Հայաստան Պէտք Է Ձերբազատի Հայկական Սփիւռքի Վատ Ազդեցութենէն. Էրտողան

Հայաստանը պէտք է գիտակցի, որ «իր ապագան կապուած է շրջանի երկիրներուն հետ», եւ նախ եւ առաջ պէտք է ձերբազատի երրորդ երկիրներու եւ արտերկրի հայկական սփիւռքի «վատ ազդեցութենէն», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Իզմիրի մէջ` ԷՖԵՍ-2024 բազմազգ ռազմափորձերու շրջանակներուն մէջ «Բարձրաստիճան դիտորդի օր» կոչուող նախաձեռնութեան ժամանակ:

Թուրքիոյ ղեկավարը ընդգծած է, որ «Ղարաբաղի ազատագրումէն» ետք շրջանին մէջ ձեւաւորուած է «կայուն խաղաղութիւն հաստատելու իսկապէս պատմական կարելիութիւն»:

«Այս կարելիութեան առիթը պէտք չէ կորսնցնել: Հայաստանը պէտք է ձերբազատի արտերկրի մէջ երրորդ երկիրներու եւ իր սփիւռքի վնասակար ազդեցութենէն, այդ ալ աւելի պիտի մօտեցնէ խաղաղութեան {Ազրպէյճանի հետ}: Բացի ատկէ, հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ իր ապագան կապուած է շրջանի երկիրներուն հետ, դրացիներուն հետ, որոնց հետ գոյատեւած է դարեր շարունակ եւ պիտի շարունակէ գոյակցիլ ապագային: Հայաստանը նաեւ պէտք է քաջութիւն ունենայ` ընելու ամէն ինչ այդ նպատակներուն հասնելու համար», նշած է Էրտողան:

Comments are closed.