«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն 300.000 Տոլար` Ի Նպաստ Լիբանանահայ Վարժարաններուն
Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2020-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Լիբանանի ազգային առաջնորդարան եւ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն յանձնեց լիբանանահայութեան յօգուտ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ հանգանակուած շուրջ 300.000 տոլարի (երեք հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) գումարը, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի լիբանանահայ վարժարաններուն` 2020-2021 տարեշրջանի ուսուցչաց առաջին եռամսեակի թոշակներուն:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ հաստատուեցաւ, որ, հակառակ մերօրեայ բարդ կացութիւններուն, իր ունեցած եզակի ու անփոխարինելի դերին համար բոլորիս գուրգուրանքին առարկան կը մնայ հայ դպրոցը, որ, ահաւասի՛կ, համայնքային մեր պայմաններէն անդին, այսօր նաեւ գործնականօրէն կ՛արժանանայ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւններուն ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին բարձր զօրակցութեան ու պաշտպանութեան: