Հայկական դիւանագիտութիւնը եւ Սփիւռքի որպէս «փափուկ ուժ» գիտակցումը
Խ. Տէր Ղուկասեան
Դժուար է հայ դիւանագէտներուն գործը:
Խօսքը կը վերաբերի ասպարէզով դիւանագէտ, խորհրդային ժամանակներէ անցում կատարած թէ, ի մասնաւորի, անկախութեան տարիներուն կազմաւորուած և փորձառութիւն ձեռք բերած հայենասէր ու նուիրեալ մասնագէտներուն: Ոչ թէ այն միւսներուն, օլիկարգ թէ անգլերէն խօսող դասատու, որոնք օրուայ ղեկավարին նեղ շրջանակին մէջ գտնուելուն թէ այդ շրջանակին շահագրգռութիւնը շարժել գիտնալնուն համար կը նշանակուին դեսպան, հիւպատոս թէ յատուկ գործերու յանձնակատար, երբեմն շատ զգայուն ժամանակներու և ռազմավարականօրէն շատ կարևոր վայրեր, հոգ չէ իրենց ներդրումը Հայաստանի շահերուն թէ դիւանագիտական գործին ընդհանրապէս ըլլայ նոյնքան զէրօ որքան իրենցմէ շատերն են յաճախ:
Խօսքը իրենց առաքելութիւնը խղճի խայթով կատարող հայ դիւանագէտներուն մասին է, անոնց որոնք Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն յետոյ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ իր շահագրգռութիւնը, և թերևս հետաքրքրութիւնն իսկ, կորսնցուցած փոքր երկրի մը տեղը կը փորձեն վերասահմանել ու հաստատագրել համաշխարհային ոլորտի փոթորկայոյզ և վտանգաւոր փոփոխութիւններու ներկայ ժամանակներուն:
Հայ դիւանագէտները, հայ զինուորականներուն կողքին, այն դերակատարներն են որ թերևս ամենէն աւելի կը հասկնան և կը մարմնաւորեն պետութեան և իշխանութեան տարբերութիւնը: Այդ պատճառով ալ, անոնց դերակատարութեան անտեսման, թերագնահատման կամ «դեկրատացման» ամէն փորձ, որուն ականատես եղանք ի մասնաւորի Նոյեմբեր 9, 2020-ի եռակողմանի համաձայնագրի ստորագրութեան պահէն սկսեալ, հարուած է նախ և առաջ ազգային պետականութեան:
Աւելի՛ն, անկախութեան յաջորդած տարիներու հայ դիւանագէտներու յաճախ լուսարձակներէ հեռու բայց հետևողական գործը՝ երկիրը պահելու միջազգային օրակարգին վրայ կրկնակիօրէն պիտի գնահատել որովհետև, փաստօրէն, բացակայեցաւ պետական քաղաքականութեան թերևս ամենէն հիմնական գործօնը որ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնն է: Անկախ թէ այդ մասին քանի փաստաթուղթ կազմուեցաւ, կամ որքան հռետորաբանականօրէն գործածուեցաւ յղացքը: Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, յաճախ ծանօթ ԱՄՆ-ի Միջազգային Յարաբերութիւններու ակադեմական մարզին մէջ յղացուած և գործածութեան դրուած Մեծն Ռազմավարութիւն (Grand Strategy) տերմինով, իրարու կ’առընչէ դիւանագիտական և պաշտպանական մարզերը ի խնդիր շատ ընդարձակ հասկացողութեամբ «ազգային շահ»ի պաշտպանութեան:
Իր աշխարհաքաղաքական խորքով և մասնագիտական փորձառութեան վստահութեամբ, Մեծն Ռազմավարութիւնը նաև շարունակականութիւն կու տայ պետական քաղաքականութեան, կը բնորոշէ հաւաքական գոյութենութեան կարմիր գիծերը և կը ճշդէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան «ինքնութիւնը» միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Այս չի նշանակեր որ Մեծն Ռազմավարութիւնը մնայուն կայունութեամբ պիտի յատկանշուի: Նման բան չկայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Կը նշանակէ, սակայն, որ ինչ անհրաժեշտ փոփոխութիւն ալ որ ըլլայ համաձայն օրուայ իշխանութեան, արտաքին քաղաքականութիւնը կը պահէ իր ուղղուածութեան բանականութիւնը, ուր և պիտի տեսնել հիմնականին մէջ պետական քաղաքականութեան շարունակականութիւնը, հաւաքական գոյութենութեան կարմիր գիծերը և արտաքին քաղաքականութեան «ինքնութիւնը» միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ:
Ճիշդ է որ Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ, և որպէս հետևանք այսպէս կոչուած «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» ղեկավարներուն ամէն ինչ վերստեղծելու, զերոյէն սկսելու փառատենչութեան, այն ինչ որ դեռևս անկախ պետականաշինութեան զարգացման հետ կազմաւորուած էր որպէս ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւն յանկարծ ժխտուեցաւ: Անով ալ արտաքին դաշնակիցներու թէ թշնամիներու մէջ առաջացաւ նախ անվստահութիւն, ապա, և ի մասնաւորի, ստեղծուած համընդհանուր շփոթէն, միամիտ ու բովանդազուրկ հրապարակային յայտարարութիւններու անիմաստ պատգամներու անելէն օգտուելու համոզում: Արդիւնքով՝ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմն ու պարտութիւնը: Բայց, ահաւասիկ, նման պարտութիւն ինքնին ազդանշան է որ շատ հաւանաբար այն ինչ որ թէկուզ և առկայ եղած ըլլար Ապրիլ 2018-էն առաջ որպէս Մեծն Ռազմավարութիւն փաստօրէն այնքան ալ հաստատագրուած չէր որ այնքան հեշտօրէն տապալեցաւ ամբոխահաճոյ ելոյթներով: Հետևաբար, եթէ յետ-պատերազմեան այս հանգրուանին ամէն ինչ պիտի վերամտածել այն զերօ կէտէն ուր, ըստ երևոյթին, տակաւին չենք հասած, կամ տակաւին մեզի չեն հասցուցած այս իշխանութիւնները, առաւել պատճառ է որ առանձին գնահատենք հայ պետականութեան պահպանման յանձնառու դերակատարներէն այսօր ամենէն դժուար մարտահրաւէրը դիմագրաւող դիւանագէտները, և անոնց ընդմէջէն հայկական դիւանագիտութիւնը:
Արդ, անկախութեան առաջին օրէն իսկ թերևս պետական ոչ մէկ դերակատար այնքան լաւ չէ հասկցած հայկական Սփիւռքը որպէս միջազգային քաղաքականութեան մէջ «փափուկ ուժ» որքան հայ դիւանագէտը: Սփիւռքի այս պատկերաւորում/ընկալումը շատ նոր է, և, հետաքրքրականօրէն, բանավէճի կարգով առաջադրուած է հայկական իրականութեան ծանօթ սակայն ոչ-մասնակից ոչ-հայ դիտորդի մը կողմէ: «Ազրպէյճանը ունի քարիւղ, Հայաստանն ու Արցախը ունին Սփիւռք» ըսուած է Սփիւռքի դերին ու տեղին մասին պատկերաւոր բանաձևումներու փնտռտուքի էն սկիզբին: Ապա աւելի յաճախ գործածուած է «Սփիւռքը մեր ռազմավարական գործընկերն է» հռետորաբանական դարձուածքը: Հայաստան-Սփիւռք խօսոյթի նորարութեան կարգով հետաքրքրական էր Մուրատ Փափազեանի պատկերաւորումը Սփիւռքի մասին որպէս այն «ծով»ային ելքը որ աշխարհագրականօրէն մեկուսացած Հայաստանը ունի բացուելու համար աշխարհին:
Ի տարբերութիւն այս բոլոր պատկերաւորումներուն որ ընդհանրապէս բանաձևուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման փորձով, «փափուկ ուժ» յղացքը իւրայատուկ է միջազգային յարաբերութիւններու տեսութեան: Բանաձևուած է Պաղ Պատերազմի աւարտին հակաճառելու համար ԱՄՆ-ի որպէս գերհզօր ուժ «անկումի» մասին օրուայ տարբեր վերլուծական դիտարկումներուն: Հիմնական գաղափարը վեր առած է ռազմական և տնտեսական «կարծր ուժ»էն աւելի ազդեցիկ ամերիկեան մշակոյթի, ֆիլմերու, բարձրագոյն ուսման և նման քաշողականութիւն ունեցող գործօնները որոնք կը կազմեն, ինչպէս յղացքի հեղինակ Ճոզըֆ Նայ (Joseph Nye), բանաձևած է, ԱՄՆ-ի «փափուկ ուժ»ը: Յաջորդ տասնամեակներուն յղացքը շատ աւելի ուսումնասիրուած և փաստագրականօրէն յղկուած է ակադեմական շրջանակներու մէջ, և լայն տարածում/գործածութեան արժանացած է քաղաքական և դիւանագիտական դաշտին մէջ:
Սփիւռքին ընկալումը որպէս «փափուկ ուժ» առանձին քննարկման արժանի թեմայ է: Վերջին հաշուով, յղացքը առաջադրուած է պետական/դիւանագիտական գործածութեան համար, և կը վերաբերի ոչ թէ մարդկային գործօնի, այլ՝ հասարակական, մշակութային, գիտական թէ տնտեսական մարզերու որոնք կ’ընկալուին կամ կը ծրագրուին ազգային շահի հետապնդման ռազմավարութեան մը ընդմէջէն: Մարդկային հաւաքականութիւններու գործօնը որպէս «փափուկ ուժ» կրնայ մինչև իսկ խնդրայարոյց ըլլալ եթէ այդ հաւաքականութիւնը, որպէս իր ազատ որոշումը կայացնելու ատակ ենթակայ, մերժէ վերածուիլ գործօնի, կամ իր ինքնութիւնը մերժէ իմաստաւորել որպէս այդպիսին: Միջազգային յարաբերութիւններու և ի մասնաւորի՝ ԱՄՆ-ի «ներարտաքին» (intermestic -international/domestic) քաղաքական գործընթացին մէջ սփիւռքներու գործօնը ուսումնասիրած վերլուծողներն իսկ չեն բնութագրած այն որպէս «փափուկ ուժ»:
Բայց դիւանագէտը, այս պարագային հայ դիւանագէտը, Սփիւռքը որպէս «փափուկ ուժ» ընկալած է իր ամենօրեայ գործին ընդմէջէն, թէկուզ և առանց շատ մտահոգուելու անոր տեսական բնութագրութեամբ: Դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մը բացումէն մինչև անոր պահպանումը, երկրի իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններէն մինչև Հայաստանէն պաշտօնական անձնաւորութիւններու թէ պատուիրակութիւններու այցելութեանց կազմակերպումը, հայ դիւանագէտը հասկցած է տեղւոյն հայ համայնքի կարևորութիւնը -և, պէտք է նշել, սահմանափակումները: Այս ընդհանրացումը բացարձակ չէ անշուշտ: Վերջին հաշուով շատ բան կախում ունի նոյնինքն գործուղղուած դիւանագէտի փորձառութենէն, մասնագիտական մակարդակէն և տրամադրուածութենէն, ինչպէս նաև՝ համայնքի կազմակերպութիւններու հասունութեան մակարդակէն՝ պետութիւնն ու իշխանութիւնը իրարմէ զանազանելու, երկրի քաղաքական ոլորտին մէջ մասնակցութենէն, իրարու հետ համագործակցելու պատրաստակամութենէն և, բնականաբար, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչին թէ ներկայացուցչութեան հետ իրենց ամրագրած յարաբերութենէն: Այսինքն՝ սփիւռքեան որևէ համայնքի «փափուկ ուժ»ը հայկական դիւանագիտութեան համար գործօնի վերածուած է միայն պարագաներու բերումով, և ոչ թէ որպէս մտածուած, տեսաբանուած և որպէս ընդհանուր հայեցակարգ բանաձևուած վարքագիծ:
Այս բացթողումին պատասխանատւութիւնը հայկական դիւանագիտութեան ուսերուն պէտք չէ բարդել: Հայաստանի քաղաքական վերնախաւն է որ ընդհանրապէս վերապահ գտնուած է Սփիւռքի գործնական, այսինքն՝ ձայնով և քուէով, ներգրաւման և պետական համակարգէն ներս սփիւռքեան համայնքներու մասնակցութիւն և/կամ համահայկական ներկայացուցչութիւն ստեղծելու: Նման հեռանկար չէ շահագրգռած զինք, թերևս նոյնիսկ ինչ որ տեղ մը անհասկնալի կասկած առաջացուցած է, կամ պարզապէս անկարող եղած է նման մարտահրաւէր դիմագրաւելու: Իրողութիւն է նաև որ սփիւռքեան կազմակերպութեանց ղեկավարներն ալ ընդհանրապէս չեն ուզած, չեն կրցած, ճիգ չեն ըրած կամ պարզապէս չեն հետաքրքրուած իրենց «աւանդական» մտածելակերպէն դուրս գալու և յարմարած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու այն պայմանաւորումներուն որոնք ձևաւորուած են Երևանի մէջ օրուայ իշխանութիւններու թէ Սփիւռքի հետ առընչուելու շահագրգիռ քաղաքական դերակատարներու հաշուարկներով:
Սփիւռքը ընկալել որպէս հայկական դիւանագիտութեան պիտանի «փափուկ ուժ»ային գործօն կրնայ նոր մօտեցում մը ըլլալ որ առիթ տայ անցեալի այս բացթողումը քննադատական վերատեսութեան ենթարկելու, և Հայաստանի թէ հայութեան միջազգային ներկայութեան տալու ռազմավարական ուղղուածութիւն: Բայց անհրաժեշտ է երկկողմանի յանձնառութիւն՝ ե՛ւ հայկական դիւանագիտութեան, ե՛ւ Սփիւռքի կողմէ, և, շատ հաւանաբար, տարբեր համայնքներու յատուկ կացութիւններու պայմաններէն մեկնած փորձերու, որոնք հետագային կրնան և ինչ որ տեղ մը բաղդատականօրէն վերլուծուիլ՝ ընդհանուր հայեցակարգի, այսինքն՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու պետական քաղաքականութեան:
Ամէն պարագայի, պէտք է նախաձեռնել նման փորձերու քանի դեռ ուշ չէ: Սփիւռքի մէջ սերընդափոխութիւնը կրնայ և յանգիլ հաւաքական ինքնութեան ընկալումներու ուր հայկական դիւանագիտութեան «փափուկ ուժ»ի գործօնի վերածուիլը այնքան ալ քաշողական չըլլայ այլևս: Ներկայիս այդ չէ պարագան: Հակառակ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն ի վեր, և մասամբ Հայաստանի ներքաղաքական լարուածութեան պատճառով, իր զօրաշարժի կարողութիւնը կարևոր չափերով կորսնցուցած ըլլալուն, Սփիւռքը տակաւին յանձնառու է հայրենիքի և ազգային պետութեան: Եւ թերևս եթէ յայնաբերէ իր «փափուկ ուժ»ի գործօնը կարենայ նաև նախաձեռնել իր կառոյցներու ուշացած արդիականացման ու համահայկական զօրաշարժի վերանորորգման: