Հայերէնի զարգացման ընթացքս Պարտականութենէն դէպի փափաք. Թարա Ուրֆալեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի  վարժողական ծրագրի մասնակից

Հայերէնի զարգացման ընթացքս Պարտականութենէն դէպի փափաք

Թարա Ուրֆալեան
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի

«Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագրի մասնակից

Պէտք է հայերէն խօսինք, պէտք է սիրենք մշակոյթը, պէտք է պաշտպանենք ազգը… պէտք է, պէտք է, պէտք է։

Բայց ինչո՞ւ պէտք է։

Գրեթէ բոլոր սփիւռքահայերուս համար, այսպիսի հայրենասիրական խօսքերը եղած են երկրորդ բնութագրումը՝ հիւսուած մեր մտքերուն ու սրտերուն ամէնէն խոր ծալքերունմէջ։

Դաստիարակութեանս ընթացքին, սորված եմ միշտ փայփայել ու կուռքի վերածել այս պատգամները։ Մեր հայրենիքը դրած եմ ամենաբարձր պատուանդանին վրայ սրբազան խնամքի արժանացուցած։ Սակայն տակաւին կը տանջուիմ լեզուի գործածութեան ընթացքին։ Ինչո՞ւ միշտ կը հրաժարիմ համարձակելէ, յանդգնելէ, ծանօթ սահմաններէս դուրս ազատ արձակուելէ։

Ի վերջոյ, վարժութեան հարց է. աւելի ճիշդ՝ վարժութեան պակասի հարց մը։ Մանկութենէս ի վեր յաճախած եմ հայկական ազգային դպրոց մինչեւ երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալս։ Այդ տարիներուն ընթացքին սորված եմ մայրենի լեզուս, զայն օգտագործելով խօսելու, կարդալու եւ գրելու։ Բայց միեւնոյն ատեն առօրեաս զիս մղած է հայերէն լեզուն կղզիացնելու։ Որպէս երկլեզու սփիւռքահայ, լեզուի այս բնականոն վիճակի վերածուած դասակարգումը զանազան ձեւերով ընդմիջած է ոչ միայն մայրենի լեզուիս զարգացումը, բայց նաեւ կրնայ ունենալ աւելիծանրհետեւանքներ, հայ մշակոյթը կրող ժողովուրդի ապագային համար։

Այս գիտակցութեան հասնելու համար ապրած եմ բազմաթիւ տաղտկալի ու երբեմն ալ անհաճոյ փորձառութիւններ, որոնք հաւանաբար զիս իսկապէս չէին ցնցած, մինչեւ որ հասայ համալսարան՝ հետապնդելու բարձրագոյն ուսում. եւ ճիշդ այդ ըրի։

Բարձրագոյն ուսում. ոչ թէ վկայականով կամ աստիճանագրով, այլ հոգեկան եւ մտաւորական հարստութիւն ամբարելով։

Երկրորդ տարուան ձմեռնային եռամսեակին, որոշեցի արձանագրուիլ համալսարանի մակարդակով հայ լեզուի առաջին դասընթացքի, որունմիացայ լեզուիս մակարդակէն ինքնավստահ, որովհետեւ գիտէի, թէ պէտք էր հայկական դպրոց աւարտելէնետք, պէտք էրշարունակէի հայերէն խօսիլ, կարդալ ու գրել. պէտք էր քերականութիւնս չմոռնայի. պէտք էր ուրիշ համախոհ հայերով շրջապատուէի. պէտք էր, պէտք էր, պէտք էր…

Սկսայ խորհիլ… այս «պէտք»ին նպատակը ի՞նչ էր։ Տարիներով, կուրօրէն հետեւած եմ այսպիսի պատգամներու, առանց նկատելու անոնց վերջնական դիտումը։ Իսկապէս ի՞նչ պիտի կատարուէր հայերէն խօսելով, արդեօք ինչո՞ւ այսքան կարեւորութիւն տուած ենք։ Հարցումներուս պատասխանները յստակօրէն սկսան յայտնուիլ։

Առաջին դասապահուն, կարդացինք հատուած մը Գրիգոր Պլըտեանէն՝ «Մտմտուք»ը։ Հազիւ իմաստը ըմբռնած՝ ապշեցայ։ Երբեք այսպիսի առաջադէմ գաղափարներ հայերէնով ներկայացուած չէի տեսած, հակառակ որ հայկական դպրոց յաճախած եմ կեանքիս ամբողջ տեւողութեան։ Անդրադարձայ, թէ ինչպէս անգիտակցաբար հայերէն լեզուն հեռացուցած եմ բարձրագոյն եւ աւելի հարուստ մտածողութենէ։ Սահմանափակած եմ զայն չափաւոր կանոններու մէջ, որոնք զիս դրդած են հայերէնը յուշարձանացնելու։ Միշտ հակած եմ հայկական թեմաներու, բներգներու մասին մտածելու մայր լեզուով, բայց այս հակումին հետեւանքով հետզհետէ լեզուն սրբացուցած եմ։ Այսպիսի դասակարգումի արդիւնքը եղած է այն, որ հայերէնը սկսած եմ օգտագործել միայն անցեալին վերաբերող նիւթերու համար, իսկ անգլերէնը՝ ինքզինքս արտայայտելու, ստեղծագործելու եւ ներկային առնչութիւն ունեցող նիւթեր կշռադատելու համար։

Այս դասընթացքին ընթացքին այլազան նոր գաղափարներ եւ տեսակէտներ յայտնուեցան, որոնք զիս քաջալերեցին սկսելու կրթութեան եւ վարժութեան վերափոխում մը՝ հայ լեզուի վերասովորում մը։ Կարեւորը որոշումը առնելն է այսպիսի բարեշրջման համար. առանց այդ որոշումին, անիկա կը վերածուի զզուելի պարտականութեան ու պարտքի։ Ուզելով եւ սիրելով ձեռնարկեցի այս աշխատանքին, ու հետեւանքները կը վկայեն որոշումիս կենսական կարեւորութեան մասին։ Այս գիտակցումին հասնելով, յարաբերութիւնս հայերէն լեզուին հետ նոր ձեւ մը ստացաւ. այնպիսի ձեւ մը, որ մտածելակերպս ամբողջովին փոխակերպեց։

Նախ, պէտք էր յաղթահարէի գրելու երկիւղս։ Յաճախ եղան պահեր, երբ դէմ յանդիման կը գտուէի անծանօթ, վերացական եւ ընդարձակ նիւթերու, որոնց հետ չէի գիտեր նոյնիսկ ինչպիսի մօտեցումով աշխատիլ, նոյնիսկ՝ ինչպէ՞ս սկսիլ։ Ժամերով կը խորհէի, ու աչքերս կը սառէին համակարգիչիս վրայ. մէկ տող կը գրէի, կը չնչէի, նորէն կը սկսէի. կը շուարէի, կը յուսահատէի եւ կը կասկածէի կարողութիւններուս հարցով։ Միտքս կը շեղէրանդադար։ Այնպիսի սաստիկ ճնշումով մը կը բռնանայի անձիս ամէն անգամ, փորձելով կատարեալ եւ բացառիկ բան մը արտադրել։ Բայց այդ ակնկալութիւնը իրականութեան մէջ անհասանելի էր, անկարելի էր նուաճել։ Իսկ երբ սորվեցայ ձերբազատիլ այդ կատարելութեան ճնշումէն, սկսայ վերջապէս համարձակիլ։ Սկսայ սխալելու վախէն հեռանալ. սկսայ գնահատումը ընդունիլ։ Ու քայլ առ քայլ, սահմանները տապալեցան, եւ ազգակեդրոն գաղափարներէ դուրս ընդլայնեցաւ երեւակայութիւնս. նոյնիսկ բարելաւուեցաւ նոր կարծիքներ յայտնելու կամ ստեղծագործելու կարողութիւնս։

Հետագային փափաքեցայ հայերէն գիրք մը կարդալ, որովհետեւ միայն կարդալով պիտի հարստանար բառապաշարս ու զարգանար մտածելու ճարտարութիւնս։ Մեր դասախօսին յանձնարարութեամբ կարդացի Գրիգոր Պլըտեանի «Անունը Լեզուիս Տակ» հատորը։ Երկրորդ անգամ ըլլալով դիմագրաւեցի նոյն հարցերը։ Նախ կարդացի առաջին տասը էջերը, յետոյ քսանը, իսկ յետոյ՝ յիսունը, առանց որեւէ բան հասկնալու։ Այդ պահուն, յուսահատութիւնըինծի յաղթեց։ Պիտի յանձնուէի։ Սակայն, մեր դասընթացքէն կարեւոր պատգամ մը միշտ ուղեղիս մէջ մնաց, այն էր՝ սորվիլ չհասկնալ։ Երբ տեսնես անծանօթ բառ՝ շարունակէ կարդալ, մանաւանդ առանց բառարանի օգտագործումին, եւ ի վերջոյ ընդհանուր գաղափարները պիտի յստականան։ Կամաց-կամաց սորվեցայ վարժուիլ չհասկնալուն, մինչեւ որ լրիւ ընկղմեցայ ընթերցումիս մէջ։ Եւ այսպիսով, կարդալու սէրս դարձեալ աճեցաւ, եւ գրականութեան արժէքը զիս տպաւորեց։

Հասուննալով եւ համալսարան յաճախելով, կարգ մը բաներու գիտակցումը զիս մղած է նոր դիտանկիւնէ տեսնելու եւ եզրակացութիւններ կազմելու կրթութեան եւ հայ վարժարաններու տարած աշխատանքներուն առնչութեամբ։  Հայկական դաստիարակութեան հաստատութիւնները հսկայական եւ բացառիկ կերպով օգտակար աշխատանք կը կատարեն, որուն արդիւնքներէն մէկն ալ ես եմ, սակայն եթէ ուզենք ա՛լաւելի արդիւնաւէտ դարձնել զանոնք, կրնանք նշել, թէ անոնց տեսլականը երթալով պղտորած է։ Այլեւս չկայ յստակ նպատակ իրենց ուսանողներուն համար։ Անոնք ընդհակառակը՝ կեդրոնացած են առաքելութեան վրայ, որ կը քարոզէ այս «պէտք է»ներու շարքը, որպէս պարտաւորութիւն, փոխանակ ներշնչելու փափաքը։ Անշուշտ կարեւոր է հպարտանալ ազգով եւ մշակոյթով, անշուշտ կարեւոր է բարձրացնել ոգին, բայց արդեօք բաւարա՞ր է։ Անկեղծօրէն միայն յստակ տեսլականով է, որ կրնանք քաղել որոշակի արդիւնքներ, որոնք իրապէս կը մշակեն փայլուն եւ յաջող ապագայ մը մեր մշակոյթին։ Որպէս սփիւռքահայութիւն, կարեւոր է արտադրել՝ ստեղծագործներ, գրողներ, բանաստեղծներ, արարիչներ, որոնք  շարունակեն լեզուն հարստացնել իրենց ճիգերով։

Իմ ընթացքս հայ լեզուին մէջ նոր ճանապարհի մը վրայ սկսած է յառաջանալ։ Այս ժամանակակից տեսակէտով, ընթացիկ հաճոյքով, եւ զարգանալու ցանկութեամբ, անհամբեր կը սպասեմ գիտնալու, թէ մէկ տարիէն, հինգ տարիէն, տասը տարիէն ի՞նչ մակարդակի հասցուցած կրնամ ըլլալ մայրենի լեզուս:

*
Թարա Ուրֆալեան ծնած ու մեծցած է Լոս Անճելես. արմատներով մուսալեռցի է։ Եղած է Ֆերահեան ազգային վարժարանի շրջանաւարտ ու այժմ կը յաճախէ UCLA համալսարանը, որպէս Բնապահպանական Գիտութեան ուսանող։ Ապագային կը փափաքի հետեւիլ քաղաքացիական իրաւունքներու (civil rights) եւ բնապահպանական քաղաքականութեան (environmental policy) իրաւաբանութեան։
Թարան իր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայութիւնը բարձրագոյն պատիւ կը համարէ հայ երիտասարդութեան համար։ Կը ձգտի ծառայել Հայ Դատինեւ ստեղծագործելովնպաստել հայ մշակոյթի զարգացման։ Կամաւորաբար կ“աշխատակցի հայկական զանազան կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Հայ Ուսանողական Միութեան, Hidden Road Initiative-ի (HRI), Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Հայաստան համահայկական հիմնադրամին, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) եւ մասնակից է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագրին։

Comments are closed.