Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Է 2 Երկիրներու Գերատեսչութիւններու Հանդիպումը
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախորդ ամիս, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու քանի մը գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը, սակայն, այդ օրերուն հանդիպումին մասին պաշտօնական ոչ մէկ տեղեկութիւն հաղորդուեցաւ։ Յայտնի չէ, թէ երկու երկիրներէն ո՛ր պաշտօնատարները կամ մասնագէտները մասնակցեցան վերոնշեալ հանդիպումին:
Ռուբինեան, առանց մանրամասնութիւններ փոխանցելու՝ ըսաւ հետեւեալը. «Գնահատուել են տեխնիկական (արհեստագիտական) կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ/Աքեաքա երկաթուղու սահմանային անցակէտը: Հանդիպումն անցել է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտում»:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներակայցուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ ամրան տեղի ունեցած իրենց վերջին հանդիպումին ընթացքին պայմանաւորուեցան միասնաբար գնահատել Գիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանը անցնելու արհեստագիտական կարիքները:
Կողմերը այս մէկը կը նկատեն վստահութեան ամրապնդման վերաբերող քայլ մը: Բայց նոյն նպատակով, առաւել քան երկու տարիներ առաջ ձեռք բերուած այլ պայմանաւորուածութիւն մը` ամէնէն սեղմ ժամկէտի մը ընթացքին բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու համար, տակաւին թուղթի վրայ է: Հակառակ ասոր՝ Հոկտեմբերին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դրական ակնկալութիւններու մասին խօսեցաւ:
Ռուբինեան բազմաթիւ անգամներ ըսած է, որ յաջողութիւնը կախեալ է Անգարայի քաղաքական կամքէն: Հայաստան կ՛ակնկալէ ոչ միայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործում, այլ նաեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում` առանց նախապայմաններու:
Ասոր զուգահեռ, Թուրքիա բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցումը ուղղակի կապ ունի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ:
Comments are closed.