Հայեցի դաստիարակութեան յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայենք. Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեան

Հոկտեմբեր 29-ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, Սեփական վարժարաններու ընդհանուր տնօրէնուհիներու եւ տնօրէններու ընկերակցութիւնը (ADIGESEP), իր Julie-Pothier et Excellence մրցանակը, որ 2019-ին հաստատած է, հաւասարապէս շնորհեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեանին եւ Externat Mont-Jesus-Marie վարժարանի տնօրէնուհի Stéphanie Godin-ին։ Մրցանակը կը տրուի երիտասարդ ղեկավարներուն, որոնք գիտեն իրենց հաստատութեան անձնակազմը զօրաշարժի ենթարկել, ունին տեսլականը վարժարանի մարտահրաւէրները վերցնելու եւ կորովն ու կարգապահութիւնը՝ անոր տարբեր բաղադրիչները լաւապէս կառավարելու։ Լոռիի պարագային, որ չորրորդ տարին է, որ կը վարէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, կը շեշտուի իր գործակցական ղեկավարութիւնը, ուժականութիւնը, դժուարութիւններու յաղթահարումը եւ նախաձեռնութեան ոգին, որոնց շնորհիւ ան կրցաւ մեծ բարեփոխութիւններ բերել իր վարժարանին։
Այս մասին եւ վարժարանէն ներս հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներուն մասին տնօրէնուհի Լոռի Ապրաքեանի հետ զրուցեց «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.