ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ – 1918-1920
Հայկական նոր պետութիւնը կը հիմնուի 1918 Մայիս 30-ին, երբ Հայոց Ազգային Խորհուրդը՝ Թիֆլիսի մէջ, Հայաստանը անկախ կը յայտարարէ: Կ՚որդեգրուի ժողովրդավար-հանրապետական վարչաձեւ: Հայաստանի առաջին օրէնսդիր մարմինը ինքնաբերաբար կ՚ըլլայ Հայոց Ազգային Խորհուրդը (1917 Սեպետեմբեր 29-էն-Հոկտեմբեր 9 Թիֆլիս գումարուած արեւելահայոց միջ-կուսակցական խորհրդաժողովին կողմէ ընտրուած է գործադիր մարմին, որ կը փոխարինէ «Թիֆլիսի Հայոց Բիւրօ»ն): Հանրապետութեան վարչապետ կը նշանակուի Յովհաննէս Քաջազնունին, որ կը կազմէ նորաստեղծ պետութեան առաջին կառավարութիւնը:
Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի անդամները Թիֆլիսէն կը փոխադրուին հայոց նոր մայրաքաղաքը՝ Երեւան, 1918 Յուլիս 19-ին: Վարչապետ Քաջազնունիի բառերով՝ հայրենի հողին վրայ հայկական նոր պետութիւնը գործի կը ձեռնարկէ _ «Անձեւ քաոսի ու կատաստրոֆիկ պայմանների մէջ»:
Հայոց Ազգային Խորհուրդը կը վերակոչուի «Հայաստանի Խորհուրդ», որ նորաստեղծ պետութեան Սահմանադիր ժողովի դերը կը կատարէ մինչեւ 1919-ի Յունիսի վերջերը, երբ հայ ժողովուրդը իր քուէներով կ՚ընտրէ պետութեան Օրէնսդիր Մարմնի պատգամաւորները:
Հայաստանի Խորհուրդը կը վաւերացնէ հայոց պետական դրօշակը՝ Եռագոյնը: Այս մասին, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորին մէջ Ս. Վրացեան կը գրէ հետեւեալը.
«Հաստատուեց Հայաստանի ազգային դրօշակը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարնջի գոյներով: Դրօշակի ձեւի եւ գոյների շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ. ի նկատի առնուեցին հայոց պատմական դրօշակները, լսուեց հայկաբան Ստ. Մալխասեանի հիմնաւորուած զեկուցումը հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեց ընդունել վերոյիշեալ երեք գոյները՝ պայմանով, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր Ժողովի կողմից, որը պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածների միացումից յետոյ:
«Ի՞նչ բովանդակութիւն կամ խորհուրդ էր դրուում այդ գոյների կամ դրօշակի ամբողջութեանը մէջ:
«…. Այդ գոյները, կարծես, բխում էին մեր կեանքից, խորհրդանշում էին հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան: Կարմիրը հայ ժողովրդի թափած արիւնն էր. կապոյտը՝ Հայաստանի կապոյտ երկինքը եւ նարնջի կամ ոսկու գոյնը՝ խտացումը աշխատանքի: Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով էր ձեռք բերել իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկնքի տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ՝ պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ…»:
Հայաստանի Խորհուրդի (խորհրդարան) պաշտօնական բացումը կը կատարուի 1918 Օգոստոս 1ին, Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Հայր Աբրահամի (Աւետիք Սահակեան) եւ մասնակցութեամբ 46 պատգամաւորներու՝ 38 հայ, 6 իսլամ, 1 եզիտի, 1 ռուս:
«Երբ իր խօսքն աւարտելուց յետոյ, Ա. Սահակեան արտասանեց _ “Յայտարարում եմ Հայաստանի Խորհուրդի նիստը բացուած”, դուրսը, խորհրդարանի շէնքի գլխին, բարձրացաւ Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշակը եւ հազարաւոր բերաններ որոտացին “կեցցէ՛”. ծափահարութիւնները թնդացուցին օդը: Հնչեց «Մեր Հայրենիք»ը: Զօրքը բարեւի կեցաւ»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւն», Ս. Վրացեան
ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ 1918 ՄԱՅԻՍ 30-ԷՆ 1920՝ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
_ Բաթումի մէջ կը ստորագրուի հայ-թրքական դաշնագիրը՝ Յունիս 4ին:
_ Թուրքիոյ հետ բանակցելու համար կը կազմուի յատուկ պատուիրակութիւն մը: Աւետիս Ահարոնեան կը գլխաւորէ պատուիրակութիւնը, որ Կ. Պոլիս կը մեկնի 1918 Յունիս 14ին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ալեքսանդր Խատիսեան, Մ. Պապաջանեան:
_ Յատուկ ճիգ թափելով, երկրին մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատուի: Կը բարձրանայ ժողովուրդին բարոյական կորովը:
_ Կառավարութեան առաջնահերթ գործը կ՚ըլլայ 450 000 գաղթականներու տեղաւորումը, սննդաւորումն ու գործի հայթայթումը, ապա պայքարը սովի ու համաճարակներու դէմ:
_ Կը վերահաստատուի հաղորդակցութիւն արտասահմանի հետ:
_ Կ՚որոշուին պետական նախարարութիւնները՝ արտաքին գործոց, ներքին գործոց, զինուորական, լուսաւորութեան, արդարադատութեան, տնտեսութեան, հաղորդակցութեան, աշխատանքի:
_ Կը կազմակերպուին բանակը, ոստիկանական վարչութիւնները, գաղտնի սպասարկութիւնը. կը հաստատուին դատարաններ:
_ Վրաստանի ու Ադրբեջանի մէջ աղէտահար բազմահազար հայերու օգնութեան գործին կը ձեռնարկուի:
_ Տեղի կ՚ունենայ հայ-վրացական պատերազմը, որու շնորհիւ Հայաստան կը տիրանայ Լոռի գաւառին:
_ 1919 Փետրուար 12-ին, Երեւանի մէջ կը գումարուի Արեւմտահայ երկրորդ համագումարը, որ կը հանէ հետեւեալ բանաձեւը՝ «Արեւմտահայ երկրորդ համագումարը, քննելով հայ ժողովուրդի ներկայ կացութիւնը, սրտագին կ՚ողջունէ եւ կը յայտարարէ Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը»: Ապա, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կը հեռագրէ՝ «Արեւմտահայ Բ. համագումարը՝ ողջունելով Հանրապետութեան անդրանիկ Խորհրդարանը՝ վստահ է, որ ան եւս իր հեղինակաւոր ձայնը պիտի միացնէ հայութեան ամենէն շատ տանջուած եւ զոհաբերած խոշոր հատուածի ձայնին՝ ունենալ մէկ հայրենիք, Միացեալ Անկախ Հայաստան, մէկ պետական կազմակերպութեամբ: Համագումարը հաւատացած է, որ Խորհրդարանը չի ուշանար իր որոշումը տալու հայութեան համար խիստ կարեւոր այս խնդրի մասին»:
_ Դեսպանատուներ կը հաստատուին Վրաստանի, Ադրբեջանի, Պարսկաստանի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Միացեալ Նահանգներու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ: Դիւանագիտական ներկայացուցիչներ կ՚ուղարկուին Բոլշեւիկ Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ ճերմակ ռուսերը ներկայացնող զօր. Դերենիկի եւ Քոլչակի մօտ, նաե՛ւ Փարիզ, Լոնտոն, Պերլին, Կ. Պոլիս, Աթենք, Պուքրէշ, Սոֆիա, Գահիրէ:
_ Հայաստանի Խորհուրդը «Միացեալ-Անկախ Հայաստան»ի Ակտը կը յայտարարէ 1919, Մայիս 28-ին:
_ Արեւմտեան պետութիւններէն, Միացեալ Նահանգներէն ու արտասահմանի հայ ժողովուրդէն Հայաստանի համար նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ կ՚ուղարկուի վարչապետ Յ. Քաջազնունին:
_ Պարտուած Թուրքիոյ եւ յաղթական Անգլիոյ միջեւ 1918-ի Հոկտեմբեր 30-ին ստորագրուած Մուդրոսի դաշնագրի պայմաններու համաձայն, հայկական զօրամասեր, մինչեւ 1919ի Ապրիլի վերջերը, կը վերագրաւեն թուրք բանակէն պարպուած Ալեքսանդրապոլը, Կարսը, Կաղզուանը, Արտահանը, Սարիղամիշը, Սուրմալուն ու Նախիջեւանը:
_ 1919ի Յունուարին Փարիզ կը մեկնի Ա. Ահարոնեանի գլխաւորած հայկական պատուիրակութիւնը՝ մասնակցելու համար Խաղաղութեան Վեհաժողովին:
_ Հայաստանի Սահմանադիր Ժողովի (Խորհրդարան) պատգամաւորներու ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1919-ի Յունիս 21, 22, 23-ին: 259 886 քուէարկողներէն 230 212 հոգին իրենց քուէները կու տան Դաշնակցութեան թեկնածուներուն: Կ՚ընտրուին 80 պատգամաւորներ, 72ը դաշնակցական: Քուէարկութեան կը մասնակցին Հայաստանի կիները:
_ Կը կատարուի Հայաստանի վարչական բաժանումը _ չորս նահանգներ, տասը շրջաններով: Կ՚ընտրուին նահանգապետներ ու գաւառական վարչութիւններ:
_ Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան կը հասնին ալիւր, դեղորայք եւ սննդանիւթեր, 1919ի գարնան: Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚օգնէ Ամերիկայի «նպաստամատոյց»ին ու «Հայերու օգնութեան կոմիտէ»ին՝ նպաստները ըստ կարիքի եւ արդարօրէն ժողովուրդին բաժնելու հաշար:
Comments are closed.