Հայաստան Եւ Յունաստան Ռազմական Արհեստագիտութեան Վերաբերող Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքեցին
Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան կը գտնուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Այս ծիրին մէջ, Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիասի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Անոնք ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:
«Երկուստեք արձանագրուել է համագործակցութեան զարգացման մեծ ներուժը, եւ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել այն զարգացնել նոր թափով՝ ներառելով ռազմատեխնիկական, փորձի փոխանակման, կրթական, ուսումնավարժական, մարտավարական պատրաստութեան եւ այլ ուղղութիւններ», կ՛ըսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Comments are closed.