­րու եւ շի­ա­նե­րու մի­ջեւ կրնայ մին­չեւ իսկ կա­ռա­վար­ման նոր կա­ռու­ցա­ձե­ւե­րու փնտռտու­քը հրա­մա­յա­կան դարձ­նել: Սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պը երե­ւան հա­նեց քա­նի մը ճշմար­տու­թիւն: Առա­ջին, արա­բա­կան ազ­գա­յին ոչ մէկ ծրա­գիր կրցած է յա­ջո­ղիլ կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րը գե­րա­զան­ցող պե­տա­կան հա­մա­կարգ ստեղ­ծել: Ի՛նչ ալ ըլ­լայ իշ­խող ու­ժին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը, պե­տա­կան հա­մա­կար­գը չէ որ հա­սա­րա­կու­թիւնը ներ­թա­փան­ցած է այլ կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան ինք­նու­թիւն­ներն են, որ թա­փան­ցած են պե­տա­կան հա­մա­կար­գե­րը եւ զա­նոնք իրենց շա­հե­րուն ծա­ռա­յու­թեան դրած: Այս ձա­խո­ղու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մարդ­կա­յին իրա­ւանց եւ տար­րա­կան ազա­տու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնն է: Պե­տա­կան ամ­բող­ջա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գե­րու բա­րե­կարգ­չա­կան խոս­տում­նե­րը եր­բեք չեն իրա­գործ­ուիր, եւ երբ տնտե­սա­կան ազա­տա­կա­նա­ցում­նե­րը հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րուն զար­գաց­ման առիթ կը ստեղ­ծեն ամե­նէն աւե­լի հարս­տա­ցող­նե­րը միշտ կ՛ըլ­լան պե­տա­կան հա­մա­կար­գին տի­րա­պե­տող հատ­ուած­նե­րը: Երկ­րորդ, մինչ արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը սոց­ի­ա­լա­կան անար­դա­րու­թիւն­ներն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր, ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գե­րու այ­լընտ­րան­քը սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թիւնն է, որուն ամե­նա­վայ­րագ երե­սը երե­ւան ելաւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նէն ու Չէ­չէն­իա­յէն յե­տոյ Մալիի, Լիպ­իոյ, Իրա­քի, Սուր­իոյ եւ Լի­բա­նա­նի որոշ շրջան­նե­րուն մէջ: Երե­ւոյ­թը իւ­րա­յա­տուկ է, ինք­նիր­մով կը զար­գա­նայ, բայց նա­եւ կը վա­յե­լէ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ եւ Թուրք­իոյ նման եր­կիր­նե­րու ուղ­ղա­կի թէ անուղ­ղա­կի աջակ­ցու­թիւնը: Սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թեան այ­լընտ­րան­քէ այս­պէս կոչ­ուած “իս­լա­մա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը“ չէ ինչ­պէս “թրքա­կան բնորդ“ը կը քա­րո­զէ: Իս­լա­մա­կան Օրէն­քը ամ­բող­ջու­թեամբ թէ մա­սամբ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րե­լու ծրագ­րա­յին դրոյթ­նե­րը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցան որ Թու­նու­զի եւ Եգիպ­տո­սի նման եր­կիր­նե­րու մէջ ուր “իս­լա­մա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւնը“ փոր­ձարկ­ուե­ցաւ հա­սա­րա­կու­թեան ե՛ւ լա­յիք խա­ւե­րը, ե՛ւ մա­նա­ւանդ ոչ-իս­լամ հատ­ուած­նե­րը ընդ­դի­մա­նան ընդ­հուպ մին­չեւ զի­նուո­րա­կան­նե­րու վե­րա­դար­ձին զօ­րակ­ցե­լով: Եր­րորդ, սիւն­նի ար­մա­տա­կա­նու­թեան այս երե­ւոյ­թին ակ­րե­սիւ ար­տա­յայ­տու­մը գո­յու­թե­նա­կան վտանգ կը ստեղ­ծէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ամե­նա­հին եւ ամե­նա­ան­պաշտ­պան բնա­կիչ­նե­րուն` քրիս­տոն­եայ հա­մայնք­նե­րուն: Իր բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րով, լի­բա­նան­եան յա­րան­ուա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մա­կար­գը գէթ տե­սա­կա­նօ­րէն կրօ­նա-յա­րան­ուա­նա­կան գո­յակ­ցու­թեան մի­ակ երաշ­խի­քը կը թուի ըլ­լալ ցարդ: Հե­տե­ւա­բար, որ­քան ալ որ վե­րա­ցա­կան թուի, լի­բա­նան­եան հա­մա­կար­գը մի­ակն է որ կրնայ բնորդ ըլ­լալ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին կա­ռա­վար­ման նոր բնորդ­նե­րու: Բայց այդ մէ­կը կա­խում ու­նի հիմ­նա­կա­նօ­րէն Մի­ջին Արե­ւել­քի քրիս­տո­նէ­ու­թեան ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման կա­րո­ղու­թե­նէն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ցան­ցի առա­ջաց­ման կա­րո­ղու­թե­նէն: Այս ուղ­ղու­թեամբ է որ Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­յու­թիւնը, որուն կար­գին ան­շուշտ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, սփիւռք­եան իր գո­յա­տեւ­ման ան­մի­ջա­կան ապա­գան պէտք է որո­շէ:

Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման օրա­կար­գին է ան­շուշտ այն ինչ ըն­թա­ցիկ դար­ձած է կո­չել “նոր սփիւռք“ ի տար­բե­րու­թիւն “դա­սա­կան սփիւռք“ին, եւ անով կը հասկց­ուի Հա­յաս­տան կա­մա­ւոր կեր­պով եւ տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով հիմ­նա­կա­նօ­րէն Ռուս­իա գաղ­թած հա­յու­թիւնը, թիւով գրե­թէ այն­քան որ­քան Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թիւնը… Անոնց կազ­մա­կերպ­ման եւ քա­ղա­քա­կան ակտիւաց­ման հիմ­նախն­դի­րը հրա­մա­յա­կան է ան­շուշտ բազ­մա­թիւ պատ­ճառ­նե­րով, որոնց շար­քին պէտք է դա­սել նա­եւ Եւ­րաս­ի­ա­կան Հա­մար­կու­մի ծրագ­րի իրա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին Մոսկ­ուա­յի մէջ ազ­դե­ցու­թիւն ձեռք բե­րե­լու իմաս­տով – եթէ նման բան թոյլ կու տայ ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը… Մոսկ­ուա­յի մէջ քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան ձեռք­բեր­ման, քա­ղա­քա­կան ակտիւիզ­մի, կամ այս­պէս կոչ­ուած “լոպ­պիս­տա­կան“ գործ տա­նե­լու ի՞նչ դա­սեր կա­րե­լի է քա­ղել խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն: Թե­րեւս ար­ժէ նման ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րել եւ բաղ­դա­տել խորհր­դա­յին այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան, ըսենք` Մի­կոյ­եան եւ Ալի­եւ, ապա խորհր­դա­ծիլ այ­սօր­ուայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին: Կը մնայ որ հա­ցի խնդրով Հա­յաս­տա­նէն Ռուս­իա գաղ­թող­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւնը այ­սօր կը մտա­ծէ ամե­նէն աւե­լի ռու­սա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թեան ձեռք­բեր­ման եւ յե­տոյ Փու­թի­նի յա­ւեր­ժա­կան ընտ­րու­թեան քան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մի մա­սին: Այ­պա­նե­լի չեն բնաւ: Այս “նոր սփիւռք“ կազ­մա­կերպ­ման խնդի­րը օրա­կար­գի վրայ դնե­լով հան­դերձ, ար­դար չէ՞ հարց տալ թէ ի՛նչ կա­րե­լի է ընել որ նման հարց օրա­կար­գի վրայ ընդ­հան­րա­պէս չըլ­լայ, կամ` ին­չո՞ւ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնը հոն­կէ չսկսիլ…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.