Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անսակարկելի է. Արամ Ա. Վեհափառ

Յունիս 5-ին «Հորիզոն»ի հետ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին Արամ Վեհափառ անդրադարձաւ Սփիւռքի գաղթօճախներու առաջնահերթութիւնները վերակազմակերպելու մասին, եւ՝ պատմութեան ճակատագրորոշ մեր հանգրուանին՝ Արցախեան ճակատի պատնէշները ամուր ու կազմակուռ պահելու մասին։

Հարցազրոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Մոնթրէալ իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Սփիւռքի վերակազմակերպման, Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն շուրջ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հորիզոն»ի հետ, 5 Յունիս 2023-ին:

Ինչպէս գիտենք, 2023 տարին Վեհափառ Հայրապետը նոյնպէս հռչակեց Սփիւռքի տարի. Սփիւռքի վերակազմակերպում՝ ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում: Այս մասին Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Վերակազմակերպումը կ’ենթադրէ ինքնաքննութիւն եւ ինքնաարժեւորում: Կ’ապրինք յարատեւ ու արմատական փոփոխութիւններ կրող աշխարհի մը մէջ. մեր շուրջը նոր երեւոյթներ, նոր զարգացումներ կը տեսնենք ամէն օր, նոյնիսկ ամէն վայրկեան, եւ մեր գաղութները կոչուած են քայլ պահելու ներկայ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ, որովհետեւ մեր գաղութները մաս կը կազմեն տուեալ երկրին ընկերութեան: Մենք չենք կրնար կղզիացած կերպով ապրիլ, ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ:

Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնանք մէկ կողմէն մեր ինքնութիւնը կազմող արժէքները պահել ու միաժամանակ մաս կազմել տուեալ ընկերութեան ընդհանրական կեանքին: Տուեալ գաղութը անհրաժեշտ է, որ ինքզինք քննէ, իր միջավայրին լոյսին տակ: Ըսեմ, որ այս մէկը դիւրին ընթացք մը չէ, կ’ենթադրէ որդեգրել այնպիսի գործընթաց մը, որ պէտք է ունենայ հանգրուանային զարգացում եւ յառաջատուական ընթացք: Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ շեշտել, որ իւրաքանչիւր գաղութ ինք պէտք է ճշդէ, թէ ի՛նչ ձեւով կրնայ ինքզինք վերանորոգել»:

Հարցազրոյցը վարող խմբագիր Վահագն Գարագաշեան անդրադարձաւ Կաթողիկոսութեան Մայիս 28-ին հրապարակած յայտարարութեան, որուն մէջ Կաթողիկոսութիւնը կը մերժէ Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կամ գործող իշխանութիւններուն կողմէ: «Մեր պատմութեան ճակատագրորոշ այս հանգրուանին ի՞նչ պէտք է ընէ համայն հայութիւնը՝ հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, Արցախեան պատնէշները ամուր ու կազմակուռ պահելու համար» հարցուց ան, որուն ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սփիւռքը զանազան առիթներով եւ այս պարագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի հարցի գծով յստակ շեշտաւորումներով իր կեցուածքը արտայայտած է: Մեր կեցուածքը զգացական չէ, մեր կեցուածքը հիմնուած է պատմական տուեալներու ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի տուեալներուն վրայ: Ճիշդ է, որ Արցախը պատմութեան ընթացքին զանազան վերիվայրումներէ անցած է եւ զանազան դրուածքներ ունեցած է, սակայն վերջին անգամ, սովետական շրջանին, Արցախը առանձին կարգավիճակ ունեցած է: Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է այդ կարգավիճակը, որ տակաւին 35 տարիներ առաջ ի զօրու էր, անտեսել, եւ Արցախը նկատել Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սահմաններէն ներս, այսինքն փաստօրէն Արցախը նկատել Ատրպէյճանի մաս… Միւս կողմէն, Արցախի ժողովուրդը զանազան առիթներով յստակօրէն իր ինքնորոշման իրաւունքը արտայայտած է, եւ միջազգային օրէնքին համաձայն՝ ժողովուրդ մը, երբ ինքնորոշման իրաւունքը ազատօրէն կ’արտայայտէ, պէտք է ճանչնալ թէ՛ տուեալ երկրին շրջապատին պատկանող երկիրներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին, այլապէս միջազգային օրէնքը իր իմաստը եւ նպատակը կը կորսնցնէ:

Թէ ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել հողային ամբողջականութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը, կարելի՛ է. ձեւերն ու մօտեցումները կան, սակայն այս բոլորը անտեսել Հայաստանի կողմէ եւ նուէրի պէս ափսէի վրայ դրուած զայն ընծայել Ատրպէյճանի, մեր կողմէ ընդունելի չէ: Եւ ոչ միայն մեր կողմէ, ինքզինք հայ նկատող ոեւէ անհատի կողմէ ընդունելի չէ, որ մենք այսպէս, դիւրին եւ աժան կերպով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը մէկդի դնենք եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ընդունինք: Այս եղած է մեր Սուրբ Աթոռին կեցուածքը եւ ա՛յս կը մնայ»:

Վեհափառ Հայրապետը հայրենի մեր ժողովուրդին անփոյթ կեցուածքը մատնանշելով յայտնեց. «Մեր ժողովուրդը, յատկապէս Հայաստանի մէջ, չի կրնար անտարբեր մնալ, երբ Արցախի ժողովուրդը ոտքի կանգնած է եւ իր իրաւունքը կը պահանջէ: Երբ սփիւռքի մէջ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպուին եւ շրջապատի քաղաքական պատասխանատուներուն հետ կապ պահելով քարոզչական հսկայ աշխատանք կը տարուի, ինծի համար անհասկնալի է Հայաստանի ժողովուրդին անտարբերութիւնն ու լռութիւնը»:

Խմբագիրը յայտնելով որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան կենդանի վկան եւ մեր պահանջատիրութեան դրօշակիրն է, անդրադարձաւ Հայաստանի կարգ մը պաշտօնատարներու կողմէ եղած այն յայտարարութեան, թէ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը իր աւարտին հասած է: «Նման յայտարարութիւններ մահացու հարուած կը հասցնեն եւ կը նսեմացնեն անցնող 70-80 տարուան պահանջատիրական պայքարը» ըսաւ ան եւ հարց տուաւ, թէ ի՛նչ է Սուրբ Աթոռին կեցուածքը նման յայտարարութիւններու նկատմամբ: «Այս հարցերը համահայկական բնոյթ ունին. Արցախի հարցն ու ցեղասպանութեան հարցը: Ես չեմ ուզեր այս հարցերը դիտել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի շրջագիծէն ներս: Համահայկական հարցերուն նկատմամբ մենք պէտք է համահայկական մօտեցումներ որդեգրենք» ըսաւ ան: Ապա Թուրքիոյ հարցով, ան յայտնեց, թէ կարելի է սահմանները բանալ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ, սակայն ոչ ի հեճուկս ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի իրականութիւն է. միջազգային համայնքը լայն կերպով արդէն ճանչացած է ցեղասպանութիւնը: 100-ամեակին Հայաստանի պետութեան կողմէ հրապարակուած հռչակագիրին մէջ մենք ճանչցած ենք ցեղասպանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ այդ հռչակագրին մէջ յիշուած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները հետապնդէ: Հետեւաբար, երբ այսօր տեղ-տեղ արտայայտութիւններ կը լսենք, որոնք ցեղասպանութեան ճանաչումը մէկդի կը ձգեն եւ կ’ուզեն Թուրքիոյ հետ անձնատուական յարաբերութիւններ մշակել՝ մենք վերապահ կը մնանք այս ուղղութեամբ» յայտնեց ան եւ աւելցուց. «Մեզի համար անընդունելի է ազգային շահերուն եւ պետական շահերուն միջեւ խրամատ մը հաստատել, անջատել եւ հակադրելը: Պետական շահերը պէտք է դիտուին ազգային եւ համազգային շահերու շրջագիծէն ներս: Մեզի համար ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ անսակարկելի է: Հայ ըլլալ կը նշանակէ պահանջատէր ըլլալ»:

Վեհափառ Հայրապետը կրկին անգամ շեշտեց, թէ այնքան ատեն որ Թուրքիա ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, մեր ժողովուրդի իրաւունքները չէ ճանչցած, մեր կեցուածքը կը մնայ նոյնը: «Եւ իմ սպասումս է, որ Հայաստանի ժողովուրդը այս գիտակցութեամբ մօտենայ այս հարցին: Մեր ազգային պահանջատիրութիւնը սփիւռքին չի պատկանիր, համազգային պահանջատիրութիւն է. Արցախի հարցը միայն Արցախի հարցը չէ, սփիւռքի հարցը չէ, այլ Հայաստանի հարցն է, Հայաստանի իշխանութեան հարցն է, մեր բոլորին հարցն է, եւ մենք իրաւունք չունինք մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնը նսեմացնել, տկարացնել, մենք մէկ ամբողջութիւն ենք, մէկ ամբողջականութեան մէջ՝ Հայաստան, Արցախ սփիւռք, իւրաքանչիւրը իր ընելիքը ունի, բայց ոչ զիրար հակադրելով, այլ՝ մէկը միւսը ամբողջացնելով» շեշտեց ան:

Հայրապետը իր զրոյցը եզրափակեց ըսելով. «Արցախի հարցը համազգային հարց է, մեր բոլորին հարցն է, եւ մեր կեցուածքը յստակ է, Մենք Արցախի ժողովուրդին հետ ենք, Արցախի ինքնորոշման հետ ենք, միեւնոյն ժամանակ մենք պահանջատէր ենք եւ այս գիտակցութեամբ պէտք է մեր ժողովուրդին պայքարը շարունկենք թէ՛ Արցախեան ճակատի վրայ եւ թէ՛ ազգային պահանջատիրութեան ճակատի վրայ»:

 

Comments are closed.